Սուրիոյ Արտակարգ Ծառայութիւնները Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Հայթայթեն Սուրիացիներուն՝ Լիբանանի Ճտէիտէ–Եապուս Անցակէտով

Աշխարհ

Սուրիոյ Արտակարգ Իրավիճակներու եւ Աղէտներու Կառավարման Նախարարութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերը մարդասիրական եւ փրկարարական օժանդակութեան աշխատանք սկսան՝ օգնելու շրջանի ապահովական պայմաններուն բերումով Լիբանանէն Ճտէիտէ-Եապուս սահմանային անցակէտով ժամանող սուրիացիներուն։ Այս գործողութիւնները կը կատարուին ցամաքային անցակէտերու եւ մաքսային մարմիններու, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան այլ կառոյցներու հետ համադրաբար։

Նախարարութիւնը իր «թելեկրամ»եան ալիքով տարածած յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ իր շտապօգնութեան խումբերը կը շարունակեն վիրաւորներու եւ հիւանդներու փոխադրումը։Միւս կողմէ, նախարարութեան արտակարգ փրկարարական խումբերը, Սուրիոյ Արաբական Կարմիր Մահիկին հետ համադրաբար կը տրամադրեն մարդասիրական աջակցութիւն՝ ըստ տեղւոյն կարիքներուն։

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ ապահովել վերադարձողներու ապահովութիւնը, բաւարարելով անոնց հիմնական կարիքները եւ երաշխաւորելով անոնց անփորձանք ժամանումը Սուրիա։