Արցախի «Սեւ Կարապը». Ինչո՞ւ Յուսախաբութիւնս Համաշխարհային Մտաւորականներէն Ուղղուեցաւ Հայաստանի Ղեկավարութեան․ Սիրանուշ Սարգսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վերջին շրջանին հայ հանրութիւնը ընկերային ցանցերու եւ լրատուական հարթակներուն մէջ բուռն արձագանգեց լիբանանեան ծագումով ամերիկացի մտածող, փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ Նեսիմ Նիքոլաս Թալեպի` «Էքս»-ի վրայ հրապարակած գրառումին: Այդ յայտարարութեան մէջ Թալեպ մերժած էր Ազրպէյճանի մէջ դասախօսութեամբ հանդէս գալու հրաւէրը` նշելով, որ ոտք պիտի չդնէ այդ երկիրը, այնքան ատեն որ Ռուբէն Վարդանեան հոն բանտարկուած կը մնայ:

«Սեւ կարապ», «Հակափխրունութիւն» եւ «Երբ խաղադրոյքը սեփական մաշկդ է» գիրքերու հեղինակ Թալեպ նշած էր, որ հրաւիրուած էր Պաքու, եւ կազմակերպիչները նոյնիսկ մեծապէս բարձրացուցած էին առաջարկուած պատուեգինը` ըստ երեւոյթին ենթադրելով, թէ աւելի մեծ գումարը կրնար ազդել իր որոշումին վրայ: Սակայն այդպէս չեղաւ:

Թալեպի յայտարարութիւնը ինծի յիշեցուց Արցախի բռնի տեղահանութենէն ամիսներ ետք նախկին գործընկերոջս հետ ունեցած զրոյց մը: Մենք կը վերյիշէինք Արցախի մէջ մեր ապրած ու միասին աշխատած ժամանակները, ինչպէս յաճախ կ՛ընեն գաղթականները` կրկին ու կրկին վերադառնալով նոյն յիշողութիւններուն: Այդ ժամանակ գործընկերս յիշատակեց «Սեւ կարապ» գիրքէն հատուած մը, ուր Թալեպ կը նկարագրէ լիբանանցի գաղթականներ, որոնք նոյնիսկ երկար տարիներ ետք այդպէս ալ լիովին իրենց տեղը չէին գտներ նոր միջավայրին մէջ: Անոնք կ՛ապրէին կախուածութեան, անորոշ սպասումի վիճակի մէջ` կարծես սպասման սրահներու մէջ, եւ իրենց կեանքը կը կառուցէին վերադարձի մնայուն յոյսին վրայ: Այդ կարօտն էր, որ կը ձեւաւորէր անոնց որոշումներն ու ժամանակի ընկալումը: Թալեպ կը գրէ, որ գաղթականի սկզբնական հակազդեցութիւնը յաճախ ժխտումն է` անորոշ իրականութիւնը ընդունելու մերժումը եւ մխիթարական, բայց ի վերջոյ կործանարար պատրանքներուն ապաւինելու հակում:

Այն ատեն ես ապաստան գտած էի Երեւան, ուր սփիւռքահայ ընտանիք մը հոգատարութեամբ ընդունած էր զիս իր տունը: Որոշ ժամանակ ետք անոնք նկատեցին, որ ես չէի բացած ճամպրուկս` միակ բանը, որ կրցած էի ինծի հետ բերել: Ենթադրելով, որ անյարմար կը զգամ, տեղ բացին իրերուս համար: Սակայն ես ամէն ձեւով կը յետաձգէի ճամպրուկէս իրերս հանելը: Այդ կիսաբաց ճամպրուկը տուն վերադառնալու իմ պատրանքս էր: Ինչպէս Թալեպի նկարագրած գաղթականները, ես ալ պատրաստ չէի որեւէ տեղ հաստատուելու, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէր վերջնականապէս ընդունիլ կորստեան գաղափարը: Նախկին գործընկերս ըսաւ, որ յաճախ կը վերադառնայ գիրքին այդ հատուածին, որպէսզի ինքզինք հեռու պահէ մխիթարական, բայց կործանարար պատրանքի այդ ծուղակին մէջ իյնալէ եւ այն մտածումէն, թէ տուն վերադարձը պարզապէս «ժամանակի հարց» է:

Այդ խօսակցութենէն ետք ես ալ վերստին կարդացի գիրքին այդ հատուածը եւ բախեցայ չլուծուած հարցի մը. իսկ ո՞րն է ժամանակը գաղթականին համար, որքա՞ն ժամանակ կը պահանջուի յարմարելու եւ համարկուելու համար, եւ արդեօք ատիկա երբեւէ լիովին հնարաւո՞ր է: Նոյնիսկ հիմա` Արցախի հայերու բռնի տեղահանութենէն գրեթէ երեք տարի անց, մեզմէ շատեր տակաւին կը մնան սպասողական վիճակին մէջ:

Պաքու չմեկնելու Թալեպի որոշումը զիս տարաւ նաեւ ուրիշ հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցած էր բռնի տեղահանութենէն անմիջապէս ետք: Ես նոր հասած էի Երեւան եւ տակաւին կը փորձէի գիտակցիլ տեղի ունեցած ողբերգութեան տարողութեան, երբ հանդիպեցայ փորձառու հրեայ լրագրողի մը: Ան հեռուէն հետեւած էր Արցախի շրջափակման, պատերազմին եւ անոր յաջորդած ցեղային զտման ընթացքին իմ գործունէութեանս: Մեր խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձանք ուրիշ գրող-հրապարակախօսի մը, որ վաղուց հիացմունք կը պատճառէր ինծի` Եուվալ Նոյ Հարարիին: Այդ օրերուն Հարարին Պաքու կը գտնուէր` արհեստական բանականութեան դարաշրջանին տիեզերքի մասին դասախօսելու համար, այն պահուն, երբ իմ հայրենիքիս մէջ մարդասիրական աղէտին հետքերը տակաւին թարմ էին:

Երբ լրագրողը ըսաւ, որ անձամբ կը ճանչնայ Հարարին, ես արցախցիի մը ուղղամտութեամբ ըսի, որ խորապէս յուսախաբ եմ իրմէ եւ այլեւս չեմ կրնար նոյն ձեւով մօտենալ անոր գրական ու հրապարակային գործերուն: Հարարին, որ շատ գրած է մարդկային տառապանքի, բռնութեան, ցեղասպանութիւններու եւ պատմական պատասխանատուութեան մասին, Արցախի հայերու ցեղային զտումէն անմիջապէս ետք ընտրեց Պաքուի մէջ դասախօսութիւն տալ: Համամարդկային արժէքները պաշտպանելով հանդերձ, ան այդ վճռական պահուն ընտրեց օրինականացնել ազրպէյճանական բռնապետական վարչակարգին գործողութիւնները. չէ՞ որ ակնյայտ էր, որ այդ նոյն նպատակով վարչակարգը հսկայական միջոցներ կը գործադրէր` ազդեցիկ դէմքեր Պաքու հրաւիրելով:

Իսկ այժմ, ի տարբերութիւն Հարարիի, Թալեպի քայլը համահունչ է «Երբ խաղադրոյքը սեփական մաշկդ է» գիրքին մէջ ներկայացուած իր գաղափարին, որ մարդ չի կրնար սկզբունքներ դաւանիլ` պատրաստ չըլլալով կրելու անոնց հետեւանքները: Պաքու մեկնելէ իր հրաժարումը այդ դիրքորոշման վկայութիւնն էր:

Երեք տարի առաջ այդ լրագրողը ինծի չհակադարձեց. պարզապէս գրկեց զիս եւ առաջարկեց հոն իսկ հաղորդագրութիւն ուղարկել իր բարեկամին` Հարարիին, եւ փոխանցել իմ խոր յուսախաբութիւնս: Ես համաձայնեցայ` ինքզինքս յուսադրելով, որ կարեւոր բան մը ըրած եմ, եւ այդ պահուն նոյնիսկ թեթեւութիւն զգացի:

Սակայն երեք տարի ետք, ետադարձ հայեացքով, այլ ձեւով կը մտածեմ, մանաւանդ երբ կը դիտեմ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը եւ Արցախի կորստեան, բռնի տեղահանութեան ու Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն շուրջ փոխուող տրամադրութիւններն ու խօսոյթը:

Երեք տարի առաջ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերուն տակաւին չէին ըսեր` «Մեր զաւակներուն փոխարէն` դուք պէտք էր մեռնէիք», իսկ բռնի տեղահանուած կին մը` մանուկ որդիին ներկայութեան, երկրին վարչապետը չէր մեղադրեր կռուի դաշտէն փախչելուն համար:  Արցախի անունը տալէ տակաւին չէին խուսափեր, «Մամիկ-Պապիկ»-ը պատկերող գաղթական մանուկին նկարը դպրոցին ցուցափեղկէն չէին հաներ: Երեք տարի առաջ իշխող քաղաքական ուժի ներկայացուցիչները տակաւին չէին խուսափեր խօսելէ Արցախի ցեղային զտման, ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն մասին, ներառեալ` Ռուբէն Վարդանեանը, զոր Թալեպ նպատակային կերպով առանձնացուց իր հրապարակային գրառումին մէջ:

Այսօր, երբ կը մտածեմ Հարարիէն յուսախաբութեանս մասին, այլեւս վստահ չեմ, որ վիրաւորանքս ու դժգոհութիւնս պէտք է ուղղուած ըլլան անոր եւ անոր նման մտաւորականներուն, այլ` առաջին հերթին Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան: Մինչ համաշխարհային մտածողներ, ինչպիսին է Թալեպը, պատրաստ են վտանգելու իրենց հեղինակութիւնը` հայ գերիները պաշտպանելու համար սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերելով, Երեւանի իշխող կուսակցութիւնը նոյնիսկ վնաս չհասցնելու կարողութիւն չունի` փոխարէնը որոշելով իր քարոզչական մեքենան ուղղել այն նոյն գերիներուն դէմ, որոնց համար պէտք էր պայքարէր:

Եւ խօսքը Ազրպէյճանի հետ պաշտօնական կապերը կամ խաղաղութեան ու դիւանագիտական ուղիներու որոնումը քննադատելու մասին չէ: Խօսքը ամէնէն հիմնական սկզբունքներուն մասին է` «Երբ խաղադրոյքը սեփական մաշկդ է» գաղափարին ոգիով. անընդունելի է, երբ ղեկավարութիւնը զոհողութիւն կը պահանջէ ժողովուրդէն` ինքնապաշտպանուած մնալով իր իսկ որոշումներուն հետեւանքներէն:

Սիրանուշ Սարգսեան՝ Արցախցի լրագրող

Բնագիրը` «Տի Արմինիըն ուիքլի»-ին մէջ