Հայրապետական Հռչակագիր 2026 – Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր Տարուան սեմին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր Տարին Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտութիւններով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապետական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Մեր թեմերուն ու ժողովուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձառութիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելակերպեր ու գործելակերպեր յառաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայլեր: Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026 տարին որոշեցինք հռչակել՝
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ
Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Արդարեւ, մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կրնայ մեզ հեռացնել մեր հոգեւոր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն, մեր արմատներէն ու ինքնութենէն. այլ խօսքով՝ մեր կեանքին գոյութեան աղբիւրէն, Աստուծմէ:
Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ.- «Անոնք որ միա՛յն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է»: Շարունակելով իր խօսքը, Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):
Առաքեալին համար հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հոգեւորը նկատել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աստուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռնանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած:
Ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհայնացած, աշխարհայնացած եւ ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած աշխարհին մէջ, ի տես պատերազմներով ու բռնութեամբ լեցուն ընկերութեան կեանքին, կենսոլորտային վտանգներուն, տնտեսական եւ այլ բազմազան տագնապներուն, դէպի հոգեւոր կեանք շարժում մը սկսած է դառնալ ակներեւ ամէ՛ն տեղ եւ բոլոր կրօններէն ներս: Ոմանք դէպի հոգեւոր հակումը կը նկատեն նիւթական աշխարհին մէջ մարդոց ունեցած ձախողութեան արդիւնք: Ուրիշներ, զայն կը մեկնաբանեն մէկ կողմէն, որպէս ծայրայեղ ու արմատական կրօնական շարժումներու արտայայտութիւն ու միւս կողմէն՝ տակաւ աճող բռնարարքներու եւ ահաբեկչական երեւոյթներու հակազդեցութիւն: Կան նաեւ ոմանք, որոնք դէպի հոգեւոր շարժում հակումը կը մեկնաբանեն որպէս երկնային միջամտութիւն՝ երկինքէն հեռացած եւ նիւթականով տիրապետուած աշխարհին մէջ: Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի, հոգեւոր կեանքին նկատմամբ հետզհետէ աճող ձգտում մը, հետաքրքրութիւն մը, հոգեւոր սնունդի կարօտ մը նկատառելի է՝ փառքով, հաճոյքով ու նիւթականով յղփացած ներկայ աշխարհին մէջ:
Դրական նկատուող այս երեւոյթին դիմաց նաեւ կը տեսնենք հոգեւոր կեանքի շահագործում: Հեռատեսիլներու վրայ երբեմն ականատես կ’ըլլանք այնպիսի տեսարաններու եւ ընկերային ցանցերու ճամբով յաճախ կը լսենք այնպիսի երեւոյթներու մասին – օրինակ հիւանդութիւններու բուժում ու տարօրինակ գուշակութիւններ – որոնք մեծ մասամբ կեղծ են ու փաստօրէն կը հետապնդենշահադիտական նպատակներ: Հոգեւոր արժէքները երբեմն կը շահագործուին բռնարարքներ կազմակերպելու եւ ատելութիւն սերմանելու նպատակով: Միւս կողմէն, ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք հոգեւոր կեանքին նկատմամբ արհամարհական մօտեցումներու, զայն նկատելով անիմաստ ու ժամանակավրէպ: Յիշեալ բացասական ու հակասական երեւոյթները ու մօտեցումները մեզ կը մղեն ճիշդ տեղեկութիւն, յստակ տեսակէտ եւ ուղղութիւն ունենալու հոգեւոր կեանքի իմաստին, նպատակին ու մանաւանդ անոր կարեւորութեան մասին:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ
Հոգեւոր կեանքը աշխարհի բոլոր կրօններու կենցաղակերպին, մտածելակերպին ու գործելակերպին էական մասը կը կազմէ: Այս ծիրէն ներս հասարակաց երեւոյթներու կողքին, կրօններու մօտ կան նաեւ տարբեր մօտեցումներ: Միաստուածեան երեք կրօններուն՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մօտ նմանութիւնները տիրական են, բայց նաեւ շեշտաւորումի ու արտայայտութեան տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Հրէութեան մօտ հոգեւոր կեանքը կ՚արտայայտուի Թովրայի նկատմամբ հաւատարմութեան ու աւանդութիւններու տառացի պահպանման մէջ, իսկ Իսլամութեան մօտ Քուրանի եւ Հատիս Նապաուի ուսուցումներուն անթերի գործադրութեան մէջ: Արեւելեան կրօններ՝ պուտիզմը, հինտուիզմը, Ճինիզմը ու Սիխիզմը, հետեւելով իրենց հիմնադիրներու կեանքին ու մտածողութեան, կը շեշտեն բարոյական սկզբունքներուն կիրառումը եւ միստիկ աւանդութիւններով – խոկում, եոկա, խիստ ծոմապահութիւն, ինքնազրկում, եւայլն – յատկանշուող վանական դրութիւնը: Ափրիկեան կրօններ հոգեւոր կեանքը կ’արտայայտեն երգի, պարի կամ մշակութի այլ ճիւղերու ճամբով:
Աշխարհի կրօններու շարքին քրիստոնէութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին իրեն յատուկ ուսուցումներու, սրբազան արժէքներու ու բարոյական սկզբունքներու շարքին նաեւ ներառած է այլ կրօններէն հոգեւոր կեանքի հետ աղերս ունեցող որոշ կերպեր ու աւանդութիւններ, անոնց տալով քրիստոնէական իմաստ, ինքնութիւն ու նկարագիր: Երեւոյթ մը, որ այնքան տիրական է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, մասնաւորաբար հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւն դարձի ժամանակաշրջանին:
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետեւաբար, Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունքներու, արժէքներու, պատուիրաններու եւ ուսուցումներու ամբողջութիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մարդուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադրութիւնը ու յիշեցումը՝ վերադառնալու Աստուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերը ու նմանութիւնը: Նոր Կտակարանը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ իրագործուած կոչ մըն է մարդուն՝ ապրելու Քրիստոսով տրուած «լեցուն կեանքը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկնային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճանապարհէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հոգեւոր կեանքը մարդուն վերադարձն է իր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ, ան Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումով:
Հոգեւոր կեանքը զանազան կերպերով ու աւանդութիւններով կ՚արտայայտուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Քրիստոնէութեան եզակի երեւոյթներէն մէկը հաւատքի ու մշակոյթի միախառնումն է. այլ խօսքով՝ հաւատքը ինքզինք կ՚արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամբով եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հաւատքի ազդու ներկայութեամբ: Այս իրողութիւնը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ բոլոր եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական երեւոյթ մըն է: Ահա թէ ինչու, նկատի ունենալով ազգերու մշակոյթներուն տարբերութիւնը, հոգեւոր կեանքը տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտաւորում ունեցած է քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Հին դարերէն սկսեալ Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու մշակոյթի կողքին նաեւ խորհրդապաշտութիւնը, դիցաբանութիւնը եւ բնազանցութիւնը իրենց որոշակի ազդեցութիւնը ունեցած են ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին ու մտածողութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի զանազան երեսներուն ու յատկապէս վանականութեան վրայ:
Ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է ծիսական ու վանական կեանքին վրայ: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ վանական կեանքին առընթեր՝ աստուածաբանական մտածողութեան վրայ: Բողոքական եկեղեցիներու մօտ Աստուածաշունչը կեդրոնական ներկայութիւն եղած է, որպէս հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Ափրիկեան եկեղեցիներ, ինչպէս մատնանշեցինք, կը շեշտեն արուեստներու ու յատկապէս երաժշտութեան ու պարի կարեւորութիւնը, որպէս հոգեւոր ապրումներու հարազատ արտայայտութիւն: Ասիական եկեղեցիները, որպէս փոքրամասնութիւն շրջապատուած ըլլալով այլ կրօններով, կրած են անոնց մտածելակերպին ու կենցաղակերպին զօրեղ ազդեցութիւնը: Իսկ Ամերիկայի ափրիկեան ծագում ունեցող Աւետարանական եկեղեցիները առաւելաբար ցուցական երեւոյթներու կարեւորութիւն կու տան, ազդուելով ափրիկեան մշակութային աւանդութիւններէն: Հետեւաբար, հոգեւոր կեանքը այսօր տարբեր կերպերով ու շեշտաւորումներով կը ներկայանայ մեզի քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Բնականաբար, այս բոլորին հիմքը ու հէնքը երկնային արժէքներու հաւատարմութեամբ՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ է երկրաւոր կեանքին մէջ:
Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ երկու երեւոյթներ կը մնան մտահոգիչ եւ ո՛չ ընդունելի.- Առաջին, քրիստոնէութեան աւանդական արժէքներէն ու աստուածաբանական ուսուցումներէն հետզհետէ հեռացումը եւ արեւելեան կրօններու աւանդութիւններու ու կերպերու որդեգրումը: Երկրորդ, «հաւատալը», որպէս անհատական ապրում, եւ մկրտութեամբ եկեղեցւոյ «պատկանիլը» իրարմէ անջատելը՝ առաջնահերթութիւն տալով առաջինին եւ փաստօրէն անտեսելով երկրորդը: Յիշեալ զարգացումներուն նկատմամբ եկեղեցիները խիստ վերաբերում ցոյց տուած են:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հպանցիկ ակնարկ մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.-
Ծէսի ճամբով առաւելաբար արտայայտուած է հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հին դարերէն սկսեալ ծէսը կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան զարգացման, դաւանաբանական տեսակէտներու բանաձեւման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կազմաւորման մէջ: Երեւոյթ մը, որ ընդհանրական կարելի է նկատել յատկապէս ուղղափառ եկեղեցիներու մօտ: Արդարեւ, ժամերգութիւններու, խորհրդակատարութիւններու, սրբոց տօնակատարութիւններու եւ եկեղեցական աւանդութիւններուն աղբիւրը եղած է ծիսական կեանքը՝ բնականաբար առանցք ունենալով սուրբ եւ անմահ պատարագը:
Վանական կեանքը եւս անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով ծէսին, եղած է հոգեւոր կեանքի կարեւոր շրջագիծը: Հեռու առօրեայ կեանքէն, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ամբողջական ու հարազատ կատարումով, ինչպէս նաեւ խստակրօն կենցաղակերպով յատկանշուող վանական կեանքը դարձած է հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մօտ, հոգեւոր կեանքին ամենէն ցայտուն ու համապարփակ արտայայտիչը: Այսօր, դժբախտաբար, մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պայմաններու պարտադրանքով վանական կեանքը փաստօրէն նահանջած է: Վանական կեանքի, վերականգնումը հարկ է որ կարեւոր տեղ գրաւէ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան օրակարգին վրայ:
Մշակոյթը դարձած է մեր բարոյական, ծիսական, աստուածաբանական, դաւանական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր արժէքներու զարգացման ու արտայայտման էական միջոց: Կարելի չէ հոգեւոր կեանքը իր բոլոր տարածքներով անջատել հայ մշակոյթէն, եւ՝ փոխադարձաբար:
Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներու պարագային, նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր կեանքը ենթակայ դարձած է միջավայրի ազդեցութիւններուն: Մերձաւոր Արեւելքէն ներս մեր եկեղեցին, մնայուն կապեր ունենալով ասորական, յունական եւ լատինական հոգեւոր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն հետ, որոշ տարրեր առած է անոնցմէ, զանոնք հայացուցած ու միախառնած իր աւանդութիւններուն: Արեւմուտքի մէջ եւս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը միշտ ենթակայ եղած է իր շրջապատի ազդեցութիւններուն: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի ինքնարտայայտութեան կերպերը եւ շեշտաւորումները ժամանակի ընթացքին որոշ փոփոխութիւն կրած են, մեր հոգեւոր կեանքը կրցած է պահել իր իւրայատուկ ինքնութիւնը՝ Աստուածաշունչը, մեր հայրապետներու հոգեւոր գրականութիւնը, մեր սուրբերուն վարքը եւ դարերու փորձառութիւնը ունենալով ներշնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՍՕՐ
Այսօր, պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբերաբար անցեալին: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հետեւեալ մատնանշումները կատարել.-
Առաջին, մեր եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն: Բնականաբար, ուղղափառ եկեղեցիներու նման հայ եկեղեցին եւս կը շարունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ ծիսական կեանքին՝ նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը հոգեւոր կեանքի զարգացման մէջ: Հետեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, հրամայական եւ անյետաձգելի կը համարենք ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներկայ պայմաններու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդութիւններու ու տօնախմբութիւններու ճոխացումով եւ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:
Երկրորդ, դարձեալ պայմաններու բերումով, պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան եւ ծառայութեան մէջ ազգայինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին: Մասնաւորաբար ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, հայապահպանման մտահոգութենէն մղուած, եկեղեցին առաւելաբար շեշտած է իր ազգային դերակատարութիւնը: Առանց անտեսելու ազգային արժէքներու կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղեցին յատուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով շեշտէ հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս՝ որպէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:
Երրորդ, իրապաշտ մօտեցումը այսօր ցոյց կու տայ, թէ մեր կրօնական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէ ներս՝ լուսանցքային: Ճի՛շդ է, յատկապէս տօնական օրերուն մեր եկեղեցիները լեցուն են հաւատացեալներով: Ճի՛շդ է, մեր գաղութներուն մէջ կը գործեն հոգեւոր եղբայրակցութիւններ: Նաեւ ճի՛շդ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ու իր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայեն հոգեւոր կեանքի աճման՝ սուրբ գրոց սերտողութիւններու, հոգեւոր լսարաններու, սրբոց տօնախմբութիւններու, քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմակերպումով ու ծաւալումով, ինչպէս նաեւ ծիսական կեանքին մեր հաւատացեալներուն հետզհետէ աճող մասնակցութեամբ: Սակայն, հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու: Ինչպէ՞ս…:
Այս հարցադրումին անդրադառնալէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկատենք նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետել հոգեւոր կեանքի յատկանշական երեսներուն:
Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
Հոգեւոր կեանքի ճշգրիտ հասկացողութեան համար հրամայական է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.-
– Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս ինքն է՝ իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները, իր խաչն ու յարութիւնը: Այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝ շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ: Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ՝ «Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ’ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրիմ մարմնով, կ’ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար»: (Գղ 2.20): Ահա հոգեւոր կեանքի հիմքը:
– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգիով ներշնչուած կեանքի ընթացք մըն է, մարդու կեանքին իմաստ ու արժէք տուող հաւատքի մնայուն փնտռտուք մը: «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5)՝ հարց կու տայ Առաքեալը:
– Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած ըլլալու կեանք է, եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւատարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգոյշ ըլլալով չհեռանալու փրկութեան ճամբէն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը (Եբր 2.1):
– Հոգեւոր կեանքը ինքնակեդրոն կեանք չէ՝ հեռու աշխարհի իրականութիւններէն: Ան աշխարհի ժխորին մէջ երկնային արժէքներով ապրուած հաւատքի, սիրոյ ու զոհողութեան կեանք է.«Աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելն է»՝ կ՚ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):
– Հոգեւոր կեանքը ինքնանպատակ կեանք չէ. քրիստոնեան իր կեանքը չ’ապրիր սոսկ իր անձին համար, այլ գերազանցօրէն՝ երկրի վրայ երկնային ճշմարտութիւններու կենսագործման, Աստուծոյ փառքին ու թագաւորութեան համար:
– Հոգեւոր կեանքը էապէս աղօթքի կեանք է: Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը հիմքը կը կազմէ հոգեւոր կեանքին: Քրիստոս աղօթքին առանցքային կարեւորութիւնը շեշտեց եւ նոյնիսկ իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մտ 6.5-14, Ղկ 11.1-13):
– Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք է: Արդարեւ, իր երկրաւոր կեանքը Քրիստոսի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքով ու յոյսով հզօրացուցած Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ՝ «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ.Կր 4.8-9): Այլ նամակի մը մէջ ան կ’ըսէ՝ «Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-4):
– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ զինուած պայքարի կեանք է. պայքար՝ աշխարհի ապականութիւններուն ու մեղքերուն, չարիքներուն ու չարերուն դէմ: Պայքար չարի դէմ՝ չարին բարիով յաղթելու հաւատքով ու կամքով կռանուած (Հռ 12.21): Առաքեալը կը յիշեցնէ. «Աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4):
– Հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի օրինակով ուրիշին օգտակար ըլլալ է, աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին ծառայել է՝ անհուն սիրով ու նուիրումով: «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկական բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է» կ՚ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):
– Հոգեւոր կեանքը ո՛չ միայն երկնային ճշմարտութիւններով ապրուած կեանք է. այլ՝ զանոնք իր կեանքի օրինակով վկայող, արտայայտող ու տարածող առաքելութիւն է: Արդարեւ, իր կեանքը առաքելութեան վերածած Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ՝ «Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ» (Ա.Կր 14.4):
– Հոգեւոր կեանքը անմնացորդ սիրոյ բաշխում է հոն՝ ուր սէրը բացակայ է, հոն՝ ուր ատելութիւն ու չարիք սերմանուած են: Հոգեւոր կեանքը սիրել է մեզ ատողը ու հալածողը: Լսենք Առաքեալին պատուէրը.- «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու… ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կղ 3.13):
– Հոգեւոր կեանքը հեռու մնալ է հաճոյքով, փառքով եւ նիւթական առաւելութիւններով յղփացած կեանքէն ու Քրիստոսի ետեւէն քալել է՝ սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ խաչը մեր ուսին, ինչպէս Քրիստոս թելադրեց (Մտ 16.24):
– Հոգեւոր կեանքը դաւանական տեսակէտերէ ու աստուածաբանական ուսուցումներէ հեռու, երբեմն նոյնիսկ զանոնք անտեսող մօտեցումներով յատկանշուող կեանքի ընթացք չէ. այլ եկեղեցւոյ ինքնութեան ու համայնական կեանքին նկատմամբ հաւատարմութեամբ ընդելուզուած կեանք է:
– Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք չէ. հոգեւոր ու բարոյական արժէքները եկեղեցիէն դուրս ապրելու իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայնական կեանքի շրջագծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:
– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ ներգործող ներկայութեամբ շաղախուած համբերութեան ու խոնարհութեան կեանք է: Իր կեանքին օրինակով Պօղոս Առաքեալ կը պատուիրէ համբերութեամբ ու խոնարհութեամբ յանձն առնել նեղութիւնը, վիշտը ու չարչարանքը (Բ.Կր 6.4-6), եւ ապա կ’աւելցնէ՝ «Մի այլայլիք՝ ոչ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն» (Բ.Կր 6.8):
– Հոգեւոր կեանք ապրիլ չի նշանակեր աշխարհէն հեռանալ, այլ՝ հոգեւորը նկատելով գերիվեր քան նիւթականը, պայքարիլ է նոր ժամանակներու կռապաշտութեան ու հեթանոսութեան չաստուածներուն դէմ, որոնք տեսանելի ու անտեսանելի կերպերով մեզ կը շրջապատեն:
– Հոգեւոր կեանքը, հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբերութիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգեւոր կեանքը ի՛նք ստեղծող: Նման անջատում ճի՛շդ չէ: Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ընթացքով հոգեւոր չի դարձներ ենթական: Հոգեւոր կեանքը, ինչպէս ըսինք՝ եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:
Արդ, որքա՜ն դժուար է հոգեւոր կեանք ապրիլը, չարով ու մեղքով լեցուն աշխարհին մէջ: Սակայն, մկրտութեամբ Քրիստոսին հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեան կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կոչուած է Քրիստոսը ապրիլ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ մարդուն կեանքը:
Հարկ է զգոյշ ըլլալ հոգեւոր կեանքի սխալ ըմբռնումներէն ու արտայայտութիւններէն: Հաւատքի ու բանականութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն ներդաշնակ յարաբերութիւնը հարկ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հոգեւոր կեանքին մէջ, այլապէս ան կրնայ հեռացնել ենթական Աստուածաշունչի ու դաւանանքի ուղղափառ հասկացողութենէն, եւ առաջնորդել ո՛չ-քրիստոնէական տարածքներ: Հարկ է նաեւ հեռու մնալ հոգեւոր կեանքի չափազանցուած ցուցական արտայայտութիւններէն՝ մոռնալով էականը եւ սոսկ արտաքին ձեւը նկատելով կարեւոր: Միշտ յիշենք Փարիսեցիին եւ Սադուկեցիին առակը (Ղկ 18.9-14):
ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ընդհանուր ակնարկով պարզելէ յետոյ հոգեւոր կեանքին յատկանշական երեսները, այժմ դարձեալ ամփոփ գծերով կ’ուզենք կատարել հետեւեալ հայրական թելադրութիւնները, թէ ինչպէս կարելի է հոգեւոր կեանք ապրիլ, հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ՝ մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնելով ու իմաստաւորելով.-
1) Առաջին հերթին, Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք է կազմէ մեր կեանքին: Աստուածաշունչը սովորական գիրք չէ, ինչպէս ըսինք: Քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնները, սկզբունքները եւ արժէքները յստակօրէն պարզուած են հոն: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ծանօթութիւնը էական է. անոր առօրեայ ընթերցումը պէտք է դառնայ մեր կեանքի բնական մասը: Սակայն, ընթերցումէն ու ծանօթութենէն անդին՝ հրամայական է ապրիլ Աստուածաշունչի պատգամը, զայն դարձնելով ուղեցոյցը մեր մտածումներուն, գործերուն ու ապրելակերպին:
2) Աստուածաշունչին առընթեր, հոգեւոր գրականութեան ընթերցումը եւ Աստուածաշունչին առնչուած մեկնաբանութիւններուն իրազեկ դառնալը կը նկատենք անհրաժեշտ, պայմանաւ որ անոնք պարագայական հրատարակութիւններ չըլլան, այլ պատրաստուած ըլլան գիտակ հեղինակներու կողմէ եւ ունենան եկեղեցւոյ հեղինակութեան համաձայնութիւնը:
3) Թեմերուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններու ու սեմինարներուկազմակերպումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետեւողական մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի հոգեւոր արժէքներու ծանօթութիւնը դառնայ աւելի ամբողջական ու վաւերական:
4) Սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններու ու խորհուրդներու իմաստին ու նպատակին պարզաբանումը ու ժողովուրդին փոխանցումը դարձեալ հրամայական է, որպէսզի հաւատացեալները կարենան մօտէն հաղորդ դառնալ մեր ծիսական կեանքին մէջ պարզուած ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն, սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:
5) Եկեղեցւոյ սուրբերուն տօնախմբութիւնը եւ աւանդութիւններու վերակենսաւորումը, եւ այդ ծիրէն ներս ծոմապահութեան վերաշեշտումը ազդու միջոցներ են մեր հաւատացեալներուն համար՝ հոգեւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց կեանքը:
6) Նիկիական հանգանակի – ուր պարզուած են եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմնական սկզբունքները – ճշգրիտ ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ զղջումի – ուր նկարագրուած են մարդկային մեղքերը եւ անոնցմէ Քրիստոնեայ մարդուն հրաժարումը – յաճախակի ընթերցումը առ ի յիշեցում, կը նկատենք էական:
7) Թելադրելի է, որ մեր հաւատացեալները ժողովուրդին մատչե-լի ժամագիրքերու – ուր կարելի է գտնել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ Աւագ Շաբթուան, ժամերգութիւններու ու խորհուրդներու բարեփոխուած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանուած բնագրերը – ճամբով մօտէն հետեւին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
8) Ծխային եկեղեցիներու կողմէ կատարուող մարդասիրական ու հովուական ծառայութիւններուվերակազմակերպումը եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան սերտացումը ու ծաւալումը՝ կենսական գործօններ են հայ կեանքէն ներս հոգեւոր արժէքներու առաւել արմատացման:
9) Մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն գործունէութեան քաջալերանքը, եւ անհրաժեշտութեան պարագային նման շարժումներ ստեղծելը կը նկատենք կարեւոր:
10) Սուրբ եւ անմահ պատարագին իմաստը ու նպատակը հաղորդութիւնն է Քրիստոսի մարմնին ու արեան: Մեծապէս գնահատելի է ամէն Կիրակի հաւատացեալներու հաղորդութիւն առնելու հետզհետէ աճող երեւոյթը: Հարկ է որ շարունակուի մեր հոգեւոր կեանքը սնուցանող այս ընթացքը:
11) Բարեսիրական աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայութեան լծուած կեդրոններու, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն մատուցուած օժանդակութիւնը հոգեւոր կեանքի հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է:
12) Մեծապէս թելադրելի է, որ մեր ծխային եկեղեցիները բաց մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որպէսզի անոնք կարենան որեւէ ժամանակ այցելել Աստուծոյ տունը եւ առանձնական աղօթքի ճամբով ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ:
Տակաւին կարելի է մատնանշել այլ երեւոյթներ ու քայլեր, որոնք կրնան աւելի ամրապնդել հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը:
Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը մեր նախասիրած միջոցներու շեշտաւորումով, սակայն առանց հեռու մնալու մեր եկեղեցիէն, աստուածաշունչի ուսուցումներէն, մեր եկեղեցւոյ դաւանանքէն, ուսուցումներէն, աւանդութիւններէն եւ առաքելութենէն: Ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ եւ որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն ծառայելով ու օգնութեան ձեռք երկարելով մեր ազգի ու հայրենիքի կարիքներուն:
Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու, Կրօնական Ժողովներու ու հոգեւորականներու ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը աւելի աճի ու ծաղկի՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման:
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
