ՀՀ Կառավարութիւնը Իր Ուժը Զէնք Դարձուցած է Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ․Վարդեւանեանի Ելոյթը IRF Գագաթնաժողովի Ընթացքին

Աշխարհ, Հայաստան

Ես կու գամ իմ հայրենիքէն՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն՝ ուժեղ երկրէն, որ հարուստ է տաղանդաւոր եւ աշխատասէր մարդոցմով։ Ազգ մը, որ ենթարկուած է ցեղասպանութեան, ճնշումներու, շրջափակումներու, տեսած է պատերազմներ, բայց երբեք չէ կորսնցուցած հաւատքը։ Այս մասին Ուաշինկթընի մէջ ամենամեայ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթնաժողովին (International Religious Freedom Summit) իր ելոյթին մէջ նշած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը։

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «301 թուականին Հայաստանը ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, որ մեր երկիրը դարձուց առաջին քրիստոնեայ ազգը։ Դարեր շարունակ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պահպանած է մեր ազգային, կրօնական եւ մշակութային ինքնութիւնը։ Դժուարին ժամանակներուն, նոյնիսկ ինքնիշխանութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Եկեղեցին մնացած է մեր խարիսխը՝ միաւորելով հայերը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։

Վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդը դիմակայած է նոր դժուարութիւններ։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը, որուն յաջորդեց աւելի քան 120,000 հայերու բռնի տեղահանումը իրենց տուներէն։ Դարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներն ու վանքերը վանտալութեան ենթարկուած են՝ զրկելով քրիստոնեայ հայերը պաշտամունքի վայրերէն, ուր կը պահուէին սուրբ մասունքներ։

Մեր խօսքի ընթացքին Քրիստոնեայ հայերը որպէս քաղբանտարկեալներ կը պահուին ազրպէյճանի մէջ, ուր այսօր կը գտնուի անոնցմէ առնուազն 19-ը։ Յատկանշական է, որ նախագահ Թրամփը հրապարակաւ աջակցած է պաքուի մէջ գտնուող հայ գերիներու ազատ արձակման։

Թէեւ Հայկական Եկեղեցին ենթարկուած է կրօնական հալածանքներու օտար պետութիւններուն կողմէ, այսօր մենք ականատես կ՝ըլլան աներեւակայելի երեւոյթի՝ միջամտութեան մեր Եկեղեցւոյ վրայ Հայաստանի կառավարող ուժերու եւ կառավարութեան կողմէ։ Անցեալ գարունէն սկսեալ՝ Հայաստանի կառավարութեան առաջատար դէմքերը գործադիր իշխանութեան պահանջած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Հայ Սուրբ Եկեղեցւոյ առաջնորդի հրաժարականը։ Ասիկա նոյնն է, ինչ եթէ կաթոլիկ երկրի առաջնորդը պահանջէր Հռոմի Պապի հրաժարականը։

Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս եպիսկոպոսներ կը շարունակեն կալանաւորուած մնալ: Մեր Առաքելական Եկեղեցւոյ վեց սրբազաններու մեղադրանք ներկայացուած է, սահմանափակելով ազատ տեղաշարժը: Այս մեղադրանքները կը խախտեն պատշաճ իրաւական գործընթացը եւ կը հակասեն իրաւական երաշխիքներուն։ Անցեալ Յունիսին ձերբակալուեցաւ եւ կալանաւորուեցաւ նաեւ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենախոշոր հովանաւորը՝ Սամուէլ Կարապետեանը, որուն ներկայացնելու պատիւը ունիմ ես։

Երբ լրագրողը հարցուց պարոն Կարապետեանին Եկեղեցւոյ հալածանքներու մասին, ան յայտարարեց, որ միշտ կանգնած եղած է Հայ Եկեղեցւոյ կողքին եւ պիտի մասնակցի Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան՝ կը մէջբերեմ՝ «Մեր ձեւով»։

Ի պատասխան այդ խօսքերուն՝ Հայաստանի վարչապետը հրապարակաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ։ Քանի մը ժամ անց պարոն Կարապետեանի տունը խուզարկուեցաւ, եւ ան ձերբակալուեցաւ ու կալանաւորուեցաւ իշխանութիւնը գրաւելու հրապարակային կոչի մեղադրանքով։ Միայն այդ խօսքերուն համար պարոն Կարապետեանը 200 օր անցուց ծանրագոյն պայմաններու մէջ, ՔԿ հիմնարկի մը, որ յայտնի է, որպէս «ԿԳԲ-ի պատուալ»։

Հայաստանի կառավարութիւնը իր ուժը զէնք դարձուցած է մեր Եկեղեցւոյ դէմ։ Նախնական կալանքը վերածուած է պատիժի, որ անընդունելի է։ Մեր ազգային բարերարը եւ սուրբ առաջնորդները դարձած են քաղբանտարկեալներ մեր իսկ երկրին մէջ։

Իմ փաստաբանական 15 տարուան փորձին ընթացքին ես երբեք չեմ տեսած կրօնական ազատութեան նման ակնյայտ խախտումներ: Մէկ տարի առաջ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը շատ կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ. «Մենք պէտք է աւելին ընենք, քան պարզապէս խօսինք ժողովրդավարական արժէքներու մասին։ Մենք պէտք է ապրինք անոնցմով»։

Ես կը հաւատամ, որ այս իսկ բանաձեւին միջոցով հնարաւոր է յաջողիլ։ Ես կ՝աղօթեմ, որ մենք միասին կարենանք խթանել եւ աւելի լաւ պաշտպանել կրօնի ազատութիւնը ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով։ Ես կ՝աղօթեմ բոլոր անոնց ազատութեան համար, որոնք ապօրինի կերպով կալանաւորուած են եւ կ՝ենթարկուին անօրինական հալածանքներու իմ հիասքանչ երկրին եւ արտասահմանի մէջ։

Շնորհակալութիւն, Աստուած բոլորին պահապան»։

Նշենք, որ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթնաժողովի գործընկերն է «Մեր ձեւով» շարժումը։