Քալիֆորնիոյ Նահանգային Օրէնսդիրները Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Ապահովելու Կոչ Կ՛ընեն Թրամփին
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի 25 օրէնսդիրներ Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական համախմբումին անունով նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, պահանջելով, որ ան գործնական քայլերու դիմէ երաշխաւորելու համար Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, Արցախի հայ բնակչութեան ապահով վերադարձը եւ ատրպէյճանական ուժերու հեռացումը Հայաստանի հողերէն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան ողջունեց հանրապետական եւ դեմոկրատ կուսակցութիւններու անդամ օրէնսդիրներուն այս քայլը, դրուատելով նահանգին աւելի քան մէկ միլիոն հայութեան նեցուկ կանգնելու անոնց որոշումը։
Նշենք, որ նամակարշաւը սկսած էր Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական համախմբումին ատենապետ Ճան Հայրապետեանի նախաձեռնութեամբ։
«Քալիֆորնիան ունի Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն հայ համայնքը եւ աշխարհի մեծագոյններ մէկը, եւ մենք միասնաբար նեցուկ կը կանգնինք արդարութեան, հաշուետուութեան եւ հայ ժողովուրդի համար տեւական խաղաղութեան: Այս նամակը կ՛արտացոլացնէ մեր շարունակական պայքարը՝ ամերիկահայերու ձայները լսել դարձնելու համար երկրին իշխանութեանց՝ ամենաբարձր մակարդակներուն վրայ: Կոչ կ՛ընենք դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ վճռական գործողութիւններու դիմեն՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը խթանելու նպատակով», ըսաւ Հայրապետեան:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ օգտագործէ իր դիւանագիտական լծակները՝ Թուրքիան մղելու, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վնասուց հատուցում յատկացնէ անոր զոհերուն։
«Օսմանեան թրքական կառավարութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայերու համակարգուած բնաջնջումէն 111 տարի ետք, Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան յաջորդ պետութիւն, այդ հատուցումները յատկացնել։ Այս մէկը անժխտելի է, սակայն տակաւին չէ կատարուած: Այդ պարտաւորութիւնը կը ներառէ բռնագրաւուած հողերու, գոյքի եւ ստացուածքի վերադարձը, զոհերու ժառանգներուն համար դրամական հատուցումը եւ միջազգային իրաւական միջոցներով պատասխանատուութեան ստանձնումը: Միացեալ Նահանգները, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պէտք է այդ ճանաչումը վերածէ գործնական քայլերու՝ յստակ դարձնելով Անգարային, որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ շարունակական գործընկերութիւնը կ՛ենթադրեն նաեւ պատմական հաշուետուութիւն», կը յայտարարէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել ancawr.org կայքը կամ դիմել info@ancawr.org հասցէին ու (818) 500-1918 թիւին։
