Ֆրանսացի Լրագրողները Հանդիպած են Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ
Մարտ 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, ԱՀ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մօտ ընդունած է ֆրանսացի երաժիշտ, լրագրող եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Ուլիս Մանեսը եւ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» պարբերականի լրագրող Ատրիէն Պրիանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը։
«Հանդիպմանը մասնակցել են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունցը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Արա Պուլուզեանը, ինչպէս նաեւ հանրային խորհրդի անդամներ Հերմինէ Աւագեանը, Նարէ Սիմոնեանը եւ Ալվարդ Զաքարեանը։
Հիւրերը Հայաստան են ժամանել Ուլիս Մանեսի եւ Հերմինէ Աւագեանի համահեղինակած «Նամակներ դրախտից, որտեղ ոչ ոք չկայ. Ստեփանակերտ–Փարիզ» գրքի շնորհանդէսի առիթով:
Քննարկուել են Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն են յայտնել հիւրերին՝ այս դժուար ժամանակահատուածում Արցախի թեմայի շուրջ իրականացուող գործունէութեան եւ հետեւողական ուշադրութեան համար։
Ընդգծուել է, որ Արցախի հիմնախնդիրը շարունակում է մնալ չլուծուած, եւ կարեւոր է, որպէսզի միջազգային հարթակներում շարունակաբար բարձրաձայնուի Արցախի ժողովրդի իրաւունքների հարցը։
Զրուցակիցները նշել են նաեւ, որ ֆրանսիական «Լը Ֆիկարօ» պարբերականը դեռեւս արցախեան շարժման սկզբնական փուլից անդրադարձել է թեմային, շարունակել եւ շարունակելու է հնարաւորինս յաճախ ներկայացնել ճշմարտութիւնը։
Իր հերթին, Ուլիս Մանեսը եւ Ատրիէն Պրիանը վերահաստատել են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու լուսաբանել Արցախի շուրջ զարգացումները եւ ներկայացնել առկայ իրողութիւնները միջազգային հանրութեանը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
