Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը Գործարկած է Իր Նոր Կայքէջը
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը գործարկած է իր նոր կայքէջը՝ spyurkconference.org, որ մէկտեղուած ձեւով կը ներկայացնէ խորհրդաժողովի աշխատանքները, քննարկումները, ելոյթները, յայտարարութիւնները եւ յաջորդող նախաձեռնութիւնները։
Խորհրդաժողովը տեղի ունեցած էր Փարիզի մէջ, 11-12 ապրիլ 2026-ին՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 մտաւորականներու, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ։ Յուլիսին նաեւ տեղի ունեցած էր առցանց ժողով՝ շարունակելու համար Սփիւռքի ապագային, կազմակերպման եւ համահայկական ներուժի օգտագործման վերաբերող քննարկումները։
Նոր կայքէջին մէջ տեղ գտած են խորհրդաժողովի օրակարգը, ելոյթները, կլոր սեղաններու քննարկումներուն համառօտագիրերը, յայտարարութիւնները, մամուլի արձագանգները եւ յաջորդող աշխատանքներուն վերաբերող նիւթեր։ Կազմակերպիչները յատուկ կարեւորութիւն կու տան կլոր սեղաններու համառօտագիրերուն, որոնք նպատակ ունին տարբեր շրջանակներու եւ մասնագէտներու տեսակէտներն ու առաջարկները համախմբելու եւ զանոնք հետագայ աշխատանքի համար համակարգուած քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւններու վերածելու։
Խորհրդաժողովին ընթացքին գումարուած չորս կլոր սեղանները քննեցին հետեւեալ նիւթերը (բոլորին համառօտագիրերը՝ այստեղ).
- Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման մէջ. Ո՞րն է Սփիւռքի քաղաքական օրակարգը
- Ազգային արժէքներու եւ Հայ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը՝ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման համար․ Նոր իրավիճակի մարտահրաւէրներ
- Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ
- Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու
Խորհրդաժողովի համադրող կազմը կը շեշտէ, որ Սփիւռքի ապագայի ձեւաւորումը կը պահանջէ կազմակերպուած երկխօսութիւն, ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ համախոհութիւն եւ այդ համախոհութիւնը գործնական աշխատանքի վերածելու կարողութիւն։ Նոր կայքէջը կը նախատեսուի զարգացնել իբրեւ այդ ուղղութեամբ հրապարակումներու, քննարկումներու եւ համագործակցութեան հարթակ։
