Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան – Հայացման Եւ Մտաւոր Ազատութեան Դեսպանը
ԹԱԼԹՈՍ
Կան մարդիկ, որոնք ի ծնէ կը կրեն ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը իրենց մտածումներուն մէջ: Անոնք չեն ապրիր սովորական մահկանացուի մը նման. անոնք կը շնչեն միտք, կ՛ապրին իբրեւ գաղափար ու կը ծաղկին որպէս գաղափարախօսութիւն:
Այդպիսին էր ու աւելին Նիկոլ Աղբալեանը` ո՛չ միայն գրող, ուսուցիչ կամ կուսակցական գործիչ, այլ` կենդանի խիղճը հայոց մտաւոր կեանքի: Անոր մէջ միաձուլուած էին բանասիրական նրբութիւնը, քաղաքական վճռակամութիւնը եւ մշակութային հաւատքը: Աղբալեանն այն հազուագիւտ անհատներէն էր, որ չբաւարարուեցաւ հասկնալով ժամանակը. ան փորձեց վերաձեւել զայն` ստեղծելով դպրութեան, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան նոր ուղիներ:
Իրմէ սկսաւ Համազգայինի գաղափարը` հայ մշակոյթի համաշխարհային հաստատութիւնը, ուր կրթութիւնը վերածուեցաւ ծառայութեան, եւ ծառայութիւնը` ինքնազոհութեան:
Նիկոլ Աղբալեանը` իբրեւ մտածող եւ դաստիարակ, մեզի կը յիշեցնէ, որ հայ ըլլալը ո՛չ ժառանգութիւն է, ո՛չ պատահականութիւն, այլ գիտակցութիւն` սնանած սիրոյ եւ պարտաւորութեան սրբազան զգացումով:
1873 մարտ 24-ին կը ծնի մարդ մը, որ ապագային պիտի դառնար հայ ժողովուրդի նոր դարու խիղճն ու ուղեցոյցը` ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ:
Թիֆլիսցի համեստ ընտանիքին զաւակը երիտասարդ տարիքէն այնքան լայնախոհ էր ու ուշիմ, որ իր դարը չէր կրնար ամբողջութեամբ զինք պարփակել:
Ան պիտի ըլլար միաժամանակ`
– Գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապանը,
– Համեստ, բայց անզիջող մանկավարժն ու դաստիարակը,
– Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարապաշտ մարտիկն ու տեսաբանը,
– Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարարը,
– Եւ ամբողջ հայութեան համար ՀԱՅԱՑՄԱՆ դեսպանը, որուն համար Հայաստանը հայացնելը կարգախօս չէր, այլ` գոյութենական հրամայական:
Աղբալեանը պարզ անուն մը չէր, յաւերժութեան մասնիկ մըն էր ու է, մարդ մը, որուն մէջ միախառնուած էին` խստապահանջ ուսուցիչը, երազող քննադատը, անխնայ գաղափարապաշտը եւ ժողովուրդին սիրահար հայը:
Կեանքի Սկիզբը – Ներսիսեանէն
Միջազգային Առաքելութիւն
Ներսիսեան վարժարանէն եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն սկսած ուղին զինք կը տանի Մոսկուա, Փարիզ, Լոզան: Ան կը սնանի Եւրոպայի ազատախոհ մտքերով, բայց չի ձուլուիր ու չի կորսնցներ իր դիմագիծն ու ինքնութիւնը:
Աղբալեան Եւրոպան կ՛ըմբռնէ որպէս գիտակցութիւն, ոչ` իբրեւ փոխարինութիւն:
Իր ուսումնառութեան ընթացքին արդէն կը ձեւաւորուի անոր միտք բանին, որ հետագային պիտի վերածուի կարգախօսի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին.
«Ազգը պէտք է վերակերտել ոչ միայն զէնքի ուժով, այլեւ` մտքի»:
Գրականագէտը Եւ Գրականութեան Տիտանը
Աղբալեան ոչ միայն կը գրէր, այլ կը կերտէր:
Թիֆլիսի «Մուրճ»-ի էջերուն մէջ իր քննադատական յօդուածները կը դառնան նոր չափանիշ:
Ան համոզուած էր, որ գրականութիւնը ազգի մը հայելին է. այնտեղ, ուր լեզուն կը նահանջէ, միտքը կը սնանկանայ:
«Սայաթ Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ մատենագիտութիւն» դասագիրքը եւ իր խոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան գիրքը կը դիտէր որպէս հոգեմտաւոր շինարարութիւն, եւ գրականութիւնը` որպէս ազգային ինքնաճանաչման ուղեցոյց:
Աղբալեան գրչին մէջ փառք չէր փնտռեր, այլ` ճշմարտութիւն, եւ քննադատութիւնը իր ոճաբանութեան մէջ կը դառնար ինքնակերտման լոյս:
Դաշնակցականը – Բարոյական
Յեղափոխական Տիպար
Ն. Աղբալեան երիտասարդ տարիքէն միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Անոր համար կուսակցութիւնը քաղաքական կառոյց չէր, այլ` բարոյական դարբնոց:
Իր «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին» գործը` ստորագրուած «Ն. Հանգոյց» գրչանունով, վկայութիւն մըն է, թէ ինչպէ՛ս գաղափարական հաւատքը կը վերածուի ներքին ուժգնութեան:
Այդ գրքին մէջ ան կը կերտէ «դաշնակցականի տիպարը»` մարդ մը, որ`
– Իր անձը կը նուիրէ առանց սակարկութեան,
– Կը խորտակէ ստրկութեան կապանքները,
– Եւ կուսակցական պատկանելիութենէն վեր կը կանգնի բարոյական ուխտին մէջ:
Անոր համար Դաշնակցութիւնը շահակից մարդոց միութիւն չէ, այլ` արիացող հոգիներու ընկերութիւն, ուր անձնական շահը կը խոնարհի համազգային գաղափարին առջեւ:
Ահա թէ ինչո՛ւ ըսուած է` «Եթէ լաւ դաշնակցական պատրաստես, լաւ հայ պատրաստած կ՛ըլլաս»:
«Հայաստանը Հայացնել» – Մեծ Տեսլականը
Քսաներորդ դարասկիզբի մութ ու փոթորկոտ օրերուն երբ հայ ժողովուրդը բաժնուած էր օտար իշխանութիւններու լուծին տակ:
Աղբալեան առաջիններէն էր, որ կը տեսնէր վտանգը ոչ միայն ֆիզիքական, այլ` հոգեմտաւոր կորուստին:
Ան կը ձեւակերպէ մեծ պատգամ մը` «Հայաստանը պէտք է հայացնել»:
Սա սոսկ ժողովրդագրական նշանաբան չէր:
Ան կը հասկնար, որ հայացումը պէտք է սկսի` մտքի անաղարտութենէն, լեզուի կատարելագործումէն եւ արժանապատուութեան վերականգնումէն:
Հայացումը Աղբալեանի համար փրկութիւն չէր, այլ վերածնունդ էր, որ պարտաւորուած էր խոր աշխատանքի գործընթացով:
Անոր աչքին Հայաստանը երբեք պիտի չդառնար պարզ աշխարհագրական տարածք:
Հայաստանը ինք էր` իր հոգեկան որակով:
Պետական Գործիչն Ու Մանկավարժը
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն Աղբալեան եղաւ խորհրդարանի անդամ եւ, ի վերջոյ, լուսաւորութեան նախարար:
Անոր անունը կը կապուի երկու անմահ գործերու հետ`
– Երեւանի պետական համալսարանին հիմնադրութիւն (1919), որովհետեւ քաջ գիտէր, որ անկախութիւնը պէտք էր պաշտպանուէր ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ` գիտութեամբ:
Ահա թէ ինչո՛ւ համալսարանը իր աչքին մտաւոր բանակ մըն էր, որուն զինուորներն էին ուսանողները:
– Հանրակրթութեան համակարգի զարգացում –
Որպէս մանկավարժ` ան կը տեսնէր դպրոցի մէջ ոչ միայն դասարան, այլ` կաճառ, ուր կը դաստիարակուին հայ մանուկն ու երիտասարդը, եւ կը կոփուի ազատ հայ միտք:
Ան կը հաւատար, որ պետականութեան յառաջխաղացման գրաւը ուժեղ միտքն է, ու առանց մտքի ազատութեան` կը շիջի հայը: Ազատութիւնը Նիկոլ Աղբալեանին համար սանձարձակ չէ. ունի չափանիշներ ու արժէքներ, որպէսզի չվերածուի լաբիւրինթոսի:
Բանտ, Տարագրութիւն
Եւ Համազգային Առաքելութիւն
Խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան բանտարկուեցաւ եւ չարչարուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ:
Ազատագրուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, սակայն ստիպուեցաւ լքել հայրենիքը:
Եգիպտոս եւ ապա Լիբանան` նոր սկիզբ մը, բայց նոյն առաքելութեամբ` վերակերտել հայ միտքը սփիւռքի մէջ:
Ան Լեւոն Շանթի հետ հիմնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Համազգային Հայ Ճեմարանը, որ դարձաւ սփիւռքահայ կրթական աննկուն բերդը:
Ան կ՛ըսէր. «Ճեմարանը տաճար մըն է, ուր կ՛աղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»:
Նիկոլ Աղբալեան դարձաւ այդ տաճարին առաջին «քահանան», որ միւռոնաօծեց ու սրբեց հայ միտքը:
Մինչեւ իր մահը` 1947-ի օգոստոս 15-ը, ան դասաւանդեց գրականութիւն, գրաբար եւ մատենագիտութիւն, եւ պատրաստեց այն սերունդը, որ պիտի դառնար հայ մտաւորականութեան ողնաշարը:
Հռետորն Ու Տեսաբանը
Աղբալեանի խօսքն ու գործը կը մնան անժամանակավրէպ:
Երբ ան կը խօսէր Ազգային խորհրդարանին մէջ, ժողովուրդը չէր լսեր ճառ, այլ անոնց աչքերուն առջեւ կը գծագրուէր կենդանի պատկեր:
Անոր ձայնին մէջ չկար քաղաքականական շղարշ, այլ` ճշմարտութեան խիզախութիւն, եւ անոր ճառը կը մնայ մեր քաղաքական մշակոյթին վսեմագոյն չափանիշը:
Հուսկ, դժուար է խօսիլ կամ գրել աղբալեաններու մասին եւ տալ անոնց կատարեալ իրաւունքը:
Յոբելեաններու վտանգն այն է, որ մեծ մարդիկ կը վերածուին արձանի: Աղբալեան այդ վիճակին չի համընկնիր:
Ան կը մերժէ խաղաղ յիշատակը, որովհետեւ ինք հրաւէր է` մտածելու, կերտուելու եւ վերընձիւղուելու:
Եթէ այսօր կանգնինք իր դիմաց եւ անկեղծ ըլլանք, կը լսենք անոր դաստիարակիչ խոր ձայնը. «Քանի՞ անգամ գրած ես հայրենիքիդ մասին, իսկ քանի՞ անգամ կը գործես յանուն անոր: Քանի՞ բառ գիտես հայերէն, բայց քանի՞ն կը գործածես խօսակցութեանդ մէջ»: Աղբալեանը պէտք չէ դիտել որպէս պատմութիւն, այլ` որպէս խի՛ղճ:
Աղբալեանի ոսկորները կը հանգչին միայն այն ատեն, երբ հայը կը բռնէ եղափոխման ուղին: Երբ հայ մարդը կ՛որոշէ ապրիլ այնպիսի ձեւով, որուն տակ ինք` Աղբալեան, կրնար առանց զղջալու ստորագրել:
Եթէ մէկ սերունդ անգամ իր լոյսը կրնայ ըմբոշխնել, եթէ մէկ միտք արթննայ իր ճառերէն, եթէ մէկ ուսուցիչ իր դասարանին մէջ կարենայ ընել այն, ինչ ինք կ՛ընէր` մտքի ազատութիւնը ծառայեցնել հոգիի ազնուութեան, ապա Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը չի մնար անցեալի պատմութիւն, այլ կը դառնայ ապագայի մեկնակէտ:
Թող այս յոբելեանը չմնայ անցեալի մը յիշատակը:
Թող ան դառնայ խթան նոր վերածնունդի, հրաւէր` վերադարձնելու հայ միտքը իր վեհութեան, բարձրացնելու ուսուցչի, գրողի, երիտասարդի, ղեկավարի գիտակցութիւնը այն չափին, որուն մէջ ապրեցաւ Աղբալեան ինք:
Թող այս օրը ըլլայ սկիզբ մը, որուն խորհուրդէն ամէն դպրոց, ամէն գիրք, ամէն խօսք ունենայ քիչ մը Աղբալեանի շունչէն` այն անշէջ լոյսէն, որ կը բխի միայն այն մարդոցմէ, որոնք ապրեցան ոչ իրենց ժամանակին մէջ, այլ ժամանակը ապրեցուցին իրենց մէջ:
Թող Աղբալեանի 150-ամեակը դառնայ ոչ միայն յիշատակում, այլ` նոր երդում, որ հայ միտքը այլեւս պիտի չթուլնայ, հայ դպրոցը այլեւս պիտի չշիջի, եւ հայ ոգին պիտի վերագտնէ իր բարձրութիւնը այնտեղ, ուր վայել է հայու ինքնութեան ու արժանապատուութեան:
