Ընտրարշաւի Մը Մութ Ծալքերը․ «Հայրենիք»
Խմբագրական
«Մարդիկ երբեք այնքան շատ չեն ստեր, որքան` որսէ մը ետք, պատերազմի ընթացքին, կամ ընտրութիւններէ առաջ»
ՕԹԹՕ ՖՈՆ ՊԻԶՄԱՐՔ
(Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ, 1815-1898)
Այսպէս, հազիւ աւարտած Երեւանի մէջ կայացած եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արշաւին:
Կարելի է ենթադրութիւններու, եւ դեռ աւելի՛ն, հաստատ եզրակացութիւններու երթալ` յստակօրէն նկատելով, թէ այսպիսի դասաւորում նպաստաւոր կրնայ ըլլալ այն հոսանքին, որ ղեկավարութեան վրայ է եւ մտադրած է Եւրոմիութեան հետ գործակցիլ` հետզհետէ հեռանալով Մոսկուայէն ու անոր հովանաւորած Եւրասիական ուխտէն:
Այս ընտրութիւնները, 2017-էն ի վեր, առաջին կանոնաւոր ազգային ընտրութիւններն են: Նախապէս` 2018-ին եւ 2021-ին, արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունեցած էին, յաջորդաբար` «թաւշեայ յեղափոխութենէն» եւ 44-օրեայ պատերազմի չարաչար պարտութենէն ետք:
Հոս, արագ փակագիծ մը բանալով, ըսենք, որ սպասելի էր «թաւշեայ յեղափոխութեան» յաջորդող 2018-ի Փաշինեանի շռնդալից յաղթանակը: Իսկ երեք տարի ետք անոր վերստին ընտրուիլն ու դեռ ցայսօր աթոռին կառչած մնալը, իսկապէս կը մնայ մեծ անլուծելի առեղծուած մը:
Հանրահաւաքներ, կլոր սեղաններ, բանավէճեր եւ ընկերային ցանցերու միջոցով կատարուող քարոզարշաւներ ծայր առած են, որոնք հետզհետէ աւելի սուր մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն, մանաւանդ որ կը տիրապետեն հասարակական քննարկումներուն:
Դէմ դիմաց մրցող քաղաքական ուժերը կը ներկայացնեն իրարմէ բոլորովին տարբեր տեսլականներ` Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան, տնտեսութեան եւ միջազգային դաշինքներուն վերաբերեալ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը քարոզարշաւը սկսան` իբրեւ խաղաղութեան, բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան ջահակիրներ, որոնք պիտի շարունակեն պայքարիլ անցեալի փտած համակարգերուն վերադարձին դէմ: Բնականաբար հոս տեղին է հարց տալ, թէ արդեօք անցնող 8 տարիներն ալ փտածութիւններով լեցուն անցեալ մը կարելի չէ՞ նկատել: Դեռ չբանանք անարդարօրէն ձերբակալուած եւ բանտարկուած «այլախոհ»-ներու ցանկը` աշխարհականներէն մինչեւ կրօնականներ:
Հետաքրքրականօրէն Փաշինեան իր ընտրարշաւը սկսաւ Սիւնիքէն, ուր ամենայն յանդգնութեամբ հաստատեց, որ վիթխարի սխալ մը եղած է արցախեան շարժում ստեղծելը, եւ թէ` «Արցախը Ազրպէյճան է եւ վե՛րջ»:
Փաշինեան կը հաւատայ, որ Եւրոմիութեան հետ գործակցելով` կարելի պիտի ըլլայ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարել, օլիկարխային դէմ պայքարիլ, շարունակ բարելաւել տնտեսութիւնը, փակ սահմաններ բանալ` ստեղծելով հաղորդակցութեան միջոցներ եւ այսպէս կանխարգիլել որեւէ առճակատում: Ան կ՛եզրակացնէ, որ Հայաստանը չի կրնար գոյատեւել մշտական պատերազմական պայմաններու մէջ եւ պէտք է հետապնդէ խաղաղութեան համաձայնութիւններ ու տնտեսական համարկում` առանց ենթագիտակցելու, թէ որքա՛ն փուլ եկած է երկրին հիմնական կառոյցը` բանակէն մինչեւ դիւանագիտութիւն:
Նենգամիտ ըլլալու աստիճան ճարպիկ ու խորամանկ է շարունակ իր աթոռին կառչելու մարմաջով ապրող Փաշինեանը, որ երբեք չ՛ուզեր զանազանել պետութիւն, իշխանութիւն եւ ղեկավարութիւն եւ, առ այդ, հրահանգած է, որ յառաջիկայ մայիս 28-ի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարուելիք զօրահանդէսին, ցուցադրուող սարքերը երկար ժամանակ, այսինքն գոնէ մինչեւ 7 յունիս մնան մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, որպէսզի քաղաքացիները` իմա՛ ընտրողները. հնարաւորութիւն ունենան մօտենալ, դիտել լուսանկարել եւ կարեւորագոյնը` ըստ այնմ ընտրել…
«Հայաստան» դաշինքն ալ ընտրարշաւը սկսաւ Էջմիածինէն, որ վերջին տարիներուն կը նկատուի Փաշինեանի եւ իր ուսապարկերուն կարեւորագոյն թշնամին:
Թէեւ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը կը քննադատեն կառավարութիւնը, սակայն անոնք կը մնան գաղափարախօսական ու ռազմավարական առումով բաժնուած: Ոմանք կոչ կ՛ուղղեն, որպէսզի կազմուի միասնական հակա-փաշինեան ճակատ, իսկ ուրիշներ կը փորձեն ներկայանալ որպէս առանձին այլընտրանք:
Բոլորն ալ Փաշինեանը կը մեղադրեն Ազրպէյճանին վտանգաւոր զիջումներ ընելու, Հայաստանի ռազմական դիրքերը տկարացնելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը նսեմացնելու մէջ: Այսուամենայնիւ, ընդդիմութեան համար Արցախի կորուստը կ՛օգտագործուի որպէս իշխանութեան դէմ ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական զէնքերէն մէկը:
Ի տարբերութիւն նախորդ ընտրութիւններուն` այս քարոզարշաւը ունի աւելի լայն եւ մասնատուած ընդդիմադիր դաշտ:
Հաւանական է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն քաղաքական լարուածութիւնը հասնի իր գագաթնակէտին, յատկապէս այն պատճառով, որ կուսակցութիւններն ու դաշինքները կը պայքարին ո՛չ միայն խորհրդարանական աթոռներու, այլեւ Հայաստանի քաղաքական ինքնութեան համար:
Ի՛նչ ալ ըլլան վերջնական արդիւնքները, Հայաստանի ընտրարշաւին մեկնարկը արդէն իսկ բացայայտած է, թէ ազգը կը մտնէ պատմական վճռորոշ փուլ մը:
