Մարի Քէշիշեան 500,000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստանի Մէջ Մանկապարտէզ Մը Կառուցելու Նպատակով
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայ բարերար Մարի Քէշիշեան 500,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեամբ մը պիտի սատարէ Հայաստանի մէջ նոր մանկապարտէզի մը կառուցման։
Աւելի քան 75 մանուկներու համար նախատեսուած այս մանկապարտէզը առիթ պիտի ընծայէ աշակերտներուն, որ ապահով, հոգատար եւ ոգեւորող միջավայրի մէջ սկսին իրենց կրթական ուղին։
Մարի Քէշիշեանի այս նուիրատուութիւնը կ՛արտացոլացնէ կրթութեան հանդէպ անոր խոր հաւատքը։
«Կրթութիւնը կը սկսի դասարան մտնելէ շատ առաջ։ Կ՛ուզեմ օգնել մանուկներու եւ ընտանիքներու համար յաւելեալ առիթներ ստեղծելու ջանքերուն եւ կը հաւատամ, որ այս նուէրը օրինակ պիտի ծառայէ՝ քաջալերելով ուրիշները, որ միանան բարեփոխում իրականացնելու գործին։ Ամէն ներդրում՝ ըլլայ մեծ թէ փոքր, կեանքեր փոխելու ուժ ունի։» կ՛ըսէ Քէշիշեան։
Այս առիթով, «Հայաստան» հիմնադրամը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Քէշիշեանին։
