Համլետ Մանուկեան՝ Եւրոպայի Տարուայ Լաւագոյն Տղամարդ Մարմնամարզիկ
Եւրոպայի ախոյեան, Ունիվերսիատայի ախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի կրկնակի ախոյեան 18-ամեայ մարմնամարզիկ Համլետ Մանուկեան ճանչուեցաւ 2025 թ. լաւագոյն տղամարդ մարմնամարզիկ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մարմնամարզութեան ֆետերասիոնէն։
Մարմնամարզութեան եւրոպական ֆետերասիոնին կողմէ իրականացուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Համլետ Մանուկեանը ստացած է ամենաշատ ձայները՝ իր ետին ձգելով ազրպէյճանցի մարմնամարզիկը: Համլետ Մանուկեանը ստացած է 1 միլիոն 30 հազար 759 ձայն (51 տոկոս), ազրպէյճանցի թոֆիք ալիեւը՝ 988 538 ձայն (49 տոկոս):
Քուէարկութեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու վերաբերեալ, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնած է հետեւորդներուն:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Շնորհակալ ենք իւրաքանչիւրիդ ակտիւ (աշխոյժ, ԵՌԱԳՈՅՆ) մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար:
Ձեր ջանքերի, համախմբուածութեան եւ անսահման սիրոյ շնորհիւ Համլետ Մանուկեանը ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն տղամարդ մարմնամարզիկ։ Սա մեր բոլորի յաղթանակն է։ Շնորհակալ ենք: Միասին ուժեղ ենք»,- գրուած է ֆետերասիոնի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Մրցանակին համար կը պայքարէին նաեւ մարմնամարզութեան լարախաղութեան Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր փորթուկալացի Գաբրիէլ Ալպուգեգը, Եւրոպայի ախոյեան, ազրպէյճանցի թոֆիք ալիեւը, մարմնամարզութեան աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի փոխախոյեան զուիցերիացի Նոէ Զայֆերդը, մարմնամարզութեան աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի քառակի ախոյեան բրիտանացի Լիւգ Ուայթհաուսը:
