303 Մանուկներու Հովանաւորութիւն՝ «Ջլուտեան» Կտակին Միջոցով
ՀՕՄ-ի «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիրը ամէնամեայ դրութեամբ կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակներ, որոնք Հայ Օգնութեան Միութեան մնայուն հոգածութիւնը կը վայելեն։ Այս ծրագիրը նախապէս կը կոչուէր «Որբախնամ», որ հաստատուած էր՝ հովանաւորելու համար 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով որբացած մանուկներ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի գոյամարտի նահատակներու զաւակներ։
Յասմիկ Ջլուտեան այն բարեգործ հայուհին է, որ որոշ գումար մը կտակեց ՀՕՄ-ին՝ փափաք յայտնելով, որ կտակին շահարկումէն ստացուած հասոյթը յատկացուի որբերու եւ մանկապարտէզներու։
Առ այդ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, 2025 տարեշրջանին համար՝ «Յասմիկ Ջլուտեան» կտակի շահարկումէն ստացուած 100,000 տոլարը պիտի յատկացուի 303 մանուկներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 300 տոլար։

Այս առիթով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ոգեկոչէ բարեգութ Յասմիկ Ջլուտեանի յիշատակը։ Ան իր կտակով, բացառիկ օրինակ մը հանդիսացաւ բարեգործութեան եւ գթասրտութեան։ Խորապէս գնահատելով իր եւ մեր բոլոր կտակարարներուն եւ նուիրատուներուն ազնուագոյն արարքը՝ կ՛ուզենք տօնական այս օրերուն բոլորին ուշադրութեան յանձնել կարեւոր հանգամանք մը, թէ՝ որբ մը ուրախացնելով՝ կը ստանանք հոգեկան անբացատրելի գոհունակութիւն մը։ Խորապէս կը հաւատանք, որ «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիրը անխափան պիտի շարունակուի՝ շնորհիւ մեր գթասիրտ նուիրատուներուն։
Վարձքը կատա՛ր բոլորին։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
