«Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Լոյս տեսաւ «Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717-728) սուրբը, կանոնագէտը եւ Մեծ վարպետը հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան»-ը, որ երկրորդ երկլեզու հատորն է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մատենաշարին` «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ»*: Առաջինն է «Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու Եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ (2025)**: Մատենաշարին երրորդ գիրքը ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է (մամուլի տակ) անգլերէն լեզուով` Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World From ‘Kingdoms’ to an Awakening Politics and Culture ? The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries.
Մատենաշարը կը ներկայացնէ արեւմտեան հայաշխարհին եւ մերձաւորարեւելեան լայն շրջանին մէջ հայոց պատմական կացութեան եւ փորձառութեանց մասին նոր տեսանկիւններ եւ վերլուծումներ: Նպատակն է ժողովուրդին, նաեւ մտաւորականութեան ուշադրութեան յանձնել եւ մատչելի դարձնել մտաւորական մշակոյթը` արդիական եւ քննական տարազներու մէջ: Պատմական, մշակութային եւ ապրուա՛ծ աւանդը պէտք է որ մաս կազմէ հանրային մտածելակերպին եւ հասկացողութեան հորիզոններուն, որովհետեւ, ինչպէս հեղինակը, փրոֆ. Տատոյեան, կը գրէ առաջին հատորին իր ներածականին մէջ` «Ինչ որ գիտենք, կամ չենք գիտեր, նաեւ` ինչ որ կը կարծենք, թէ գիտենք ամբողջովին կամ մասամբ, ճիշդ կամ սխալ, անհրաժեշտօրէն կ’ազդէ մեր ընտրութեանց եւ գործերուն վրայ: Սեփական պատմութեան վերաբերեալ դէպքերուն, դէմքերուն եւ հարցերուն մասին հանրութեան գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ անգիտութիւնը, իրենց կարգին, մաս կը կազմեն անոր պատմական փորձառութեանց: Հետեւաբար, ինչպէս որ ճանաչողութիւնը` նոյնպէս ալ հակառակը` անգիտութիւնը ազդակ է: Յաճախ մարդիկ սխալ դատողութիւններ կը կատարեն անգիտութեան պատճառով»:
Պատմագիտական դրուագներու եւ որոշ չափով բարդ ու նոր հարցերու պատրաստելու համար ընթերցողը, մանաւանդ` երրորդ հատորին պարագային, մատենաշարը կը սկսի նուազ ընդարձակ նիւթերով, որոնք հիմնականին մէջ «յառաջաբաններ» են բուն տեսութեանց: Օձնեցիի եւ Շնորհալիի քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը յարմարագոյն «մուտքերն» են: Այլապէս, մօտ հինգ դարեր կան ութերորդին` Օձնեցիի ժամանակին` Դուին, եւ տասներկուերորդին` Շնորհալի ժամանակին` Հռոմկլայ: Երկուքն ալ կը սահմանուին իբրեւ «սուրբ եւ դիւանագէտ» վերբերելու եւ շեշտելու համար իրենց եւ Հայ եկեղեցիին ասպարէզին ու դերին քաղաքակա՛ն տարածքը հայ միջնաշխարհեան, այսինքն` տարբեր պետութեանց եւ ուժերու միջեւ, կացութեան:
Իրողապէս, Եկեղեցիին հազարամեայ քաղաքական պատմութիւնը` իբրեւ իւրայատուկ եւ կարեւոր նիւթ եւ մաս հայոց պատմութեան, եւ մասնաւորաբար` արեւմտեան հայաշխարհին, չէ արժանացած վերլուծումի: Տասներորդ դարէն իսկ, նախքան հայ թագաւորութեանց անկումը եւ ժողովուրդին զանգուածային գաղթերը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ մասնաւորաբար շրջանային ուժերու եւ նոր թափանցումներու պատճառով զարգացաւ ընդաձակ արեւմտեան հայաշխարհ մը բնիկ հողէն դուրս: Մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ, առաջին անկախ քաղաքական միաւորին, եկեղեցին ստացաւ տարբեր հանգամանք եւ պարտաւորութիւններ: Արեւելեան հայաշխարհը, որ նուազ կերպով ենթակայ էր շրջանային եւ միջազգային յարաբերութեանց, ունեցաւ ի՛ր հարցերը եւ զարգացումի ուղիները: Սակայն այս հարցերը արդէն սկսած էին զարգանալ արդէն Օձնեցիի ժամանակ: Իր, նաեւ իր նախորդներէն Սուրբ Սահակ Գ. Ձորափորեցիի (իշխ. 677-703) հասկացողութիւնը կացութեան եւ խիզախ դիւանագիտութիւնը արտակարգօրէն հետաքրքրական պարագաներ են:
Ութերորդ դարուն Եկեղեցւոյ միաժամանակ դաւանաբանական եւ դիւանագիտական ասպարէզը արդէն գծուած էր իր մեծերուն ասպարէզովը: Երբ ժողովուրդին զանգուածային տարածումը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ ստեղծեց արեւմտեան հայաշխարհ մը, այս հաստատութիւնը ինքզինք գտաւ նոր կացութեան մէջ եւ պարտաւորութեանց տակ միջին դարերէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ ետք` մինչեւ ներկայս: Եթէ Սահակ Գ. սուրբը իր կեանքով եւ մահով, նաեւ յետմահու դիւանագիտական յաղթանակով մարմանաւորեց Հայոց պատմութեան ամէնէն մութ պահերը եւ Եկեղեցիին դերը, քանի մը տասնամեակ ետք Յովհան Գ. սուրբը եղաւ բարեկարգիչ, կանոնագէտ եւ մեծ վարպետը միջնաշխարհեան դիւանագիտութեան: Այս բեմին վրայ եւ միջավայրին մէջ գտան իրենք զիրենք Շնորհալին եւ իրմէ առաջ Գրիգոր Գ. եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէր շարունակեցին աւանդը: Ասոնք քանի մը հարցեր են` մատենաշարին նիւթերու լայն շրջանակներէն:
————
*Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America Book Series “Fundamentals and Phases in the Making of the Western Armenian World”
Անգլերէն խորագիրները.-
**Book I. Nersēs IV Shnorhali Saint and Diplomat and the Persistence of the People and the Church in the Western Armenian World. (2005)
Book II. Yovhan III Ōdznets‘i. Saint, Jurist and Great Master of Armenian Mesopolitan Culture and Diplomacy. (2005)
