Բաց Նամակ` Պարոն Վարչապետին․ Վարուժան Սրբազան

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

«Եկեղեցին ճիշդ չի գործում, ի՞նչ է կատարւում Եւրոպայում…»: «Այսօր եկեղեցականը Աստծու չի հաւատում, ժողովուրդն ի՞նչ անի»: «Ես իրաւունք չունեմ, պիղծ եմ, բայց աւելի լաւ կաթողիկոս կը լինեմ»: «Եկեղեցին վախենում է պետական այրերից, չի օգնում, վախեցնելով են կառավարում»: «Եկեղեցին պիզնեսի կեդրոն է դարձել»: «Եկեղեցականը ամենամեծ թալանչին է»: «Եկեղեցին չի ոգեւորում»: «Եկեղեցին խեղճացնում է ժողովրդին, այդ պատճառով աղանդաւորները գետին են շահում»: «Կաթողիկոսը շիշի համազօր գոյքի է վերածուել»: «Եկամուտի ակնկալիքով եկեղեցի պէտք չէ կառուցել, գումարները պէտք է ծախսել նոր սերնդի դաստիարակութեան համար»: «Ժողովուրդը սպասում է հոգեւոր օգնութեան, որ պահի իր հաւատը»: «Ս. Աննան` բացարձակապէս պէտք չի, Էջմիածինը բաւարար է, որ ժողովուրդը հոն երթայ»: «Անվտանգութեան նախագահը աղանդաւոր ընկեր է»: «Երկու վեհափառները պատասխանատու են»: «Եկեղեցականը ամէն օր կորցնում է իր վարկը, կարգ ու կանոնը»: «Եկեղեցին համակարգային փոփոխութեան պէտք ունի»: «Էջմիածնի հեղինակութիւնը իրական պէտք է լինի»: «Այսօր Եկեղեցին քաղաքական իշխանութեան մանրատիպն է»: «Եկեղեցին տէրն է ժողովրդին»: «Սկզբունքային կաթողիկոս ունենանք»: «Համազգային խնդիրներ լուծենք»: «Իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն եպիսկոպոսներին, սպասելիք ունենք»: «Տարբերութիւն չկայ, կայ հայ եպիսկոպոս»: «Մանր խնդիրները դո՛ւրս, էական հարցեր կան, կարեւոր հարցերը պէտք է հետապնդել եւ լուծել»: Միութիւն կ՛ուզենք: «Ինչո՞ւ են վտարում ժողովուրդը հայրենիքից, դա ամենամեծ ցեղասպանութիւնն է»: «Աղտը ջրի երեսը բարձրացնել է պէտք»: «Մարդը` ղեկավարը կարեւոր է»:

«Պետական այրերը լաւ չեն գործում»: «Իմ հարազատների եւ միջավայրի 70 առ հարիւրը մեկնել են»: «Ուղեղը կը պակսի»: «Խուժան են պետական այրերը»: «Հասկանալի լինենք իրար հետ»: «Հայաստանը ամէն պահի կորցնում է պետականութիւնը»: «Ինչո՞ւ է կործանւում Հայաստանը»:

Մեծայարգ Պարո՛ն Վարչապետ,

Այս նշումները կու գան հայրենի մեր ժողովուրդի զանազան խաւերէն, որոնց դուն` որպէս լրագրող, շատ մօտէն ծանօթ պէտք է ըլլաս, քան ես, որ սփիւռքի մէջ որպէս եկեղեցական կ՛ապրիմ աւելի քան կէս դար: Առաջադրած այս նշումները թուղթին եւ գիրքին յանձնուած են տասնեակ մը տարիներ առաջ:

Դուք երբ վարչապետական աթոռին եկաք կացութիւնը այս էր: Այս վերջին քանի մը ամիսներուն չէ, որ մեր երկիրը, որուն մէջ նաեւ Եկեղեցին վատացան: Ձեր վարչապետական աթոռին գալուն, ես խանդավառներէն մէկն էի, այդ մասին կը յուշէ 2018-ի գիրքիս առաջին էջին վրայ զետեղած գրութիւնս, ուրկէ կը մէջբերեմ. «Այս հատորը կ՛ընծայաբերեմ Հայաստանի իմ հեզաբարոյ ժողովուրդին: Բաղձանքս է, որ այս յեղաշրջումով կապը կը վերահաստատուի մեր անդրանիկ եւ երազանման հանրապետութեան իմաստուն այրերուն` Արամի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի, Վրացեանի… եւ վարչապետ Փաշինեանի ու անոր կազմած նոր վարչակարգի անդամներուն միջեւ»:

Պարո՛ն Վարչապետ,

Երկրի ու տարածաշրջանի այս վտանգաւոր օրերուն ինչո՞ւ յիշեցիք, որ Եկեղեցին դուրս եկած է իր ուղիղ ընթացքէն, եւ կաթողիկոսը բարոյական սայթաքումի մէջ է: Նո՞ր յիշեցիք, որ պէտք է եկեղեցի յաճախէք: Նո՞ր անդրադարձաք, որ Եկեղեցին եպիսկոպոսներ ունի: Կը կասկածիմ: Թեւերուդ տակ առած տասնեակ մը բարձրաստիճան եկեղեցականները կամ քահանաները նո՞ր գիտցան, որ Եկեղեցին կը կաղայ, մեղաւորներ կան, եւ իրենք բոլորն ալ անմեղ են: Դարձեալ կը կասկածիմ: Գիտէ՞ք, որ Քրիստոս մեղաւորին առիթով ցնցող յեղաշրջում մը կատարեց, երբ պոռնիկին համար ըսաւ. «Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ»: Այժմ նման երեւոյթի մը առջեւ ենք:

Այդ բարձրաստիճաններէն ո՞վ կը համարձակի առաջին քարը նետել այսօրուան մեղաւորին վրայ: Դո՛ւք, պարոն վարչապետ, կը յանդգնի՞ք առաջինը ըլլալ: Մարդկային էակներէն ո՞վ կը կարծէ, թէ ինք անմեղ է:

Որպէս Եկեղեցւոյ խոնարհ իշխան` կը գնահատեմ ձեր նախանձախնդրութիւնը մայրենի եկեղեցւոյ հանդէպ, սակայն կը բաղձամ, որ մնաք վարչապետական բարձրութեան վրայ եւ անկէ առնէք ձեր քայլերը: Երկրի մը ղեկավարը, ըստ էութեան,  հայրն է երկրի բոլոր զաւակներուն, ինչպէս կաթողիկոսները եւ միւս հոգեւորականները կոչուած են հայր ըլլալու բոլորին, առանց խտրութեան: Որպէս այդպիսին` դուք վեհափառին կամ վեհափառներուն պիտի առաջարկէիք, որ պատրաստուած, հմուտ եւ մաքուր բարձրաստիճան հոգեւորականներով եկեղեցիներու կողմէ որդեգրուած Սինոտը վերականգնուէր: Այդ Սինոտն է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ ձեր կողմէ հետապնդուած «Եկեղեցին բարենորոգելու» խնդիրները բարւոք լուծման տանելու: Բայց առաջին հերթին տեղին է հարցնել ձերդ վսեմութեան, թէ ի՞նչ կը հասկնաք Եկեղեցւոյ բարենորոգում հարցադրութեամբ: Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը դարերէ ի վեր կայ: Վերջին կոնդակը` այդ ուղղութեամբ գրուած, կը պատկանի Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, 1937-ին, եւ ապա` խեղդամահ եղած:

Եկեղեցին բարենորոգելու համար վեհափառը դիմած է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական միւս երեք աթոռներու լծակից գահակալներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսին, Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքին, Երուսաղէմի Թորգոմ պատրիարքին, որոնք, իրենց կարգին, դիմած են իրենց եպիսկոպոսական դասին` հարցին կարգաւորման համար:

Կարգը ա՛ս է: Բարեկարգելի հարցեր որպէս` յիշուած են. Եկեղեցւոյ ծէսերը, ժամերգութիւնները, տօնացոյցը, տօներու հետ կապուած հարցեր, Մաշտոցը, Եկեղեցւոյ խորհուրդները, Ճաշոցը, եկեղեցական ընթերցուածները, Եկեղեցւոյ լեզուն, պահեցողութեան եւ ամուսնական-ամուսնալուծման հարցեր եւ ասոնց նման այլ հարցերու կարգին` կուսակրօնութեան հարցը:

Պարո՛ն վարչապետ,

Դուք որքանո՞վ, ըստ էութեան, ծանօթ էք այս հարցերուն: Երկրորդ` ձեզի համամիտ բարձրաստիճան հոգեւորականները այդ հարցերը կարգաւորելու համար պետական այրերու միջամտութեա՞ն պէտք ունին: Կը զարմանամ: Ասկէ առաջ բարձրաստիճան հոգեւորականներ արձանագրած են, եւ ես կը կրկնեմ. Եկեղեցին, այսպէս թէ այնպէս, իր բարելաւութիւնը կը գտնէ, բայց բուն հարցը կը մնայ եկեղեցականին բարելաւումը: Երբ եկեղեցականը առողջ եւ, իր կարգին, հաւատարիմ եւ բծախնդիր է, Եկեղեցին առողջ եւ ամուր կը ներկայանայ:

Երկրորդ հարցը, դարձեալ կարեւոր, հաւատացեալ ժողովուրդի բարելաւութեան հարցն է: Հոս միջանկեալ յիշեցնեմ, որ պետական իշխանաւորները եւս պէտք ունէին եւ ունին նոյն բարելաւութեան: Դուք լաւապէս պէտք է գիտնաք, որ մեր թագաւորներն ու իշխանաւորները միշտ բարելաւ կերպով օգտակար չեն եղած ժողովուրդին, միշտ գիտակից չեն եղած իրենց կոչումին եւ առաքելութեան:

Հետեւաբար դուք, համախորհուրդ` վեհափառին կամ վեհափառներուն, ընտրանի եւ կոչումին գիտակից բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ հմուտ ու

մասնագէտ աշխարհականներու պիտի առաջադրէիք, որ եկեղեցականը ըլլայ բարեկիրթ, որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ բարելաւ վիճակի մէջ, ունենայ կանոնագիրք մը, որ կը նախատեսէ եկեղեցւոյ Սինոտը, որ իր կարգին, կ՛որդեգրէ այժմէական եւ առողջ սկզբունքներ` առաջքը առնելու համար կամայական եւ մենատիրական ոտնձգութիւններու:

Ձեր սահմանը մինչեւ հոս է, պարո՛ն վարչապետ, ատկէ անդին` անօրէնութիւն է:

Հայրենիքի մէջ այսօրուան իրավիճակը կը նուաստացնէ թէ՛ կառավարիչը եւ թէ՛ կառավարուողը: Ձեր ծաւալած «ներքին արշաւներն» ու պարգեւավճարները վարչապետի վարկը չեն բարձրացներ եւ պատիւ չեն ապահովեր ոեւէ մէկուն:

Եղբայրօրէն կը թելադրեմ, որ ողջախոհութեամբ երկիրը դուրս բերես այս նուաստացուցիչ եւ ամօթալի վիճակէն: Այլապէս յիշէ մարգարէին պատուէրը.

«Ուզզիա արքայ, դուն իրաւունք չունիս Տիրոջ խունկ ծխելու, ատիկա առանձնաշնորհումն է Ահարոնի սերունդին, որ այդ պաշտօնին համար սրբագործուած է: Դո՛ւրս ել սրբարանէն, որովհետեւ անօրէնութիւն գործեցիր եւ ըրածիդ համար պատիւի արժանի պիտի չըլլաս Տիրոջ` Աստուծոյ առջեւ» Բ. (Մնացորդներ 26. 18), եւ ոչ ալ ժողովուրդին առջեւ: