Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Իր Լիակատար Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Վեհափառին
Հայ եկեղեցւոյ գերագոյն առաջնորդի եւ հոգեւորականութեան դէմ քաղաքական բնոյթի արշաւը անթուլատրելիօրէն կը խախտէ հայ ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկը, կը տկարացնէ ամբողջ ազգը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։ Այս մասին նշուած է ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարածած յայտարարութեան մէջ։
Խորհուրդը կը ցաւի եւ կը դատապարտէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իրականացուած ճնշումները, կը շեշտէ՝ այս ճնշումներու նոր սրացումը Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի դէմ սկսած անօրինական հետապնդումն է, որմով իշխանութիւնը ակնյայտօրէն կը ներխուժէ հոգեւորականութեան բացառիկ իրաւասութեան մէջ։
«Ներկայիս, երբ հայ ազգը կը բախի արտաքին լուրջ սպառնալիքներու, կարելի չէ թոյլ տալ նման բնոյթի բախումներ, որոնք անարժան են եւ կործանարար ազգի միասնութեան եւ բարոյական ուժի համար։ Խորհուրդը կոչ կ՝ընէ վարչապետ նիկոլ փաշինեանին եւ կառավարութեան միաւորուելու եւ անյապաղ վերջ դնելու այս խախտումներուն, որոնք կը յիշեցնեն ստալինեան դարաշրջանի գործելակերպը եւ մեր պատմութեան ամենամութ ժամերը»,- նշուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ։
Խորհուրդը նաեւ կոչ կ՝ընէ անյապաղ վերանայելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներու եւ խորհուրդի քարտուղարի դէմ կայացուած անօրինական որոշումները։ Միաժամանակ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ Վեհափառին։
