Շրջանցելով Եւ Խախտելով Սահմանադրութիւնը. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին գործող մեծամասնութեան առաջնորդը վերահաստատեց ներփակ տարածքներու (անքլաւներու) փոխանակման եւ սահմանազատման տարազներուն տակ հայաստանեան տարածքներ Ազրպէյճանին ըստ էութեան փոխանցելու տրամադրութիւնը: Կրծքանշանի վերածուած հանրապետութեան քարտէսը կամ յանկերգուող տարածութեան թուանշանը յայտնաբար արդէն դուրս մղած է Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ:

Խաղաղութեան, սահմանազատման կամ անքլաւներու փոխանակման կարգախօսներուն տակ տարածքային նոր զիջումի այս յայտարարութիւնը կը շրջանցէ նաեւ ներխուժուած տարածքները: Անոնք եւս սահմանազատման գործընթացին հետ կը կապուին` աւելի փոքրացնելով հանրապետութեան տարածքը:

Այս յայտարարութիւնները ըստ էութեան հակասահմանադրական են: Մէջբերենք Սահմանադրութեան 2 յօդուած:

Յօդուած 6. Օրինականութեան սկզբունքը

1.- Պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք իրաւասու են կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքներով:

Յօդուած 205. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքուէները:

1.- Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով:

Այս բոլորին իբրեւ նախապատրաստութիւն, հիմա յիշենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին նախաստորագրուած համաձայնագիրի առաջին կէտը:

Յօդուած 1

Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչուած են միջազգային հանրութեան կողմից` կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը:

Այս յօդուածի հիման վրայ ալ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն սահմանազատման անունին տակ նոր տարածքներու զիջումին: Արծուաշէնը վերադարձնելու պատրուակը  ներփակ տարածքներու փոխանակման գործողութիւններու «հիմնաւորում» է: Խորհրդային քարտէսները, միեւնոյն միութեան տարբեր հանրապետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցած սահմանները այնքան տարաբնոյթ են եւ այնքան վիճելի, որ նախաստորագրուած տարբերակին յօդուած 1.-ը միեւնոյն անորոշութեամբ կը ճշդէ սահմանները: Աւելի ճիշդը` չի ճշդեր:

Արդէն իսկ շրջանցելով Սահմանադրութեան 205-րդ յօդուածը վարչապետը, խախտած կ՛ըլլայ նաեւ 6-րդ յօդուածը: Եթէ յունիս 7-ին չփոխուի իրավիճակը, Երեւանը կ՛առաջնորդուի նոր զիջումներու, բոլորովին անորոշ ձգած ըլլալով ներխուժուած տարածքներու վերադարձի ճակատագիրը: