Վարդանանցի Ոգին՝ Մեր Օրերուն Հրամանը․ Ահարոն Շխրտըմեան
Աւարայրի դաշտը մեզի համար հեռաւոր անցեալ մը չէ․ ան շարունակուող պայքար մըն է՝ հաւատքի, ինքնութեան եւ արժանապատուութեան։
Վարդան Մամիկոնեանն ու իր քաջերը զէնք բարձրացուցին ոչ միայն հայրենիքի համար, այլեւ հաւատքի, ազատութեան, հոգեւոր ինքնիշխանութեան եւ ազգային գոյութեան։
Աւարայրի «պարտութիւնը» դարձաւ մեր պատմութեան ամենամեծ յաղթանակներէն մէկը, որովհետեւ ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը կրնայ կորսնցնել ամէն բան, բայց ո՛չ իր հաւատքն ու ինքնութիւնը։
Այսօր, դարեր ետք, աւելի քան երբեք հրամայական դարձած է Վարդանանցի պատգամը։ Հայաստան կը գտնուի ներքին եւ արտաքին մտահոգիչ զարգացումներու առջեւ: Սփիւռքը կը դիմագրաւէ լուռ բայց վտանգաւոր թշնամիներ՝ ձուլում, ազգային, մշակութային արժէքներու, արեւմտահայերէն լեզուի նկատմամբ անտարբերութիւն։
Այսօր ոչ ոք զէնք կրելու կոչուած է Աւարայրի նման, սակայն բոլորս ալ կեցած ենք հոգեւոր Աւարայրի մը դիմաց։ Երբ հայ ծնողը կը տատամսի իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել, երբ հայ երիտասարդը օտար լեզուն կը նախընտրէ մայրենիին փոխարէն, երբ ազգային մտահոգութիւնները կը դառնան «անհանգստացուցիչ» նիւթեր՝ մենք արդէն պատերազմի դաշտին մէջ ենք..։
Հայրենասիրութիւնը միայն զգացական արտայայտութիւն չէ, ոչ ալ՝ տօնական խօսք։ Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը ծնունդ կ՛առնէ հաւատքէն։ Առանց հաւատքի՝ հայրենասիրութիւնը կը դառնայ պահի զգացում, բայց հաւատքով՝ ան կը դառնայ ուխտ եւ պատասխանատուութիւն։ Հաւատքն է, որ մեզի ուժ տուաւ Ցեղասպանութենէն ետք վերականգնելու մեր համայնքները, դպրոցները, եկեղեցիները։ Հաւատքն է, որ մեզ պահեց օտար ափերու վրայ՝ առանց ինքնութիւնը կորսնցնելու։
Այսօր նոյն այդ հաւատքը մեզի աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։ Հաւատք ոչ միայն Աստուծոյ հանդէպ, այլեւ մեր ժողովուրդի ապագային։ Հաւատք, որ Հայաստանը կրնայ վերագտնել իր հեղինակութիւնը։ Հաւատք, որ Սփիւռքը կրնայ նորոգուիլ եւ չձուլուիլ։ Հաւատք, որ հայերէն լեզուն պիտի շարունակէ հնչել մեր տուներէն ներս։
Վարդանանցը մեզի կը սորվեցնէ՝միայն զէնքի ուժով չէ ազգային գոյատեւումը, , այլեւ՝ հոգիի ամրութեամբ։ Իսկ հոգիի ամրութիւնը կը բխի հաւատքէն։ Երբ հաւատքը կենդանի է, հայրենասիրութիւնը կը դառնայ յանձնառութիւն, աշխատանք, ծառայութիւն եւ զոհողութիւն։
Այսօր ամէն բանէ աւելի անհրաժեշտ է վերականգնել դէպի ապագայ մեր հաւատքը։
Ո՛չ կոյր հաւատք, այլ՝ գիտակից, պատասխանատու, գործնական հաւատք։
Հաւատք, որ աշխատանքի եւ յանձնառութեան մղէ բոլորս:
Վարդանանցի ոգին կոչ է՝ արթննալու, վերագտնելու մեր ինքնութիւնը եւ վերականգնելու մեր ազգային հպարտութիւնը։
Վարդանանցը պիտի չըլլայ միայն յիշատակութիւն, այլ՝ նոր ուխտ․
ուխտ՝ հաւատքի,
ուխտ՝ հայրենասիրութեան,
ուխտ՝ ապագայի նկատմամբ անսասան վստահութեան։
Որովհետեւ ճշմարիտ հաւատքն է իսկական հայրենասիրութեան ճանապարհը։
