Եկեղեցական Կեանքը Յուզող Կարեւորագոյն Հարցերը Պէտք է Պատշաճ Լուծումներ Գտնեն Եկեղեցւոյ Ընկալեալ Կարգին Համաձայն․ Յայտարարութիւն
Յունուար 21-ին Հայ Եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած բարենորոգման շարժման ինքնահռչակ համակարգող խորհուրդին անունով տարածուեցաւ յայտարարութիւն, որմով հերթական անգամ կը խեղաթիւրուին իրողութիւնները եւ կը փորձուի մոլորեցնել հաւատաւոր մեր ժողովուրդը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խորապէս կը ցաւի հակաեկեղեցական արշաւին ու անոր ներգրաւուած կարգալոյծ համախորհուրդ տասը եպիսկոպոսներուն որդեգրած պառակտիչ ընթացքին համար։
Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի վարչապետին նախաձեռնած շարժման յարող եպիսկոպոսներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ուղղուած յորդորներն ու հրաւէրները ցայսօր մնացած են անպատասխան եւ անտեսուած են կանոնական դաշտ վերադառնալու, խնդիրները եկեղեցական ատեաններու մէջ քննելու առաջարկները։ Միեւնոոյն ժամանակ թէ՛ անցեալին, թէ՛ առաւել եւս այսօր յիշեալ եպիսկոպոսներուն կողմէ որեւէ կերպով չեն մատնանշուած իրատեսական ճանապարհները Եկեղեցւոյ եւ իշխանութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, ընդհակառակը՝ ակնյայտ ազդեցութեան ներքոյ շարունակ փորձեր կը կատարուին խնդիրները հանգուցալուծելու ոչ կանոնական դատապարտելի ուղիներով։
Անընդունելի է կասկածի տակ դնել եկեղեցական մարմիններու իրաւազօրութիւնը, որոնց աշխատանքներուն տասնամեակներ շարունակ յիշեալ եպիսկոպոսներէն շատերը բերած են իրենց մասնակցութիւնը, որոշումներ ընդունած եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած Եկեղեցւոյ գործունէութեան հետ առնչուած։ Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ պարզաբանումներ արդէն իսկ պաշտօնապէս տրուած են։
Իշխանութիւններու հակասահմանադրական քայլերուն հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակի յաղթահարման ճանապարհներէն է նաեւ հրաւիրեալ Եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն կանոնականութիւնը որեւէ կերպով չի պայմանաւորուիր գումարման վայրով։ Եկեղեցական կեանքը յուզող կարեւորագոյն հարցերը, ներառեալ՝ բարձրաձայնուող խնդիրները, պէտք է քննութեան առնուին եւ պատշաճ լուծումներ գտնեն Եկեղեցւոյ ընկալեալ կարգին համաձայն, բացառապէս եկեղեցական ժողովական մարմիններուն մէջ։ Հարկ չկայ կանխակալ տրամադրութիւններ ձեւաւորելու եւ հիմնազուրկ պատճառաբանութիւններով ու կեղծ մեղադրանքներով փորձելու ձախողել ժողովին գումարումը արտերկրի մէջ, երբ ակնյայտ են եկեղեցականութեան հանդէպ Հայաստանի մէջ տարատեսակ բռնաճնշումները։
Եկեղեցական կեանքի վերանորոգումը եւ զօրացումը շարունակական գործընթաց է, որ կը պահանջէ աղօթական միութիւն, տեւական ու միասնական աշխատանք եւ ուխտապահութիւն։
Հաւատարիմ իր Տէրունաշնորհ առաքելութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր եկեղեցական աշխարհասփիւռ կառոյցներով իր ջանքերը պիտի բերէ ի նպաստ հայոց անկախ պետականութեան զօրացման, մեր ժողովուրդի խաղաղ, բարօր ու առաջընթաց կեանքի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
