ՀՕՄ-ի 115-ամեակ. Մէկ Ընտանիք․ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան

Հայաստան, Սփիւռք

Տարի մը եւ աւելի սպասումի ու բծախնդիր նախապատրաստութեան շրջանէ մը ետք, յիշատակուեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը։ Հայրենիքը, որպէս սրբազան հող ու հոգեմատեան, եղաւ այս տօնին ամենաբնական եւ արժանաւոր վայրը. հոն կը խարսխուին մեր արմատները, հոն սրտերը կը գտնեն զիրար, եւ սէրը կարծէք որպէս յարատեւ կրակ կը վերածնի։ Ամէն մէկ քայլ, ժպիտ եւ հպում լեցուն էին ջերմութեամբ, իսկ ամէն ակնթարթ՝ հարազատ հոգիներու շունչով։

Տօնական օրերու կեդրոնաձեւ վայր դարձաւ Սայաթ-Նովա պողոտայի «Անի» հիւրանոցը, որ այս օրերուն վերածուեցաւ ոչ միայն կեցավայրի, այլեւ հարազատ օճախի։ Սրահը գիշեր ու ցերեկ կը լեցուէր ծանօթ եւ սիրելի դէմքերով. ընկերուհիներ ու քոյրեր, տարիներու նուիրումով կազմուած մեծ ընտանիք մը։ Ժպիտներ, գրկախառնութիւն եւ յուզումնալից պահեր կը լեցնէին ամէն անկիւն։ Շատերու աչքերու փայլը պարզօրէն կը պատմէր. «Մենք մեր տան մէջ ենք, միասին ենք»։

Հիւրընկալող ընկերուհիները սիրալիր եւ հոգատար աշխատանքով կազմակերպած էին տասը օրերու ծրագիրը՝ միշտ ջերմ ժպիտով դիմաւորելով հիւրերը։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնին մէջ, հիմնադիր Ակնունիի կիսանդրիի զետեղման արարողութեան ընթացքին, ներկաները աղօթքով եւ վերանորոգ ուխտով ամրագրեցին իրենց նուիրումը՝ մեծ պատասխանատուութեամբ շարունակելու միութեան սուրբ գործը։

Հասած էին 26 շրջաններէ սիրելի ՀՕՄ-ուհիներ. ոմանք ամուսիններով, ուրիշներ՝ զաւակներով։ Բոլորը՝ մէկ սրտի նման, մէկ յիշողութեան եւ մէկ նուիրումի շուրջ համախմբուած։

Հայրենի հացին համը քիմքդ կը շոյէր, յատկապէս երբ «Հեքիաթ» մանկապարտէզի փոքրիկ մը սիրով եւ անմեղ ժպիտով կը հրամցնէր զայն։ Ան կը զգար, որ այս օրը զինք սիրող հոգտար «մամաներ» էին հիւր եկած, իսկ սրահը լեցուած էր մանկական սրտերու եւ քաղցրիկ երգերու ջերմութեամբ։

Տօնական շարքը կ’ընդհատուէր օգտաշատ այցելութիւններով.

«Ախուրեանի Մօր ու Մանկան» կեդրոնը այսօր կը գործէ նոր եւ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներով՝ նուիրատու ընկերուհիներու շնորհիւ։

«Յոյսի Օճախներ» ծրագիրի բացման արարողութիւնը նման էր գիւղական տօնախմբութեան՝ արցախեան երգով, պարով եւ հաց ու աղով։ Քանի մը արցախաբնակ մեծ ընտանիքներ ստացան նոր, ապահով եւ սիրով լեցուն բնակարաններ՝ նոր շունչ եւ յոյս ներշնչելով։

Միօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին բաշխուեցաւ «Հայ Սիրտ» բացառիկ պարբերաթերթը, որ վկայութիւնն էր միութեան վերջին տարիներու աշխատանքին։

Յուզումնալից էր նաեւ արցախահայութեան նուիրուած բաժինը։ Երգեցինք Արցախի սուրբ քայլերգը դողդոջուն ձայներով եւ բոցկլտուն սրտերով։
Արցախը կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ։ Եւ պիտի ապրի։

Ինչպէ՞ս կարելի էր չայցելել Եռաբլուր եւ մեր խոնաւ աչքերով, մոմի ջերմ լոյսով ու խնկաբոյր աղօթքով չյարգել մեր անմահ հերոս նահատակները։

Այդ խորհրդաւոր օրը բոլորս լուռ կը խոնարհէինք նահատակներու սրբազան շիրիմներուն առջեւ, սրտի խորքէն ելած մայրական աղօթքներով կը շոյէինք անոնց լուսաւոր հոգիները՝ շնորհակալութեամբ ու յաւիտենական սիրով։

Հպարտութիւն եւ ներշնչում պարգեւեց նաեւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերու այցելութիւնը. հոն կը զգացուէր մեր ազգի ստեղծարար ոգին, միտքը եւ հաւատքը։

Այդ քարերուն մէջէն կը զգացուէր մեր պատմութեան կենդանի շունչը, որ համոզում կը ներշնչէր առ այն՝ որ մենք հզօր եւ վեհ ժառանգութեան կրողներն ենք։

115-ամեակի մեծ տօնակատարութիւնը դարձաւ անմոռանալի՝ բազմազան յայտագրերով, երգով, խօսքով, պարգեւատրումով եւ լի սրահով, որ երկար ժամանակ կը թնդար ծափողջոյններով։

Եւ երբ եկաւ հրաժեշտի պահը, ամէն մէկս իր սրտին խորքը զգաց նոյն յոյզը։ Այս հանդիպումները պիտի մնան մեր մէջ ու վերապրին այլ ՀՕՄ-ուհիներու մէջ։

115 տարի անց ՀՕՄ-ը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ խորհրդանիշը խնամքի, սիրոյ, նուիրումի ու համախմբումի։
Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է։

Մենք մէկ ընտանիք ենք։

Մէկ սիրտ։

Մէկ յիշողութիւն՝ սերունդներու մէջ շարունակուող։

Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան
ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան անդամ