Ձեռնարկ՝ Նուիրուած Պոլսահայ Գրող, «Մարմարա» Թերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի Ծննդեան 100-ամեակին
Փետրուար 25-ին, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած պոլսահայ գրող, «Մարմարա» թերթի երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 100-ամեակին։
Ձեռնարկը իրականացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Գրական ցերեկոյթը համախմբած էր ականաւոր գրականագէտներու եւ արուեստի գործիչներու՝ խօսելու Ռոպէր Հատտէճեան գրողի, հասարակական գործիչի, հայ մարդու անցած մեծ ճանապարհի եւ անոր ձգած գրական ժառանգութեան մասին։
Ձեռնարկը կը վարէր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, «Սփիւռք» կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեան։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մանկավարժական համալսարանի հետ մշտական համագործակցութեան համար՝ շեշտեց․ « Մեզ համար խորհրդանշական էր նշել պոլսահայ մեծ մտաւորականի հարիւր ամեակը․ մարդ, ով իր ամբողջ կեանքի ընթացքում նուիրուել է ոչ միայն հայ գրականութեանը, այլեւ՝ իր ժողովրդին։ Նա միշտ կարեւորել է այն միտքը, որ պոլսահայ գրականութիւնը սփիւռքահայ գրականութիւն չէ՝ հիմնաւորելով, որ հայերը շատ աւելի հին ժամանակներից են ապրում Պոլսում, քան՝ թուրքերը։ Այո, յիրաւի, պոլսահայ գրականութիւնը սերւում է հայրենիքից եւ այդ պատճառով իր տարբերուող դերն ու տեղն ունի մեր գրական անդաստանում։ Այդ է պատճառը, որ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը թէ՛ գիտաժողովների եւ թէ՛ առանձին ժողովածուների հրատարակման տեսքով պարբերաբար անդրադառնում է պոլսահայ գրողներին ու այնտեղի գրական-մշակութային կեանքին»։
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեանն ալ, կարեւոր համարելով արեւտմտահայ գրականութեան շարունակականութեան հարցը, նշեց․ «Եթէ մենք խօսում ենք արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան մասին, ապա չենք կարող չշեշտել Հատտէճեանին՝ իր «Առաստաղ» վէպով։ Առաստաղը խորհրդանշում է ոչ միայն սահման, ոչ միայն բարձրութիւն, այլեւ՝ մեր գրականութեան մեծութիւնը, կարեւորում՝ նրա շարունակական լինելը»։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեանը։ Կարեւոր համարելով մանկավարժական համալսարանի հետ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան համագործակցութիւնը, Արտաշէս Շահբազեանը նշեց, որ այդ կայացած համագործակցութեան վառ օրինակներից մէկն ալ սոյն ձեռնարկն է՝ ի շահ մեր գրականութեան եւ մշակոյթի։
«Հատտէճեանն իր մնայուն տեղն ու դերն ունեցաւ Պոլսոյ հայկական կեանքի վերարթնացման գործում։ Նա իր հարիւրամեայ կեանքով, իր ազգային-մշակութային գործունէութեամբ, իր խմբագրած «Մարմարա»-ով դարձաւ այդ կեանքը ապրեցնողներից մէկը»,- շեշտեց Շահբազեանը։
Փրոֆէսըր Վազգէն Գաբրիէլեանն ալ, անդրադառնալով գրողի անցած բազմավաստակ ուղիին, նշեց, որ թէեւ Հատտէճեանը չհասցուց ապրել իր երկրային կեանքին մէկ դարը, բայց անոր ձգած ժառանգութիւնը պիտի ապրի դարերով՝ ամրագրելով անոր դերը հայ գրականութեան մէջ որպէս գրող, խմբագիր եւ իր ժողովուրդի ճակատագրով ապրող հայ մարդ։
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Սամուէլ Մուրատեանը, փրոֆէսըր Արծրուն Աւագեանը, ՀՊՄՀ պատմութեան բաժանմունք տնօրէն Էդգար Յովհաննիսեանը, բ․գ․թ․ դոկտոր Պետրոս Դեմիրճեանը, բ․գ․թ, դոցենտ Վալերի Փիլոյեանը, դերասան, բեմադրիչ Արամ Կոստանեանը, բ․գ․թ Մանուշ Բալայեանը, ՀՊՄՀ շրջանաւարտ, պոլսահայ Պետրոս Չաւիքեան։
