Համազգայինի Հայկական Պարերու Տպաւորիչ Փառատօն Աթէնքի Մէջ

Սփիւռք

Եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­յին հա­մոյթ­նե­րը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի խոր տպա­ւո­րու­թիւն եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն կը ստեղ­ծեն յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւող հայ մշա­կոյ­թի ա­ւան­դը, վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն իր հա­յադ­րոշմ ա­ւա­զա­նին մէջ մկրտած է հա­րիւ­րա­ւոր պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց սէրն ու հա­ւատ­քը հայ պա­րա­յին ա­րո­ւես­տին հան­դէպ հա­յա­պահ­պան­ման օ­րի­նա­կե­լի ծա­ռա­յու­թիւն մըն է՝ ըստ ա­մե­նայ­նի։

Այս տա­րո­ւան պա­րա­յին հա­մոյ­թը ան­նա­խըն­թաց փա­ռա­տօն մըն էր, հո­գիի ու զգա­ցում­նե­րու փո­թո­րիկ մը, որ թնդա­ցուց բազ­մու­թիւն­նե­րը, ցոյց տա­լով հայ­րե­նի սուրբ հո­ղէն սկսեալ մին­չեւ սփիւռ­քեան մեծ ու փոքր ոս­տան­նե­րը, թէ հայ ե­րի­տա­սար­դի ո­գե­ղէն կազ­մո­ւած­քը կ­՚ապ­րի ու կը շնչէ հայ­րե­նի օ­դին ու ա­րե­ւին կեն­սա­տու ու­ժով։
­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան զար­թօնք մըն էր, որ վառ պա­հեց նա­յի­րեան ո­գին ու մեր հայ­րե­նի­քի ա­րե­ւա­համ քաղցր բուր­մուն­քով լիա­ցուց իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի սիր­տը։

Այս զգա­ցում­նե­րով ու ա­ւե­լի, բազ­մա­հա­րիւր հայ­րե­նա­կից­ներ վա­յե­լե­ցին հայ­կա­կան պա­րի ու ե­րաժշ­տու­թեան, գոյ­նի եւ լոյ­սի յա­ջոր­դա­կան ա­լիք­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կե­ցին ու ոտ­քի հա­նե­ցին իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի, մե­ծով ու փոք­րով։

­Շա­բաթ, 27 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­դար­ձակ շրջա­բա­կը այ­լեւս փոքր կ­՚ե­րե­ւէր ի տես մօտ 700 հայ­րե­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, 200 երկ­սեռ պա­տա­նի ու ե­րի­տա­սարդ պա­րող­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­րիւ­րի հաս­նող կա­մա­ւոր աշ­խա­տող­նե­րուն, ո­րոնք քա­նի մը ժա­մո­ւան հա­մար վայ­րը վե­րա­ծե­ցին ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հին, իր պա­րով ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գիով, սրտա­յոյզ ե­րաժշ­տու­թեամբ ու հո­գեցն­ցիչ մե­ղե­դիով։

Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լին, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու ան­դամ­նե­րը, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ յոյն պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան եւ միու­թեան պա­րի միա­ւո­րի վար­չու­թեան ան­թուլ ջան­քե­րով, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ժո­ղո­վուր­դին հրամ­ցուե­ցաւ ան­նա­խըն­թաց փա­ռա­տօն մը, ո­րուն դե­րա­կա­տար­նե­րը ժա­մա­նած էին ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Պել­ճի­քա­յէն, ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յա­հոծ ­Գո­մո­թի­նիէն եւ Ա­թէն­քէն։

­Հա­յաս­տա­նի «Փ­րոֆ Արթ» պա­րա­յին խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Տիգ­րան Մ­նո­յեա­նի, ­Պել­ճի­քա­յէն «Ե­նոք» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Մե­րի ­Կա­րա­պե­տեա­նի, ­Գո­մո­թի­նիի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի, եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նօր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Էտ­կար Է­կեա­նի ու Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի, փա­ռա­ւո­րե­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րա­րո­ւես­տը։ Ա­նոնց կող­քին, հայ­կա­կան նուա­գա­րան­նե­րու խում­բը՝ ­Թա­թուլ ­Համ­բար­ձու­մեան՝ տու­տու­քով, ­Գէորգ ­Մե­լի­քեան՝ քա­ման­չա­յով, Ա­րամ ­Պետ­րո­սեան՝ տհո­լով եւ ­Մար­գա­րի­տա ­Գաս­պա­րեան՝ քա­նո­նով, ե­րաժշ­տու­թեան ու մե­ղե­դի­նե­րու տա­րափ մը ստեղ­ծե­ցին մեծ թի­ւով պա­րե­րու ներ­կա­յաց­ման կող­քին։

Տ­պա­ւո­րիչ լու­սա­ւո­րու­մին ներ­քոյ, բեմ բարձ­րա­ցան ­Մա­րի ­Տան­կու­րեան եւ ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան, ո­րոնք հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն խօս­քով բա­րի գալս­տեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցան, միա­ժա­մա­նակ ներ­կա­յա­ցու­ցին խում­բերն ու ա­նոնց մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, պա­րի միա­ւո­րի ա­նու­նով Ան­դօ ­Շահ­պա­զեան կա­տա­րեց պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րին։ Սր­տի եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ դրո­ւա­տեց ե­լոյ­թի նպա­տա­կը ու անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու ինք­նու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու ջան­քե­րուն։
Ե­րեք ժա­մո­ւան տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, 6 տար­բեր պա­րա­խում­բեր, 200 պա­րող­ներ, մատ­ղաշ տա­րի­քէն մին­չեւ հա­սուն ե­րի­տա­սար­դա­կան սե­րուն­դը ան­դա­դար պա­րե­ցին, ստեղ­ծե­լով հայ ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղեղ մը, որ ան­վերջ հո­սե­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րու հո­գիին մէջ։

Ն­կա­րագ­րա­կան այս սեղմ տո­ղե­րը բա­ւա­րար չեն ար­տա­յայ­տե­լու ար­հես­տա­վարժ շար­ժու­մը, հայ պա­րե­րու տպա­ւո­րիչ շա­րա­նը, ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու մե­ղե­դին, ո­րոնք ա­ռինք­նող ու խան­դա­վա­ռող պա­հեր նո­ւի­րե­ցին այդ բա­ցա­ռիկ գի­շե­րո­ւան մէջ։ ­Կա­րե­լի չէ ան­տես առ­նել, թէ հա­րիւ­րա­ւոր ներ­կա­նե­րուն հետ, տա­րա­ծու­թեան շուրջ գտնո­ւող բնա­կա­րան­նե­րու պատշգամ­նե­րէն յոյն բնա­կիչ­նե­րը եւս ի­րենց ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռած էին հայ մշա­կոյ­թի փա­ռա­տօ­նի ան­զու­գա­կան մթնո­լոր­տին վրայ։

­Շա­րու­նա­կա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ, խան­դա­վառ կան­չեր, բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ կը ճեղ­քէին եր­կին­քը, գնա­հա­տե­լով մեր հա­յոր­դի­նե­րու կա­խար­դա­կան մա­տու­ցու­մը, ա­նոնց շար­ժու­ձե­ւե­րը, հայ ո­գիի վե­րա­ցու­մը եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խրոխտ ե­րե­ւու­մը։

­Հա­կա­ռակ եր­կա­րա­տեւ յայ­տա­գի­րին, ժո­ղո­վուր­դի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը պահ մըն իսկ չնո­ւա­զե­ցաւ, իր հա­յեացքն ու ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած ըլ­լա­լով բե­մին վրայ ըն­թա­ցող գոյնզ­գոյն տե­սա­րան­նե­րուն վրայ։

Եզ­րա­փա­կիչ պա­րը, մարդ­կա­յին տպա­ւո­րիչ բեր­դի կանգ­նու­մով, 200 պա­րող­նե­րով, պա­րու­սոյց­նե­րով եւ վար­չա­կան ան­դամ­նե­րով, գա­գաթ­նա­կէ­տին հաս­ցուց ո­գե­ւո­րու­թիւնն ու բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

­Բե­մին վրայ բարձ­րա­ցաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, որ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ա­նու­նով պար­գե­ւատ­րեց հիւ­րա­բար ժա­մա­նած պա­րա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, ա­պա ներշն­չո­ւած խօս­քով մը վեր ա­ռաւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­նե­րեր ո­գին, որ այդ գի­շեր դարձ­աւ հա­յու ինք­նու­թեան ու հայ մշա­կոյ­թի պան­ծաց­ման հրաբ­խա­յին պայ­թում մը։

­Կէս գի­շե­րէն ետք, երբ այ­լեւս բազ­մա­հա­րիւր հայ­րե­նա­կից­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին հան­դի­սա­վայ­րէն, մաս­նակ­ցող բո­լոր պա­րող­նե­րը, վար­չա­կան­ներն ու կա­մա­ւոր խում­բե­րը շղթայ մը կազ­մե­ցին ու շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց խան­դա­վառ զո­ւար­ճան­քը, մինչ նո­ւա­գա­խում­բի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը լեց­նէր սիրտն ու հո­գին մեր հա­յոր­դի­նե­րուն։

Ըն­կե­րա­կան խան­դա­վառ խնճոյք «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ

Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ, մաս­նա­կից բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը միաս­նա­բար զո­ւար­ճա­ցան հայ պա­րի ու եր­գի հնչիւն­նե­րուն տակ։
Ան­վերջ շուրջ­պա­րե­րը, ­Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած հա­յոր­դի­նե­րու խան­դա­վառ շար­ժում­նե­րը, մէկ խում­բի վե­րա­ծե­ցին բո­լոր պա­րող­նե­րու հա­ւա­քը, ստեղ­ծե­լով հայ­կա­կան ջերմ մթնո­լորտ, հաս­տա­տե­լով նո­րա­նոր բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, ի­րար մօտ բե­րե­լով տար­բեր աշ­խարհ­նե­րու մէջ սնած հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց ո­գին կը մնայ զուտ հայ­կա­կան, ա­նա­ղարտ ու ջինջ, յի­շեց­նե­լով հայ­րե­նի կա­պու­տան եր­կին­քի ու ա­րե­ւա­համ հո­ղի զօ­րու­թիւ­նը, կամ­քը, հա­յու­թեան բա­բա­խող սիր­տը։ ­

Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։ Անցնող շաբաթավերջին­, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ հպար­տան­քի ան­զու­գա­կան պա­հեր, շնոր­հիւ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան աննկուն ե­ռան­դին ու ստեղ­ծա­գոր­ծող բա­ցա­ռիկ ու­ժին։