«Հայ Երգի ու Պարի 2-րդ Փառատօն»-ը՝ Գոմոթինիի Մէջ (լուսանկարներ)
«Ազատ Օր»
Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի, կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային միութեան, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Հայ երգի ու պարի 2-րդ փառատօն»-ը, Գոմոթինիի ամառնային բացօթեայ թատրոնին մէջ։
Փառատօնին ներկայ եղան Գոմոթինիի Մետրոպոլիտը, քաղաքական եւ քաղաքապետական կարգերու ներկայացուցիչներ, Թրակիոյ հայկական համայնքներէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ։
Աթէնքի մէջ կայացած մեծ փառատօնէն ետք, մասնակցող խումբերը այս անգամ իրենց բարձրօրակ յայտագիրը ներկայացուցին Թրակիոյ հայութեան, խանդավառելով մեր հայրենակցները եւ ստեղծելով հայկական ջերմ մթնոլորտ։
Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն «Փրոֆ Արթ» պարախումբը ղեկավարութեամբ Տիգրան Մնոյեանի, Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի եւ Գոմոթինիի «Ուրարտու» պարախումբը ուսուցութեամբ Ռուզաննա Զօհրապեանի։
Առաւել, հայկական երգերու փունջով մը հանդէս եկաւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Փառատօնը ոտքի հանեց բոլոր հանդիսատեսները, որոնք հարուստ յայտագիրին ընդմէջէն վայելեցին հայ երգի ու պարի աննախընթաց ներկայացում մը։ Պարախումբերու արհեստավարժ շարժումները եւ երգչախումբի բարձր կատարողութիւնը ջերմօրէն գնահատուեցան ներկայ բազմութեան կողմէ։ Բեմին վրայ յաջորդող տեսարանները, լուսաւորումի ու երաժշտութեան ճոխութիւնը տպաւորիչ նկարներ ստեղծեցին եւ խանդավառ զգացումներ պատճառեցին հանդիսատեսներուն։
Հայ երգի ու պարի 2-րդ փառատօնը դարձաւ այն կամուրջը, որ միաւորեց Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայորդիները՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով անոնց վայելելու հայկական պարարուեստի եւ երաժշտական մշակոյթի գեղեցկութիւնը։
Հայկական մշակութային ինքնութեան զարթօնք մըն էր, որ վառ պահեց հայկազեան ոգին իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտին մէջ։
Տպաւորիչ վերջաբանէն ետք, Սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, բարձր գնահատեց պարային համոյթները, երգչախումբը եւ փառատօնի կազմակերպիչները, ընդգծելով մշակոյթի կարեւորութիւնը`անցեալը կենդանի պահելու, ներկան արժեւորելու եւ ապագան սերունդներուն ժառանգելու նպատակով։
ԹՂԹԱԿԻՑ







