Սահմանադրութիւնը Կարելի Չէ Շրջանցել․ Տիգրան Ճինպաշեան
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւններու եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ արուեստականօրէն ծագած տագնապը կը շարունակուի եւ նոր դրսեւորումներ կ՛ունենայ: Յիշեցնենք, որ տագնապը հրահրուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, երբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Զուիցերիոյ մէջ գումարուած միջեկեղեցական համագումարի մը խօսք առնելով արծարծեց Արցախի գաղթական ժողովուրդի վերադարձի, Արցախի եկեղեցական ու այլ կոթողներու պահպանման ու բանտարկուած ռազմագերիներու ազատութեան առնչուած պահանջները: Քանի որ Արցախի հարցը իշխանութիւններուն համար փակուած է, այս պահանջներուն արծարծումը համարուեցաւ պետական քաղաքականութեան դէմ մեղանչում: Կաթողիկոսի կարծեցեալ մէկ սխալը պատրուակ ծառայեցնելով, յայտարարուեցաւ, որ ան կարգազուրկ դարձած է (ենթադրաբար երկար տարիներ առաջ) եւ թէ անոր կաթողիկոսական ընտրութիւնը անօրինական է: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացաւ իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալ հետեւորդ, պահանջեց կաթողիկոսին հրաժարականը:
Իր հրաժարականի պահանջին արձագանգ եւ ժողովրդային բաւարար նեցուկ չգտնելով, Նիկոլ Փաշինեան յաջողեցաւ գտնել կաթողիկոսէն զանազան պատճառներով գժտուած տասը եպիսկոպոսներ եւ անոնց հետ կազմեց Խորհուրդ մը, որ հրապարակեց Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումի ծրագիր մը: Ծրագիրը կ՛ենթադրէ կաթողիկոսի հեռացումը, տեղապահի մը ընտրութիւնը, եկեղեցւոյ նոր կանոնագրութեան մշակումը եւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը:
Զուգահեռաբար կատարուած էին բազմաթիւ գրգռիչ արարքներ. չորս եպիսկոպոսներու բանտարկութիւն տարբեր ու մտացածին պատրուակներով, եկեղեցւոյ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութիւն, կաթողիկոսին աշխարհական անունով յիշատակում եւ այլն: Այս երեւոյթները աշխուժօրէն կը քննարկուէին մամուլով, յայտարարութիւններով եւ ապօրինի կրօնական պաշտամունքներով: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը խոհեմութիւնը ունեցաւ լուռ մնալու իր անունին օգտագործումով Հայ եկեղեցւոյ դէմ բացուած դաւադիր հալածանքին: Վերջին դրսեւորումը հանդիսացաւ բանակի գնդերէցներու ծառայութեան ջնջումը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը ունի հոգեւորականներէ եւ քանի մը աշխարհականներէ կազմուած Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդ մը, նշանակուած կաթողիկոսին կողմէ: Բարեկարգումի խորհուրդի անդամներէն ոմանք անդամ էին Գերագոյն խորհուրդին: Երբ անոնք մերժեցին մասնակցիլ խորհուրդի նիստերուն եւ տապալեցին մեծամասնութիւնը, կաթողիկոսը իրենց փոխարէն նորեր նշանակեց: Ապա մասեացոտնի թեմի առաջնորդը (Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը) պաշտօնանկ հռչակեց: Պաշտօնազուրկ դարձած եպիսկոպոսը դիմեց… դատարան, պահանջելով իր պաշտօնին վերահաստատումը: Կարծէք ինք ընկերութեան մը տնօրէնն էր, կամ պետական սպասարկութեան մը պետը, որ անարդարօրէն հեռացուցած էր իր դիրքէն: Դատարանը, իր սովորութեան անյարիր շտապողականութեամբ նոյն օրն իսկ պահանջեց առաջնորդական պաշտօնին վերստանձնումը, մինչեւ հարցին վերջնական վճռումը: Հետեւեցաւ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի դիմումը կաթողիկոսին կարգազուրկ հռչակելու Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, ինչ որ իրականացուց կաթողիկոսը: Իշխանական կողմը անընդունելի նկատեց կայացած որոշումները:
Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը որոշեց ստեղծուած կացութիւնը քննելու եւ ի հարկին Ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարելու որոշում կայացնելու համար գումարել կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսական ժողով: Ժողովը ճնշումներէ զերծ պահելու համար որոշուեցաւ զայն գումարել Աւստրիոյ մէջ, 16-էն 19 փետրուար 2026-ին: Նիկոլ Փաշինեան իրաւական օրինական լուծում չ՛ուզեր. Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներ, դատարանի որոշումը խափանելու մեղադրանքով հրաւիրուեցան ոստիկանութեան եւ երկրէն բացակայելու արգելքի ենթարկուեցան: Այժմ յայտնի չէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ գումարել Եպիսկոպոսական ժողովը:
Իբրեւ թէ անձնական, սակայն փաստօրէն պետական իշխանութեան միջոցներով, ամէնէն գայթակղեցուցիչը` դատական իշխանութեան մեղսակցութեամբ կատարուող այս հալածանքը, ի սկզբանէ հակասահմանադրական է: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը երկու յօդուածներով կ՛անդրադառնայ եկեղեցիին:
Յօդուած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները
- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:
- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:
Յօդուած 18- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:
- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով: Օրէնքով, ոչ մէկ դատարան, ոչ մէկ իշխանութիւն, ոչ մէկ Նիկոլ Փաշինեան չեն կրնար միջամտել եկեղեցւոյ գործերուն. եկեղեցին Հայաստանի Սահմանադրութեան յստակ կարգաւորումով ինքնակառավարուող անկախ կառոյց է` բացառիկ առաքելութեամբ:
Ե՞րբ պիտի դադրի հակասահմանադրական մոլուցքը:
