Նիկոլ Աղբալեան. Անհասանելի Գաղափարական Տաճարին Քրմապետը (Ծննդեան 150-Ամեակ)․ Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Զիմզիմովները դրամ կը դիզէին Թիֆլիսի մէջ,
Աղբալեան մատենադարաններ ուտելով` միտք կը դիզէր»

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ, «Դէմքեր»

Հարց կրնայ տրուիլ, թէ հայ գրականութեան ծառայութեան կոչուած ու ամբողջ կեանք մը ազգի բարօրութեան ու զարգացման նուիրած գրողի, կրթական մշակի, գրաքննադատի, ներհուն բանասէրի, կուսակցականի ու պետական գործիչի համար միթէ այս աստիճանի գաղափարայնութիւն, աւելի՛ն, դաւանանքի ու հաւատամքի հանդէպ խոր զգայնութիւն, բծախնդրութիւն` կրկնակի բեռ, շալակ ու յանձնառութիւն չենթադրե՞ր, մանաւանդ` այդ տարիներուն, երբ ազգի բեկորներ լծուած էին հայոց երազանքի իրականացման` պետականութեան կերտումին, ապա` աշխարհասփիւռ հայութեան փրկութեան աշխատանքին ու գաղութներու կազմակերպումին:

Արդ, ո՛ւր կը կայանայ Նիկոլ Աղբալեանի մեծութիւնն ու հմայքը, եթէ ոչ` այն հանգամանքին մէջ, որով ան ու իրեն նման գաղափարանուէր ազգային գործիչներ, մտքի ու հոգիի երկրպագու մտաւորականներ, ֆետայիներ, վրիժառուներ տիւ եւ գիշեր աշխատեցան յանուն ազգի փրկութեան, այլապէս ալ մտքի պայծառութեամբ յաջորդ սերունդներու ժառանգելու` վճիտ հայրենասիրութիւն, անյողդողդ կամք ու գաղափարական աշխարհի աշտարակումին նպաստող իմացական բարձունք:

Փաստօրէն, ժամանակակից հայորդին, կուսակցականը վերընթերցելով Նիկոլ Աղբալեան «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին» գործը, պահ մը պիտի ապշի, զարմանայ, այլատեսակ մտորումներու յանձնուի, պարզապէս որովհետեւ 1929-ին «Դրօշակ»-ի էջերուն լոյսին եկած Աղբալեանի միտքերը, խոր վերլուծումներ ըլլալով հանդերձ, սապէս կ՛ընդգրկեն ապառաժեայ խորհուրդ եւ մտքի կուռ դրսեւորում:

Աւելի՛ն. հետաքրքրականը կը մնայ այն, որ այդ մտածումները ցարդ կը պահեն իրենց թարմութիւնը, հնչեղութիւնն ու կենսունակութիւնը` հակառակ իրենց «դաժան», խստապահանջ ու դժուար ըմբռնելի բանաձեւումին, հոգեմտաւոր կառուցուածքին:

Իրօք, «դաժան» մտածումներ են անոնք` նկատի առած կեանքի յարափոփոխ թաւալքը, ժամանակներու արագ ընթացքն ու գիտութեան սանձարձակ նուաճումը:

Դժուար ըմբռնելի են անոնք, որովհետեւ գերմարդկային ճիգի, համոզումի,  ապրումի եւ գործի շաղախ կ՛ենթադրեն, բարոյահոգեբանական բարձր յատկութիւն:

Այլ խօսքով, դաշնակցականի գաղափարական տիպարի յանձանձումին ու մէկընդմիշտ ամրագրումին նպաստող Աղբալեանի տեսակէտը անփոփոխ մնաց, կարծես, սուրբգրային արտայայտութիւն ըլլար` անմեկնելի եւ յաւերժահունչ:

Այլապէս ալ հիմնական հարցադրումը կը մնայ այն, թէ Նիկոլ Աղբալեան ապրելով հանդերձ իր ժամանակի բոլոր տեսակի վերիվայրումները, ճանչնալով ազգային կեանքի խորդութիւնները, տեսնելով իրաւ յեղափոխականի նուիրումն ու կեղծ հայրենասէրի բարբաջանքները, կշռադատելով դաշնակցական կեանքի, գործի ու ապրելակերպի բազում երեսները, ինչո՞ւ ուզած է ամուր հիմքի վրայ կառուցել ու սերունդներու սեփականութիւնը դարձնել գաղափարական աշխարհի տաճարը, ուր մուտք գործելու համար գերհզօր ճիգ ու հաւատամք է պէտք եղած:

Միւս կողմէ` անհասանելի գաղափարայնութեան աղբալեանական պատգամն ու կանչը, համոզումն ու հաւատքը, երազային ըլլալով հանդերձ, կը պարփակեն կենդանի ապրումներ, պայծառ մտքի ցոլքեր եւ անտարակոյս` իրական կեանքի համն ու հոտը, իրաւ յեղափոխականի հմայքն ու տիպար կուսակցականի փորձառութիւնը:

Նիկոլ Աղբալեան դաշնակցական գործիչն ու ֆետային, քաղաքական մարդն ու պետական այրը երբեւէ զիրար չխաչաձեւեցին, ներհակ վիճակներու մէջ չգտնուեցան, այլ անոնք միաձոյլ կերպարի մը ամբողջական արտայայտութիւնը ունեցան:

Ան շնորհիւ իր մտաւորականի ու գիտական մարդու կոչումին, անդուլ աշխատանքին եւ օրինակելի հայրենասիրութեան` յաջողեցաւ ստեղծել տիպար հայու ու դաշնակցականի կենդանագիրը:

Ան հաւատաց` իր ժողովուրդի ստեղծագործ մտքին, մշակութային բարձր ունակութեան եւ արդար Դատին:

Նիկոլ Աղբալեան դաշնակցականը, ոգու պարտք համարեց խորապէս քննել, ուսումնասիրել եւ իւրովի մեկնաբանել ՀՅԴ ծրագիրն ու կանոնագիրը:

Ան ուզեց լոյսին բերել դաշնակցական արժեհամակարգը, որ խտացումն իսկ էր չորս տասնամեակ կատարուած ազգանուէր գործունէութեան, որ շաղախուած էր քրտինքով եւ արեամբ: Որովհետեւ ան տեսած ու ապրած էր ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի հոգեմտաւոր կազմաւորումն ու անսահման նուիրուածութիւնը, մօտէն ճանչցած էր հայ ֆետայիին քաջութիւնն ու անպարագծելի սխրանքը, ժողովուրդին ծառայելու  պատրաստակամութիւնը, կրցած էր իր հոգիին ու մտքին մէջ ամրագրել պայքարի խոր գիտակցութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Ի զուր չէ ըսուած, որ Աղբալեան «իմացական ամրոց» մըն էր, որ յաջողեցաւ իր սուր հայեացքով եւ եզակի հոտառութեամբ բանաձեւել ՀՅ Դաշնակցութեան դերը, այս կամ այն ոլորտի մէջ ունեցած պատուաբեր ներդրումն ու վաստակը:

Իր մտածումով, «Դաշնակցութիւնը լաւատես երազողների խմբակցութիւն չէ, այլ` հանրային պայքարի կազմակերպութիւն»: Այլ խօսքով, Աղբալեան շեշտը կը դնէ ՀՅԴ ծրագրի ու կանոնագրի մանրազնին իմացութեան, դաշնակցական անհատի բարոյական կառուցուածքին ու քաղաքական հասունութեան վրայ:

Իր համոզումին ու կեցուածքին մէջ անզիջող Աղբալեան, երբ կ՛ուրուագծէ ՀՅԴ տիպարը, առաջին հերթին կը շեշտադրէ անոր կարգապահի, աւանդապահի եւ վճիտ հայրենասէրի կազմաւորումը: Կուսակցականի վարկն ու փառքը, գործն ու քրտինքը առանձնապէս պէտք է ծառայեն ՀՅ Դաշնակցութեան դաւանանքի պայծառութեան եւ պատմական դերին առաւել հիմնաւորումին:

Այս առումով, աղբալեանական «հիւանդագին» բծախնդրութիւնը կ՛ընդգրկէ այս կամ այն ոլորտի մէջ դաշնակցականի կեցուածքին, անբասիր նկարագրին եւ գործին հանդէպ ցոյց տուած վարակիչ առանձնայատկութիւնը:

Իր խօսքով, «Նա ով կամենում է դաշնակցական լինել, անխուսափելիօրէն պէտք է ՀՅԴ ծրագիր եւ գործելակերպ որդեգրէ` անվերապահ եւ լիովին: Ամէն դաշնակցական պարտաւոր է գիտնալ իր կուսակցութեան արժէքն ու դերը»:

Աղբալեան գիտական հիմնաւորումով կ՛արձագանգէ այն ճշմարտութեան, որ` «Դաշնակցականի բուն ուժը կը կայանայ իր գաղափարական տիպարի հզօրացման մէջ, քաղաքական յստակատեսութեամբ, կազմակերպութեան յարատեւութեամբ, անշահախնդիր ու անձնուէր գործելակերպի ընդմէջէն»:

Ան ՀՅԴ ծրագիրն ու կանոնագիրը կը նկատէ կուսակցութեան հիմքը, որով կարելի պիտի ըլլայ պահել կազմակերպական կեանքի կենսունակութիւնն ու հզօրանքը:

Իր սուր դատողութիւնը ներկայացնելով` Աղբալեան չի վարանիր ընդգծելու դաշնակցականի մտայնութեան ու նկարագրի իւրօրինակութիւնը` հաւաքական կեանքի ղեկավարման ընթացքին, արձագանգելով, որ Դաշնակցութիւնը իր հին ու նոր ընկերներով, նահատակներով, հերոսներու յիշատակներով, աւանդութեամբ, վսեմ ու առաքինի պահուածքով կրնայ միայն շրջանցել բազում դժուարութիւն եւ հալածանք:

Ի դէպ, Նիկոլ Աղբալեան խոհուն արտայայտութեամբ մը կ՛արձանագրէ եւ շարքերու ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալը. «Ուր կայ կուռ եւ գործուն կազմակերպութիւն, այնտեղ միշտ հնարաւոր է նիւթական միջոցներ գտնել», պայման ունենալով` անկաշառ եւ անձնուէր պահուածք եւ ոգու բարձր գիտակցութիւն:

Դաշնակցական այս հսկային ամենավառ պատգամը կը մնայ այն, որ` «Հայ ժողովուրդի ներքին ու արտաքին թշնամիները, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, ամէն կերպ աշխատում են քայքայլել Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ լաւ գիտեն, թէ քանի նա կայ, միշտ կարող է գործեր ստեղծել»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր այսօրուան, դաշնակցականի քննական միտքն ու պահուածքը կրնայ ինքնարժեւորման հայեացքով մը հարցադրել, թէ արդեօք իրերայաջորդ սերունդներ որքանո՞վ հետամուտ են եղած նախ հասկնալու եւ ապա գործադրելու Նիկոլ Աղբալեանի ուսմունքը, որ մեզի փոխանցուած է գրեթէ դար մը առաջ:

Արդեօք ինքնագոհի, եսասէրի, ցուցամոլի, աթոռապաշտի յաւակնութիւններ չե՞ն աղաւաղած դաշնակցականի դիմագիծն ու արժէքները:

Աւելի՛ն. ինչն է, որ մեզ ամէն քայլափոխի կը մղէ վերանայելու, վերարժեւորելու եւ լոյսին բերելու ՀՅԴ գիր ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու փորձառութիւնը, որով կրցեր ենք տոկալ ու դիմակայել ամէն փորձութիւն, եթէ ոչ` դաշնակցական ուխտի ու դաւանանքի հաւատարիմ մնալու գիտակցութիւնը:

Փաստօրէն, վերանկախ հայրենիքի ու Արցախի կորուստի պատմակշիռ այս օրերուն, միթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսական, ընկերատնտեսական թէ քաղաքական գործունէութեամբ, սապէս, նորովի հրայրք ու յանձնառութիւն` հայ իրականութեան սեփականութիւնը դարձնելու հրամայական պահանջին դիմաց չի՞ գտնուիր` պարզապէս բարձրագոռ հնչեցնելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ 135-ամեայ մեր կուսակցութիւնը ծով զոհողութեան եւ նուիրումի կենդանի օրինակներ տուած է, կու տայ ու տակաւին պատրաստ է այդ ճամբէն քալելու` յանուն հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան գոյատեւման:

Նիկոլ Աղբալեանի սա դիպուկ ընդգծումը, տակաւին դար մը առաջ, որքա՜ն այժմէական կը հնչէ, երբ կ՛ըսէ. «Դաշնակցութիւնը հետամուտ է հայ պետութիւն ստեղծելու, եւ ոչ թէ` ինքը հայ պետութիւն դառնալու»:

Յայտնապէս, Դաշնակցութիւնը իր կոչումին տէր կանգնելու համար պարտաւոր է տիրութիւն ընելու անփոխարինելի արժեհամակարգի մը, որուն հաւատարիմ մէկ ուխտապահն ու պահակը եղած է նոյնինքն Նիկոլ Աղբալեան: