Կաթողիկոսի Նկատմամբ Կիրառուած Արգելքը Տագնապալի Նախադէպ է․ Անոր Մասնակցութիւնը Եկեղեցական Ժողովին Խոչընդոտելը Իրաւունքի Ոտնահարում է․ Յայտարարութիւն
«Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կազմակերպութիւնները (IARA) խիստ մտահոգութեամբ կը դատապարտեն Հայաստանի կառավարութեան որոշումը, արգելուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ելքը երկրէն՝ թոյլ չտալով անոր մասնակցիլ Աւստրիոյ մէջ կայանալիք եպիսկոպոսաց ժողովին։
Այս փաստը եզակի դէպք չէ։ Անիկա մաս կը կազմէ վերջին ժամանակներուն աւելի լայն գործընթացի մը, որ կը յատկանշուի պետական հիմնարկներու տկարացմամբ եւ դէպի մենատիրութիւն տանող քայլերով, որ կը վնասէ ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, այլեւ հասարակութեան, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն եւ Հայաստան-Սփիւռք պատմական յարաբերութիւններուն։
Արդէն քանի մը տարի է՝ տագնապով կը նկատենք.
.Համակարգուած յարձակումներ քաղաքական ընդդիմութեան դէմ, ինչպէս նաեւ՝ դատական գործեր ու կալանաւորումներ, որոնք կ՝առաջացնեն հիմնաւոր կասկածներ, որոնք ունին քաղաքական դրդապատճառներ։
.Հալածանք քննադատողներու նկատմամբ, որ կը սահմանփակէ բազմակարծութիւնը եւ ազատ խօսքի իրաւունքը։
.Հայկական Սփիւռքը վարկաբեկելու բազմակի փորձեր՝ կեղծ յայտարարութիւններով, թէ իբր Սփիւռքի պահանջատիրութիւնը խոչընդոտ է խաղաղութեան համար։ Այս կերպով փորձ կը կատարուի արհեստական պառակտում մտցնելու Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ։
.Եւ որպէս առաւել ծանր յանգամանք՝ քաղաքական իշխանութեան աճող միջամտութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն՝ կամայական քայլերով եւ հոգեւոր առաջնորդին պիտակաւորելով։
Այս վարքագիծը ոչ միայն կը խախտէ օրէնքի գերակայութիւնը, խղճի եւ խօսքի ազատութիւնը, այլեւ վտանգի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի միասնութիւնը թէ՛ Հայրենիքի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին քաղաքական կուսակցութիւն չէ եւ ոչ ալ իշխանութեան ենթակայ կառոյց։ Անիկա մեր հազարամեայ ինքնութեան հոգեւոր հենասիւնն է եւ մեր հաւատքի պահապանը։ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան բաժանումը պէտք է երաշխաւորէ անկախութիւն եւ փոխադարձ յարգանք. անիկա երբեք պէտք չէ դառնայ ճնշման կամ ենթարկեցման գործիք։
Կաթողիկոսի նկատմամբ կիրառուած արգելքը տագնապալի նախադէպ է։ Անոր մասնակցութիւնը եկեղեցական ժողովին խոչընդոտելը ազատ տեղաշարժի իրաւունքի ոտնահարում է եւ պետութեան կողմէ Ազգային Եկեղեցւոյ կեանքին միջամտելու յստակ փորձ։
Մեկնելով այս ամէնէն՝ Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կազմակերպութիւնները վճռականօրէն կը մերժեն.
1.Քաղաքական ընդդիմութիւնը լռեցնելուն ուղղուած ցանկացած գործողութիւն՝ ըլլայ ատիկա ինստիտուցիոնալ, թէ դատական ճնշման միջոցով։
2.Հայաստանը Սփիւռքէն բաժնելու փորձերը՝ այնպիսի ելոյթներով, որոնք կը փորձեն արժեզրկել աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պատմական նուիրումը։
3.Կրօնական, հասարակական կամ քաղաքական գործիչներու հալածանքը կամ ահաբեկումը՝ իրենց օրինական գործունէութեան համար։
4.Պետական լծակներու օգտագործումը՝ ներքին թշնամանք հրահրելու համար, որ կը տկարացնէ ազգային միասնութիւնը։
Իբրեւ Արժանթինի ամբողջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ հրատապ կոչ կ՝ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն.
-Լիարժէք յարգելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը եւ ներքին կառավարումը։
-Երաշխաւորելու բոլոր մարդոց, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու իրաւունքները՝ առանց խտրականութեան եւ հալածանքի։
-Պահպանելու դատական համակարգի անկախութիւնը եւ քաղաքական բազմակարծութիւնը՝ որպէս ժողովրդավարութեան հիմք։
-Վերականգնելու յարգանքը եւ համագործակցութիւնը Հայկական Սփիւռքի հետ՝ ընդունելով անոր պատմական դերը եւ անգնահատելի աւանդը ազգի համար։
Կը վերահաստատենք, որ Հայաստանի հզօրութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ներքին առճակատմամբ, ազատութիւններու սահմանափակմամբ կամ այլախոհներու պիտակաւորմամբ։ Ազգային միասնութիւնը չեն պարտադրեր, անիկա կը կառուցուի յարգանքի, անկեղծ երկխօսութեան եւ ժողովրդավարական համակեցութեան հիման վրայ։
Դարերու փորձութիւններով կոփուած հայկական ինքնութիւնը չի կրնար քայքայուիլ մեր ազգային էութեան հակասող գործելաոճով։ Եկեղեցին եւ Պետութիւնը տարբեր մարմիններ են եւ այդպէս ալ պէտք է շարունակեն գործել՝ փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան մթնոլորտի մէջ»։
Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կազմակերպութիւններ
