ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը ԵՄ-Հայաստան Գագաթնաժողովին Վերաբերեալ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը նկատի կ՝ունենայ Երեւանի մէջ իրականացած ԵՄ-Հայաստան առաջին գագաթնաժողովի պատմական նշանակութիւնը։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Գոշդայի եւ Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնի ներկայութիւնը կ՝ազդարարէ եւրոպական ղեկավարութեան ողջունելի պատրաստակամութիւնը՝ անմիջականօրէն ներգրաւուելու հայ հասարակութեան հետ։ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը, այնուամենայնիւ կը շեշտէ, որ դիւանագիտական ներկայութիւնը այժմ պէտք է վերածուի յստակ գործողութիւններու, որոնք պիտի պաշտպանեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անոր ժողովուրդի իրաւունքները։

Մինչ գագաթնաժողովը ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրեց «նոր գլուխ», մենք ԵՄ ղեկավարներու կը յիշեցնենք, որ այս յարաբերութեան հիմքը՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (CEPA), կ՝ենթադրէ դատական խստապահանջ բարեփոխումներ, տարրական դիմակայունութիւն եւ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդում։ Որպէսզի «Հայաստանի ապագան որոշուի ազատ եւ ժողովրդավար ձեւով՝ իր քաղաքացիներուն կողմէ», անհրաժեշտ է իրականացնել համապարփակ փոփոխութիւններ՝ ապահովելու ընտրական ամբողջականութիւնը, ընդդիմութեան իրաւունքները, լրատուամիջոցներու անկախութիւնը եւ ընտրական գործընթացի ընթացքին արտաքին միջամտութիւններէն պաշտպանութիւնը՝ հասկացութիւն մը, որ, ցաւօք, այս նոյն գագաթնաժողովին ընթացքին որոշ եւրոպացի ղեկավարներու կողմէ չկիրառուեցաւ։

Համատեղ հռչակագիրը կ՝ընդգծէ համագործակցութեան երեք հիմնական ուղղութիւն՝ ուժանիւթ, կապակցուածութիւն եւ թուային ենթակառուցուածք։ Թէեւ այս տնտեսական հենասիւները կրնան կենսական ըլլալ երկարաժամկէտ աճի համար, եթէ կիրառուին ռազմավարական կերպով եւ ներքին բարեփոխումներու հետ համադրաբար, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը հարց կը բարձրացնէ, թէ ինչպէս այս ճարտարագիտական նախագիծերը պիտի զօրացնեն Հայաստանի անմիջական անվտանգութիւնը, եթէ անոնք չուղեկցուին տարածաշրջանային յարձակման դէմ յստակ դիրքորոշմամբ։

Կարեւոր է նկատել, որ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խոր մտահոգութիւն եւ հիասթափութիւն կ՝արտայայտէ գագաթնաժողովի պաշտօնական քննարկումներէն Արցախի ամբողջական բացակայութեան վերաբերեալ, հակառակ Եւրոպական խորհրդարանի յստակ մանդատին (2026 թ. Ապրիլ 30-ի բանաձեւ), որ բացայայտօրէն՝

1.  կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղական զտումը,

2.  կը պահանջէ պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակում,

3.  կոչ կ՝ընէ պաշտպանելու եւ միջազգային մոնիթորինկի ենթարկել ազրպէյճանի կողմէ ներկայիս ոչնչացուող հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։

Գագաթնաժողովի համատեղ հռչակագիրը լուռ մնաց այս գոյաբանական խնդիրներուն վերաբերեալ։ Այս բացթողումը կտրուկ հակասութիւն է Եւրոպական խորհրդարանի կոչին՝ արդարութեան եւ միջազգային երաշխիքներու ներքոյ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին վերաբերեալ։

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը համաձայն է Եւրոպական խորհրդարանին հետ, որ «ժողովրդավարական դիմակայունութիւնը» չի կրնար գոյութիւն ունենալ վակուումի մէջ։ Եթէ ԵՄ-ն պէտք է իրական ռազմավարական գործընկեր ըլլայ, ուրեմն ան պէտք է գործէ իր իսկ ժողովրդավարական մանդատներուն հիման վրայ։ Մենք կոչ կ՝ընենք Եւրոպական յանձնաժողովին դուրս գալու ենթակառուցուածքային ծրագրաւորման շրջանակներէն եւ ձեռնարկելու յստակ քայլեր՝ ազրպէյճանը իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։ Ռազմավարական կապակցուածութիւնը պէտք չէ իրականացուի իրենց հայրենական տուներէն ցեղական զտման ենթարկուած 150,000 հայերու համար արդարութիւն ապահովելու հաշուին։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
06 Մայիս 2026թ.