Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին` ազրպէյճանի Անդամակցութեան
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն որդեգրել ջատագովող A New Policy կազմակերպութեան, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան 18 կազմակերպութիւններու համախմբում մը կարելի է յառաջացնել, ընդդիմանալու համար Կազայի մէջ միջազգային ապահովական ուժին մէջ ազրպէյճանը եւս ներգրաւելու ջանքերուն:
Համախմբումը այս գծով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, թէ Արցախի հայութեան դէմ ցեղային զտումի արշաւ իրականացուցած եւ Իսրայէլի հետ ռազմական եւ տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ ունեցող ազրպէյճան անկողմնակալ եւ յարմար թեկնածու մը չէ այդ ուժին անդամակցելու համար:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ կ՛ընդդիմանայ այդ ուժին` թուրքիոյ անդամակցութեան:
