Որպէսզի Միջինարեւելեան Մեր Գաղութները Կարենան Գոյատեւել Վտանգներով Լի Կացութիւններու Մէջ․Յայտարարութիւն
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին լիագումարին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկեց միջինարեւելեան հայ գաղութներուն իրավիճակը, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ վտանգները` ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց, որ միջինարեւելեան մեր գաղութները, որոնք կենսական եւ անբաժանելի մասն են հայկական սփիւռքին, շնորհիւ ազգային-եկեղեցական ղեկավարութիւններուն ի գործ դրած ճիգերուն, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնն ու առաքելութիւնը` հակառակ բազում եւ բազմապիսի դժուարութիւններու:
Այս առիթով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաստատէ, որ մօտէն կը հետեւի արձանագրուող զարգացումներուն եւ ամբողջական պատրաստակամութեամբ կը շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել, որպէսզի միջինարեւելեան մեր գաղութները կարենան գոյատեւել նման վտանգներով լի կացութիւններու մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը` թարգմանը հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան շարքերուն, կը յուսայ, որ շուտով վերջ կը գտնեն պատերազմական գործողութիւնները, որպէսզի միջինարեւելեան մեր գաղութները իրենց հաւաքական կեանքը շարունակեն բնականոն պայմաններու մէջ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
