Մենք Պիտի Շարունակենք Մեր Պայքարը՝ ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Բոլոր Գերիներու Ազատ Արձակումը Ապահովելու Համար. ՀՅԴ Բիւրօ

Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութիւն

Մէկ տարիէն աւելի տեւած դատավարական զաւեշտին իբրեւ արդիւնք այսօր պաքուի ռազմական դատարանը հրապարակեց Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներուն եւ միւս հայ բանտարկալներուն դէմ շինծու մեղադրանքներու գործով «դատավճիռները»։

Դռնփակ, կեղծ «դատավարութեամբ» կանխորոշուած վճիռներով ազրպէյճանը աւելորդ անգամ հաստատեց, որ հակառակ խաղաղութեան մասին խոսոյթին եւ ձեւական քայլերուն, ՀՀ գործող իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ, կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնն ու վարքագիծը։

Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ պաքուի այս «դատավարութեան» նպատակն է թիրախ դարձնել ու վարկաբեկել Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւնները, արցախահայութեան ինքնորոշման պայքարը եւ այդ պայքարին առաջնորդները։

Յատկանշական է, որ Հայաստանի ու հայերու դէմ կայացուած «դատավճիռներու» նախօրօին նիկոլ փաշինեանն ու իլհամ ալիեւը Ապու Տապիի մէջ խաղաղութեան մրցանակ կը ստանան։ Ահա թէ ինչպիսին է եւ ինչի մասին «խաղաղութեան գործընթացը»։

պաքուի ռազմական դատարանին կողմէ դատապարտուած գերեվարուած հայերը իրականութեան մէջ փաստացի պատանդներ են ազրպէյճանի ձեռքը։ Առանց այդ պատանդներու անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակման, Հայաստանի, Արցախի ու ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին խօսիլը ծաղրանք է, անկախ անկէ թէ ովքեր են այդ խոսոյթին հեղինակները։

Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բոլոր գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Կոչ կ՝ընենք մեր տարածաշրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ջատագով ուժերուն, առհասարակ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար աշխատող միջազգային բոլոր կառոյցներուն՝ հետամուտ ըլլալու եւ աջակցելու հայ գերիներու ազատ արձակման հարցին։

Արցախի, Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ իսկական խաղաղութեան մասին կարելի է խօսիլ միայն արցախցիներու անհատական ու հաւաքական բոլոր իրաւունքները, ներառեալ պատանդներուն հայրենիք վերադարձը ապահովելու ճանապարհով։

Ատիկա կ՝ենթադրէ բոլոր առումներով իսկապէս ուժեղ հայրենի պետութիւն եւ ազգային նպատակներու շուրջ համազգային համախմբում։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանձնառու է եւ պիտի շարունակէ այդ նպատակին միտուած կազմակերպուած ու նպատակասլաց պայքարը։

ՀՅԴ Բիւրօ

5 Փետրուար, 2026 թ.

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/02/05/306697