Պարո՛ն Մհեր, Ընկե՛ր Մհեր, Սիրելի՛ Մհեր… Մարիա Գաբրիէլեան
«Կը լուծուի, կարելի է հնարքներ գտնել, միջոցներ որոնել ու գտնել, պէտք չէ այսքան մտահոգուիլ, այստեղ կանգ պիտի չ’առնէ կեանքը»։ Բայց կեանքդ այստե՛ղ կանգ առաւ…Այսպէս կը մօտենար նոյնիսկ ամենամեծ հարցին, միշտ լուծում ունէր, միշտ ելքեր կային, միշտ տատասկներէ պիտի մաքրուէր ճանապարհը եւ սէզերը պիտի չորնային ու հարթէին ուղին։
Ի տարբերութիւն շատերու ընկեր Մհերին հոգիին խորքը շատ-շատեր թափանցեր էին, որովհետեւ անիկա բաց անդաստան էր, ուրէ կը բխէին սիրոյ ջինջ առուակներ, կը ծաղկէին ազնուութեան բազմերանգ ու բազմօգուտ մրգաստաններ, կը բացուէին հոգատարութեան քաղցրաբոյր կոկոններ…
Շատերս մանկավարժական բնագաւառէն ներս յաջողութիւն արձանագրած ենք շնորհիւ իրմէ ստացած դաստիարակութեան։ Շատերս յանձնառու միութենականներ եղած ենք շնորհիւ զինք գերագոյն օրինակ ընդունելու։ Շատերս գաղափարի ընկեր դարձած ենք ազդուելով կուսակիցի իր տիպարէն։
Որպէս Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի երկրորդականի դաստիարակ այնքան ողջունելի մանկավարժական սկզբունքներ ունէր, որ կարծէք մանկավարժական բարձրագոյն կրթութեան վկայականներու տէր էր։Կը դաստիարակէր իր նայուածքով, իր բարեւով, իր նկատողութիւններով, իր յորդորներով ու իր պախարակումներով…
Կը դաստիարակէր իր անձնական օրինակով։
Կը ջամբէր ազգային ոգի ու հայրենասիրութիւն։
Սասունցիի իր վարքով վառ կը պահէր մեր պահանջատիրական կեցուածքը։
Որպէս Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի ատենապետ եւ ԱՔԵ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան ատենապետ՝ ղեկավարի յատկութիւններու ուսուցման առանձին դպրոց էր։ Ունէր ղեկավարման այնքան ուսանելի ձեւեր, որոնք մինչեւ օրս որպէս օրինակ կը յիշատակուին ղեկավարի պատրաստութեան արուեստին վերաբերող դասախօսութիւններու մէջ։
Ընկ. Մհերը կարճ ժամանակ նշանակուեցաւ կազմակերպութեան պատասխանատու մարմնի անդամ։ Այս մեծ պատասխանատուութիւնը կրած ժամանակ սեղանի վրայ դրուած հարցերու լուծման եղանակի մէջ սրութիւնները ողորկող անոր մօտեցումը՝ ինչքան կը նպաստէր համերաշխութեան մթնոլորտի տարածման եւ ծայրայեղութիւններէ հեռացման։
Ծայր աստիճան բծախնդիր էր աշխատանքներու մէջ, առաւել ծայրայեղ հետապնդող։ Անոր գործերուն մէջ յետաձգուած օրակարգերը կատարեալ մղձաւանջի կրնային վերածուիլ։ Հնարաւոր չէր կիսատ գործեր ընել, կարելի չէր բան մը սկսիլ ու չաւարտել, կարելի չէր մտածել ու չծրագրել, ծրագրել ու չմշակել, մշակել ու չիրականացնել։
Ամենավանելի բանը ծուլութիւնն էր, չէր հանդուրժեր մահացու այս մեղքը, չէր կրնար անտարբեր մնալ ծոյլերուն նկատմամբ, անպայման պիտի զրուցէր, քննարկէր, խրատէր, պիտի մղէր աշխատանքի եւ ամենակարեւորը պիտի հետապնդէր աշխատանքը։
Ինչքան մեծ վստահութիւն ունէր երիտասարդութեան վրայ, ինչքան լայն հորիզոններ կը բանար անոնց թռիչքներուն ընդառաջ, ինչքան ուժ կու տար անոնց սաւառնումներուն եւ շատ անգամ վտանգը աչքի առաջ առնելով անոնց հետ կը խոյար դէպի անկարելիութիւնները եւ զանոնք կարելի կը դարձնէր։
Ի՛նչ ըսեմ անոր մասին որպէս ընկեր…
Ինչե՜ր պատմեմ անոր ընկերասիրութեան մասին, ինչ հատորներ լեցնեմ՝ դէպք առ դէպք նշելով անոր զոհողութիւնները՝ յանուն ընկերութեան, անոր անփոխադարձ նուիրումը՝ յանուն ընկերոջ բարօրութեան, անոր անվերապահ սխրագործութիւնները՝ ընկերոջ սիրոյն…
Ի՞նչ պատմեմ անոր հալէպասիրութեան մասին…
Հրաժեշտ տալէ օրեր առաջ երբ կը խօսէինք Սուրիոյ վիճակին մասին, ջերմ ցանկութիւն յայտնեց Հալէպ գալու, կացութիւնը նկատի առնելով կրցայ ուրախութիւնս թաքցնել եւ առաջարկել քիչիկ յետաձգել այցի ծրագիրը եւ 2026-ի գարնան իրականացնել անիկա, թերեւս մշուշը փարատած եւ ամպերը չքացած ըլլան… Նեղացաւ, նոյնիսկ արտայայտուեցաւ, «Մարիա՛, ինչու այդքան կոպտօրէն կը գոցես դռները…»։ Փորձեցի բացատրել, որ իսկապէս տակաւին յստակ չէ ընդհանուր պատկերը, բայց ի զուր կարծես, յստակ է, որ որոշած էր գալ…
Այո՛, որոշած էիր, սակայն առաջին անգամ ըլլալով որոշումդ չյարգեցիր, երանի միայն այս ըլլար յանցանքդ… առաջին անգամ ըլլալով խոցեցիր մեր սրտերը, առաջին անգամ ըլլալով ցաւ պատճառեցիր մեզի, առաջին անգամ ըլլալով պատճառ դարձար բարութեանդ ծովը գերազանցող այսքան արտասուք թափուելու, առաջին անգամ լուծում չգտար մեր հարցին, առաջին անգամ մենք անընկեր մնացինք…
Գիտե՞ս ընկե՛ր Մհեր, նման պարագաներու միակ մխիթարանքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ, որ տարիներու թաւալումը այլեւս չի մտահոգեր մեզ, ընդհակառակն՝ կրնայ երբեմն յոյսեր փայփայել մեր սիրելիներուն վերամիանալու ժամկէտը կրճատելու առումով։Անձնաւորութիւնդ նկարագրող շատ գեղեցիկ գրութիւններ գրուեցան, սակայն դեռ շատ բան կայ գրուելիք ու պատմուելիք….
Պարո՛ն Մհեր, ընկե՛ր Մհեր, սիրելի՛ Մհեր,
Ճեմարանով կ’ապրէիր, Ճեմարանի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը հետաքրքրէր քեզ, թէ՛ անցեալին, թէ՛ այսօր Ճեմարանն ու երիտասարդական միութիւնները քեզմով կը հպարտանան ու կը պարծենան։ Անընդմէջ պիտի յիշենք Ճեմարանի պրն. Մհերը ու միութեան ընկ. Մհերը, որուն գերզգայուն հոգիի արտայայտութիւնները, քնքուշ ժպիտն ու դիւթիչ խնդուքը քարեր կը փշրէին ու ժայռատիպ հարցերկը լուծէին…
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
