Յարափոփոխ Սփիւռքի Տեղաշարժը․ Նայիրի Մկրտիչեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պատմութեան ընթացքին տարբեր գործօններ պատճառ կը հանդիսանան Սփիւռքի համայնքներու փոփոխութեան ու տեղաշարժման։ Նոյնն է իրավիճակը նաեւ վերջին մօտ երկու տասնամեակներուն. յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմաններուն բերումով, բազմաթիւ հայեր տեղափոխուեցան այլերկիրներ՝ նոր շունչ տալով իրենց ապաստանած համայնքներուն եւ նօսրացնելով հայութեան թիւը այն վայրերուն մէջ, ուրկէ գաղթած են։

Բնականաբար ողջ Սփիւռքին անդրադառնալը բարդ է, հետեւաբար պիտի ներկայացնեմ համայնքները այն երկիրներուն, որոնց հետ առնչութիւն ունիմ եւ այն՝ ուր այցելած եմ վերջերս։

Սկսիմ ծննդավայրէս.

Գամիշլիի հայկական համայնքին թիւը պատերազմէն առաջ կը կազմէր շուրջ տասը հազար, ազգային դպրոցի աշակերտութեան թիւը (մանկապարտէզէն մինչեւ 9-րդ դասարան) մօտ 1200 աշակերտ էր: Այսօր տեղի հայութեան թիւը կը կազմէ ոչ աւելի քան 2500, որոնց մէկ մասը մօտակայ շրջաններէն տեղափոխուած հայեր են, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան՝ կը կազմէ շուրջ 350 աշակերտ։ Զարմանալիօրէն, համայնքը այս տարիներուն ունեցաւ մի քանի աննախադէպ նուաճում. ազգային դպրոցը իննամեայէն դարձաւ 12-ամեայ, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը ունեցաւ իր մշակութային սրահը՝ կահաւորուած տարբեր դասընթացներու (պար, նուագ, ամառնային դպրոց) համար, Ս.Օ. Խաչի «Արցախ»-ի մասնաճիւղը ունեցաւ իր կարի արհեստանոցն ու ճաշարանը։ Աւարտին կը մօտենայ նաեւ նորակառոյց մեծ եկեղեցին՝ իր ներքնայարկի մեծ սրահով։ Այս բոլորը բնականաբար կը պարտինք համայնքի նուիրեալ զաւակներուն, հոգեւորականներուն ու համայնքը ճիշդ կառավարելու ռազմավարութեան։

Այնուամենայնիւ համայնքը այսօր լուրջ խնդիրի առջեւ է. այս կրթական տարեշրջանին բացուած են միայն մանկապարտէզի դռները, որովհետեւ քրտական իշխանութիւնը դպրոցներուն կը պարտադրէ քրտերէն կրթական ծրագիրը, որ վաւերական է միայն Գամիշլիի եւ Իրաքին մաս կազմող Իրպիլ քաղաքին մէջ, այսինքն՝ Գամիշլիի դպրոցը աւարտած աշակերտը, բարձր կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կրնայ ունենալ միայն Գամիշլիի եւ Իրպիլի մէջ։ Հետեւաբար, ապահովութեան համար, կրթական տարեշրջանի առաջին երկու ամիսներուն դպրոցի դռները մնացին փակ։ Նոյեմբեր 2-ին, քիւրտերու հետ համաձայնութեան եզրեր գտնելով, դպրոցները բացուեցան՝ վերսկսելով իրենց բնականոն դասընթացները։ Ամէն պարագայի, ապագան կը մնայ անորոշ։

Ո՞ւր տեղափոխուեցան ա՛յս համայնքի զաւակները։

Փոքր թիւ կը կազմեն Հայաստանի մէջ կայք հաստատած հաստատակամ գամիշլիցիներ, որոնք կը մերժեն այլ երկիրներ տեղափոխուիլ։

Երկու տասնամեակներու ընթացքին մեծ թիւ կը կազմեն Եւրոպա, յատկապէս՝ Շուէտ, Հոլանտա, Պելճիքա եւ Գերմանիա տեղափոխուածներուն թիւը։

2025 թուականի ամրան, այցելեցի Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի նորակառոյց (2023 թուական) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ապշեցայ, տեսնելով հոծ բազմութիւնը, աչքի շարժումով հաշուեցի մօտ 300 հաւատացեալ, որոնց զգալի մասը իրաքահայեր էին, միւս մասը՝ գամիշլիցիներ։ Երբ տեղաբնակ ծանօթներէս մէկուն հարցուցի, թէ ամէն Կիրակի այսքան մարդ եկեղեցի կու գա՞յ, ո՛չ՝ պատասխանեց, այսօր շատ քիչ են, որովհետեւ ամառ է, եւ մեծ մասը ճամբորդած է, սովորաբար թիւը կրկնակի կ’ըլլայ, իսկ յատուկ առիթներուն՝ շատ աւելի։ Համայնքի տրամադրած տեղեկութիւններով՝ Ալմելօն Հոլանտայի երկրորդ հայաշատ շրջանն է (7000 հայ), առաջինը՝ Ամսթերտամն է, ուր կը բնակի 5000 հայ։ Երկրի հայութեան թիւը կը կազմէ 30-35000։

Պատարագող քահանան էջմիածնական թեմի Տէր Մաշտոց քահանայ Պաղտասարեանն էր, որ յանուն իր ժողովուրդին, կը խօսէր շատ վարժ արեւմտահայերէն, երբեմն նոյնիսկ տարբեր լեզուներով (հոլանտերէն, քրտերէն) բառեր կը գործածէր, իր ըսելիքը տեղ հասցնելու համար։ Իր համեստութեամբ ու նուիրումով օրինակելի հոգեւորականի կերպար էր։

Համայնքի խորհուրդին մեծ մասը քրտախօս կամ արաբախօս է, սակայն հոգիով ու էութեամբ հայեր են, որոնք կը ձգտին պահպանել իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը։ Համայնքէն ներս, առ այժմ, կը գործէ միօրեայ դպրոցը, ուր կը յաճախեն արեւելահայ եւ արեւմտահայ ընտանիքներու զաւակներ՝ հայերէն սորվելու եւ կրօնական գիտելիքներ ստանալու համար, այժմ աշխատանք կը տարուի նոր ուժերով աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ներգրաւելու։

Այնտեղ կը գործեն նաեւ ՀՄԸՄ-ը՝ սկաուտական կազմով, ՀՕՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը, «Երեւան» ակումբը։

Յաջորդ այցս Գերմանիա էր. եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող հայութեան յստակ թիւը գիտնալու փաստացի տուեալներ չկան, քանի որ ՀՀ դեսպանատուն գրանցուած հայերուն թիւը շատ քիչ է, իսկ չգրանցուածներունը՝ շատ աւելի, սակայն եկեղեցականներուն եւ այլ միջոցներով կրցայ ունենալ նուազագոյն թուապատկեր մը։ Գերմանիոյ մէջ կը բնակի ոչ պակաս քան 80,000 հայ, որոնցմէ շուրջ 30,000-ը միայն ունին դեսպանատան գրանցում։ Հիմք ընդունելով եկեղեցական արարողութիւններուն (կնունք, պսակադրութիւն, թաղում, պատարագ, տօներ եւ այլն) մասնակցողներուն ներկայութիւնը՝ Գերմանիոյ հայութեան թիւը կրնայ ըլլալ 80-100 հազար։ Գերմանիոյ համայնքի պաշտօնական էջի տուեալներով, 1930 թուականին Գերմանիոյ մէջ բնակող հայութեան թիւը կը կազմէր 700:

Այսօր Գերմանիոյ մեծաթիւ հայութիւնը կազմուած է 16 եկեղեցական եւ 30 աշխարհիկ ու մշակութային համայնքներէ։ Ամենամեծ թիւը կը կազմէ Քէօլն քաղաքի ու անոր շրջակայքը ապրող հայութիւնը (6500-7000). այս քաղաքին մէջ հիմնադրուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թեմը (1991 թ.)՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակով։

Գերմանիոյ մէջ հայկական ճարտարապետութեամբ եկեղեցի չկայ, սակայն կան հայերուն տրամադրուած երեք եկեղեցիներ, որոնցմէ մէկը Քէօլնի կաթոլիկ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցին է, անոր կից կը գտնուի նաեւ առաջնորդարանը։ Իրաւական իմաստով եկեղեցին ամբողջութեամբ չի պատկանիր Հայ Առաքելական եկեղեցիին, սակայն անոր տրուած է զայն գործածելու ամբողջական իրաւունքը։

Հեսսենի եւ հարաւային Ռէյնլանտ-Պֆալցի հայկական համայնքը թիւով երկրորդն է (մօտ 4000 հայ), իսկ շրջանի չորս համայնքներու ծխական քահանան Տէր Վահրիտճ Պաղտասարեանն է։

Առիթ ունեցայ այցելելու Պեպրա քաղաք, որ կը մտնէ Հերսֆելտ-Ռոդենպուրկ շրջանի կազմին մէջ։ Ինչպէս Գերմանիոյ միւս համայնքներուն մէջ՝ այստեղ նոյնպէս ամիսը մէկ անգամ տեղի եւ մօտակայ շրջաններու հայերը կը մասնակցին եկեղեցական արարողութեան, ապա կը հաւաքուին վարձակալուած եկեղեցիին կից գտնուող սրահէն ներս՝ հոգեւոր զրոյցներ ունենալու կամ Աստուածաշունչի սերտողութիւն կատարելու։ Տարին երկու անգամ, այս համայնքի փոքրաթիւ հայերը կը մասնակցին քաղաքապետարանի կազմակերպած փառատօնին, կը վաճառեն իրենց պատրաստած ճաշերը եւ հասոյթը կը յատկացնեն բարեգործական նպատակներու՝ աջակցելով Գամիշլիի համայնքին եւ նպաստելով Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Մասնակցեցայ Օգոստոս ամսուան Կիրակնօրեայ Պատարագին, ուրախալի էր դպիրներուն մէջ երիտասարդներ տեսնելը, որոնք ժամանակ կը յատկացնեն մասնակցելու եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, կարծես ի երախտագիտութիւն իրենց ծնողներու տարած աշխատանքին եւ Տէր Հօր նուիրուածութեան։ Այստեղ նոյնպէս Տէր Վահրիտճը իր արեւելահայերէնը փոխած էր արեւմտահայերէնի, որովհետեւ ներկաներուն գերակշիռ մասը արեւմտահայեր էին։ Ուրախալի էր հանդիպիլ եւս մէկ նուիրուած, համեստ,աշխատասէր երիտասարդ հոգեւորականի, որուն հետ զրուցելով ծանօթացայ իր ծուխի կարգավիճակին եւ համայնքի դժուարութիւններուն։

Տէր Վահրիտճի խօսքերուն համաձայն՝ Գերմանիոյ համայնքներու զաւակները հայ պահելու կարեւորագոյն օղակը եկեղեցին է իր շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ 10 դպրոցներով։ Պէտք է շեշտել, որ ընդհանրապէս Եւրոպայի «Կիրակնօրեայ դպրոցներ»-ը տարբեր են, այնտեղ կը դասաւանդուի գլխաւորաբար հայոց լեզու, որուն զուգահեռ աշակերտներուն կը փոխանցեն նաեւ կրօնական գիտելիքներ։ Կան նաեւ աշխարհիկ համայնքներու միօրեայ դպրոցներ, միութիւններ, մշակութային խմբակներ եւ այլն։

Շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն գերակշռող մասը արեւելահայերէն խօսող են, կան նաեւ արեւմտահայերէն դասեր ուսուցանող դպրոցներ։

Տէր Վահրիտճի ծառայած 4 համայնքներէն միայն մէկը ունի շաբաթօրեայ դպրոց, ուր կը յաճախէ 15 երեխայ՝ շաբաթը մէկ օր հայերէն սորվելու, իսկ ամիսը մէկ անգամ կրօնի դասերուն հետեւելու՝ պահելով իրենց կրօնական ինքնութիւնը։

Անդրադառնալով Գերմանիոյ համայնքի դժուարութիւններուն՝ զրուցակիցս յատնեց, որ գլխաւոր խնդիրը ցրուածութիւնն է. Գերմանիոյ հինգ-վեց հոգեւորականներէն իւրաքանչիւրը ունի մի քանի ծուխ, եւ երբեմն եկեղեցական արարողութիւն մը կատարելու համար անոնք կը ստիպուին 100-300 քլմ. քշել, որպէսզի տեղ հասնին։

Այլ դժուարութիւն է նաեւ, որ ոչ բոլոր հայերն են հայախօս, անոր համար քարոզները յաճախ կը կատարեն նաեւ գերմաներէն։ Շատ է նաեւ օտար ամուսնութիւններուն թիւը։ Համայնքը ունի նաեւ նիւթական դժուարութիւն, որովհետեւ 80,000 հոգիէն հազիւ 2700-ը կը վճարէ իր ազգային տուրքը։

Յարափոփոխ Սփիւռքը կազմակերպելու եւ համակարգելու աշխատանքը շատ բարդ գործընթաց է, յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ չկայ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն վերապահուած էր Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներուն քաղաքականութեան համակարգումը։