Սուրբ Էջմիածինը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արցախի Պատանդառուած Պետական Գործիչներուն, Ռազմագերիներուն Եւ Անոնց Ընտանիքներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Խորը ցաւով տեղեկացանք պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ կայացուած ակնյայտ շինծու դատավճիռներուն մասին։ Այս մասին գրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն տարածուած յայտարարութեան մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ աշխարհասփիւռ իր կառոյցներով շարունակելու հետեւողական ջանքեր գործադրելու միջազգային եւ միջեկեղեցական հարթակներու վրայ՝ ի խնդիր գերեվարուած հայորդիներու ազատ արձակման եւ Հայրենիք վերադարձի։

Սուրբ Էջմիածինն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի պատանդառուած պետական գործիչներուն, ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։