Ֆրանսայի ԱԺ Միաձայն Կողմ Քուէարկած է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Բանաձեւին
Լորան Վոգիէի ներկայացուցած բանաձեւ-ին, որ առաջարկած է Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը, 183 ներկաներէն ստացուած է 183 «կողմ» ձայն։
-Մենք զերոյի հասցուցած ենք ազրպէյճանի ազդեցութիւնը Ֆրանսայի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ՝ Մուրատ Փափազեան։
Բանաձեւը, կ՝արձանագրէ, որ հայ բանտարկեալներուն վերաբերեալ շարունակուող դատավարութիւնները կը հանդիսանան Հայաստանի գոյութեան ժխտման ուղղուած ազրպէյճանի համակարգուած քաղաքականութեան մաս։ Ըստ ընդունուած հաղորդագրութեան՝ այս գործողութիւնները կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բնաջնջման ուղղուած քաղաքականութեան եւ հայկական պատմական ու մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման շարունակութիւնը։
Ֆրանսացի օրէնսդիրները կը նախազգուշացնեն, որ հայ գերիներու շարունակական կալանքն ու դատական գործընթացները կրնան երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ վտանգել 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համատեղ հռչակագրի դրոյթներուն իրականացումը։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ թէեւ այդ հռչակագիրը պաշտօնապէս յայտարարեց տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան աւարտին մասին, անիկա չի հասցէագրեր հայ բանտարկեալներու յետագայ ճակատագրի հարցը։
Վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը հայրենի հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան՝ պատգամաւորները ընդգծած են, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է տարածուի նաեւ Արցախի հայ բնակչութեան վրայ։ Բանաձեւը կը շեշտէ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը՝ ազրպէյճանէն պահանջելու երաշխաւորուած պայմաններ անոնց անվտանգ վերադարձին համար։ Եզրափակելով փաստաթուղթը՝ Ազգային ժողովը խստօրէն դատապարտած է Արցախի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւններն ու դատավարութիւնները՝ զանոնք որակելով որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում։
