Հայաստանի Սենեկային Պետական Նուագախումբը Պէյրութի Մէջ Ելոյթ Պիտի Ունենայ․ Հաղորդագրութիւն
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբին ելոյթը:
Եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասեր շրջագայութեան ծիրին մէջ, նուագախումբի Լիբանան հիւրընկալումը նաեւ, վստահ ենք, որ պիտի արժանանայ մշակութասէր հանրութեան գնահատանքին` ստեղծելով լայն խանդավառութիւն: Յայտնենք, որ վերջին անգամ Սենեկային նուագախումբը Լիբանան այցելած է 27 տարիներ առաջ, եւ ահաւասի՛կ դարձեալ առիթ կ՛ընձեռուի լիբանանահայութեան նոյն թարմացուցած սերունդին կողմէ վայելելու երաժշտական բարձրորակ կատարում մը:
Նուագախումբի լիբանանեան ելոյթի խմբավարն է լոնտոնաբնակ միջազգային թենոր եւ խմբավար մայեսթրօ Սիփան Օլահ, իսկ իբրեւ մենակատար յայտագիրին կը մասնակցի լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Շողիկ Թորոսեան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցին մէջ դասախօս է եւ նաե՛ւ «Կարկաչ» երգչախումբի խմբավար: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ լիբանանահայ եւ այժմ լոնտոնաբնակ դաշնակահար Մարիա Փալազեան:
Համերգի թեմա ճշդուած է «Լոյսով` լոյսին» Համազգայինի նշանաբանը: Յայտագիրին մէջ ներառուած են Շուպերթէն, Արտիթիէն, Լեհարէն, Ազնաւուրէն, Խաչատուրեանէն, Տիգրանեանէն, Սարեանէն եւ այլ մեծ երաժիշտներէ յօրինումներ:
Համերգը կը վայելէ լիբանանահայ երեք համայնքապետներու հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ Պէզիքեան ընտանիքին բարերարութեամբ` ի յիշատակ տիկին Անի Պէզիքեանի:
Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ հանգուցեալ Անի Պէզիքեաններու ներդրումը մեծ է լիբանանահայ համայնքին տարբեր ոլորտներուն մէջ: Պէզիքեան ընտանիքը իր զանազան բարերարութիւններով եւ ընկերային ծառայութիւններով, կրթական ու առողջապահական համաժողովրդային ծրագիրներով, զօրավիգ դարձած է ու կը շարունակէ դառնալ լիբանանահայութեան: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառի հովանաւորութեամբ Պէզիքեան ընտանիքը վերջին 15 տարուան ընթացքին ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շինարարական մեծ ծրագիրներու բարերարութիւնը:
Սենեկային նուագախումբի համերգի կազմակերպումը Համազգայինի առաքելութեան մաս կազմող եւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման սատարող կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու համատեղ մասնակցութիւնը ձեռնարկին` այս գաղափարը խորացնող կարեւոր նախադրեալ մը կը կազմէ:
Այս առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պէզիքեան ընտանիքին եւ այն բոլոր անհատներուն, որոնք զօրավիգ դարձան այս եզակի համերգի ծրագիրի իրականացման:
Բարի վայելում կը մաղթենք լիբանանահայ հանդիսատեսին եւ անգամ մը եւս կու գանք վստահեցնելու, որ պիտի շարունակուի Համազգայինի մշակութանուէր առաքելութիւնը, եւ այս իմաստով մեր գործը խթանողը դուք բոլորդ էք` համազգայնականներ, բարերարներ, հանդիսատեսներ եւ մեր գործին հաւատացող բարեկամներ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
