ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը UNESCO-ին Յղեց Հատրութի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Սրբապղծման Հարցով Նամակ Մը
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Օգոստոս 18-ին UNESCO-ի Մշակոյթ եւ շտապ հարցեր բաժինի տնօրէն Քրիսթա Փիքքաթին յղեց նամակ մը` անոր ուշադրութեան յանձնելով բռնագրաւուած Հատրութի 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծման պարագան:
Հայ դատի մարմինը հաղորդեց, թէ 1621-ին կառուցուած եկեղեցին սրբապղծուած է, անոր ներքին պատերուն վրայ կատարուած են գրառումներ, այդ պատերը նաեւ վնասուած են, իսկ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայէն խաչը վերցուած է:
«Ասիկա պատահական դէպք մը չէ, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու շարունակական, պետականօրէն ղեկավարուող արշաւի մը մէկ մասը»,- նշեց Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը:
Հայ Դատի մարմինը Փիքքաթի յիշեցուց Ստեփանակերտի մէջ Սուրբ Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարի հիմնայատակ քանդման վերաբերեալ 23 Ապրիլին անոր իր յղած նամակը` նշելով, որ օրին տաճարի կողքին վերացուած են նաեւ անոր շրջապատին մէջ գտնուող խաչքարեր, որոնք ներառուած են UNESCO-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին վրայ:
Նշենք, որ UNESCO-ի պաշտօնատարը օրին Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին պատասխան -նամակ մը յղելով խնդրած էր ի պահանջել հարկին UNESCO-ի իրաւասութեան ծիրին մէջ գտնուող յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել:
«Ցաւօք, ազրպէյճանը կը շարունակէ գործել` ամբողջովին անտեսելով Միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի ժամանակաւոր որոշումը, որ ազրպէյճանէն կը պահանջէր դադրեցնել հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը»,- եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը:
Հայ Դատի մարմինը նամակին կցեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծումը փաստագրող տեսագրութեան կապը:
