Նոշաթելի Սուրբ Խաչ Եկեղեցական Ծուխը Լուծարելու եւ Գործունէութիւնը Դադրեցնելու Նախաձեռնութիւնը Անհիմն է եւ Անօրինական

Հայաստան, Սփիւռք

Ի պատասխան Զուիցերիոյ թեմի Առաջնորդական տեղապահ Ծ. Վարդապետ Գուսան Ալճանեանի յայտարարութեան՝ իր կողմէ Նոշաթելի ՍՈւՐԲ ԽԱՉ եկեղեցական Ծուխի լուծարման եւ գործունէութեան դադարեցման մասին։

Ծ. Վարդապետ Գուսան Ալճանեան դուք կը պատճառաբանէք, որ տեւական ժամանակ Սուրբ Պատարագ չենք հրաւիրած։ Այո, ճիշտ էք, տեւական ժամանակ, որովհետեւ արդէն նկատած էինք ձեր տարօրինակ վարքագիծը, որ բացայայտեցիք վերջերս եւ հաստատեցիք նաեւ Պետրոս Ղազարեանի մօտ։ Սկիզբէն մինչեւ վերջ զբաղած էիք կեղծիք ու զրպարտանք տարածելով, որ ոչ մէկ կերպով հարիր է բարոյական ոեւէ մէկուն, առաւել եւս բարձրաստիճան հոգեւորականին։

Անսահման ամօթ զգացինք, որ մեր Ծուխի հոգեւոր դաստիարակութիւնը կուրօրէն վստահած ենք ձեզի։ Կը խօսիք բարոյական եւ ֆինանսական աջակցութեան մասին, այն պարագային, երբ առանց նախապէս 100 ֆրանկ վերցնելու չէք պատարագած, երբ կայուն աշխատավարձ եւ փոխադրամիջոցէն օգտուելու մշտական իրաւունք ունէիք՝ ձեր հոգեւոր ծառայութիւնները բոլոր չորս Եկեղեցական Ծուխերուն մատուցելու համար։ Ա՞յս նկատի ունիք՝ բարոյական ու ֆինանսական աջակցութիւն ըսելով։ Մենք՝ ըլլալով նորաստեղծ Ծուխ, փոքր ու սահմանափակ ֆինանսական միջոցներով, հնարաւորինս ջանացած ենք հրաւիրել Պատարագներ, հոգացած վարձակալուող եկեղեցւոյ եւ ձեր ծառայութեան ծախսերը։

Չենք հիասթափուած ֆինանսներու սղութենէն, աւելին, աշխուժօրէն աշխատած ենք յանուն մեր ազգային, հոգեւոր արժէքներու պահպանման։ Ասոր իսկ համար էր, որ ընդդիմացանք զուիցերիահայութեան ձեզ ծառայութենէ հեռացնելու պահանջին, նամակով խնդրեցինք Ամենայն Հայոց Վեհափառին, որ մէկ հնարաւորութիւն եւս տրուի ձեզի՝ ծառայելու։ Ան ալ՝ ընդառաջելով մեր թախանձանքին, որպէս նորաստեղծ Ծուխի, որուն համար շատ կարեւոր էր այդ պահուն հոգեւոր կայունութիւնը Զուիցերիոյ մէջ, իր աստուածային մեծահոգութեամբ ու հայրապետական ներողամտութեամբ, չնայած ձեր բազմաթիւ սխալներուն ու թերութիւններուն, հնարաւորութիւն տուաւ ձեզի՝ ծառայութիւնը շարունակելու, նաեւ շտկուելու, կատարելագործուելու, դառնալու իսկական հոգեւորական։ Այնինչ ձեր ազգադաւ ու տիրադաւ կեցուածքով փաստեցիք, որ բոլորովին ալ բարի ու նուիրեալ չեն ձեր մտադրութիւնները, որ ձեզի հետաքրքրական չեն մեր ազգի հոգեւոր ու ֆիզիքական գոյութիւնը, ապագան՝ ո՛չ հայրենիքի, ո՛չ ալ սփիւռքի մէջ, որ կ՝առաջնորդուիք միայն անձնական բարեկեցութեամբ ու շահասիրութեամբ, ինչը հեռու է իսկական հոգեւորականի կերպարէն։ Իսկ Մեծարգոյ բարերարին վերջերս գնահատելի նուիրաբերութիւնը մեր ազգանուէր գործին (1000 ֆրանկ), որ ձեր յայտարարութեան մէջ կը յիշատակէք որպէս ֆինանսական աջակցութիւն, անպայման պիտի ծառայէ իր նպատակին, բայց արդէն ոչ ձեր պատարագութեամբ, այլ՝ նորանշանակ Սրբազանի, որուն շատ սիրով կը սպասենք։

Վերջապէս պիտի ունենանք աստուածասիրութեան, ազգասիրութեան լաւագոյն օրինակով հոգեւոր հովիւ, քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով կրթող ու դաստիարակող քարոզներով յագեցած ու ջերմեռանդութեամբ մատուցուող Սուրբ Պատարագներ։

Ուստի Նոշատելի ՍՈւՐԲ ԽԱՉ եկեղեցական Ծուխը լուծարելու եւ գործունէութիւնը դադրեցնելու ձեր նախաձեռնութիւնը անհիմն է, անօրինական։

Կը մնանք հաւատարիմ բոլոր ազգային արժէքներուն, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Երկրորդին։

Նոշաթել 10.01.2026

Նոշաթելի ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ Rue de la Maladière 57 2000 Neuchâtel

Կից՝ Ծ.Վարդապետի յայտարարութիւնը

Պատճէն՝ Mother See of Holy Etchmiadzin General Department of Catholicosate 1101, Etchmiadzin, Republic of Armenia Մնացէ’ք խաղաղութեամբ

Առ ի Գիտութիւն Նոշաթելի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի եւ անդաﬓերու ուշադրութեան՝ Ցաւօք սոյն գրութեամբ կու գամ որպէս Առաջնորդական Տեղապահ Զուիցերիոյ հայոց թեﬕն եւ Հայ եկեղեցւոյ կանոներու համաձայն, ինձ լիազօրուած իշխանութեամբ պաշտօնապէս տեղեկացնելու ձեր բոլորին, թէ՝ սոյն նամակիս 7 Յունուար 2026 թուականէն սկսեալ, լուծարուած եւ դադրած էք, որպէս կրօնական եւ եկեղեցական ծուխ լինելոց։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն անցեալ 2025 թուին եւս մէկ անգամ իսկ ծխական խորհուրդի ժողով չէք գումարած։ Իսկ 7 աﬕս է արդեն մէկ պատարագ չէք կազմակերպած հակառակ ﬔր բոլոր յորդորներուն, բարոյական եւ նիւթական օգնութեան։

Աղօթարար Գուսան Ծ. Վարդապետ Ալճանեան

Առաջնորդական Տեղապահ Զուիցերիոյ հայոց թեﬕն

Ժընեւ 7 Յունուար 2026