Վրաստանի Մէջ ազրպէյճանի Դեսպանութեան Կողմէ 44-օրեայ Պատերազմի Տարելիցին Համերգ Կազմակերպելը Անընդունելի է. Վրաստանի «Հայ Համայնք» Կազմակերպութիւն
Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․
«Կը դիմենք Վրաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան, իր ուշադրութեան տակ առնելու այն փաստը, որ Նոյեմբեր 6-ին ազրպէյճանի դեսպանութիւնը կը կազմակերպէ համերգ՝ «յաղթանակի օրուայ 5-րդ տարելից-Նոյեմբեր 8»։ ազրպէյճանը այդ օրը կը նշէ իբրեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի յաղթանակը Արցախի մէջ՝ (Լեռնային Ղարաբաղ)։ Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթաւելիի անուան պետական ակադեմիական թատրոնի մեծ (աւելի քան 700 հոգինոց) դահլիճին մէջ։ Այն ճէնքին մէջ, որ հիմնադրած է Եսայի Պիտոյեւը, իսկ կառուցման աջակցած է մեցենատ Ալեքսանդր Մանթաշեւը։
2020 թուականի պատերազմի ընթացքին զոհուեցան հազարաւոր հայեր, ոչնչացուեցան բազմաթիւ ընտանիքներ, իսկ Արցախի տարածքի 11,458 քմ գրաւուեցաւ, ներառեալ՝ պատմական Շուշի քաղաքը, եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախը մնաց առանց հայերու՝ Արցախի բնակիչները վտարուեցան իրենց պապական հողերէն։ Այդ իրադարձութիւնները իբրեւ «յաղթանակ» նշելը աննընդունելի է։
Կը յայտնենք բարոյական վրդովմունք, քանի որ նման իրադարձութիւն տեղի կ՝ունենայ այն ժամանակաշրջանին, երբ հազարաւոր հայ ընտանիքներ դեռ կը տառապին ցեղական զտումներու հետեւանքներէն, իսկ պաքուի մէջ կեղծ դատավարութիւն կ՝ընթանայ ազրպէյճանի կողմէ անօրինաբար գերեվարուած, քաղաքացիական անձերու եւ տարածաշրջանի նախկին ղեկավարներու դէմ: Ասիկա միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է։
Մենք համոզուած ենք, որ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, իբրեւ երկրի մշակութային եւ բարոյական արժէքները պաշտպանող մարմին, պէտք չէ անտարբեր մնայ նման դրսեւորումներու նկատմամբ, քանի որ Թիֆլիսի մէջ նման միջոցառումներու իրականացումը կը նպաստէ ցեղական բախումներու խորացման։
Կը յորդորենք դիտարկել պետական մշակութային հաստատութիւններու մէջ նման միջոցառումներու իրականացումը կանխելու հնարաւորութիւնը եւ արտայայտելու դիրքորոշում, որ կը համապատասխանէ մարդասիրութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի ոգիին։
Վրաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան (https://www.facebook.com/share/17DFCMjeYR/?mibextid=wwXIfr) Վրաստանի Հայ Երիտասարդական Միութեան (https://www.facebook.com/share/1MtfLK6ku6/?mibextid=wwXIfr) անունով յանձնուեցաւ նամակ եւ գիրք` «ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւն հայերու հանդէպ 1918-2023» վրացերէն լեզուով, նաեւ թարգմանուած անգլերէն լեզուով»։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/11/05/301879
