Լռութիւնը Յղի է Բախտորոշ Անյայտներով․ Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սկսինք այն բանէն, որ Օգոստոսի 8-ին, ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ, նախաստորագրւած համաձայնութիւնը (Joint Declaration) Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ, իր ներկայ բովանդակութեամբ, էապէս ոչինչ կու տայ բանակցութեան կողմերուն։ Ան ընդամէնը դիտաւորութիւններու թուղթ մըն է, որ դեռ պէտք է բովանդակութիւն ստանայ եւ վերածւի շօշափելի համաձայնութեան։ Մինչ այդ ան կը ստեղծէ պատեհութիւն յատկապէս ազրպէյճանական կողմին համար հանրութիւնը բացէ ի բաց ապակողմնորոշելու եւ հանրային կարծիքի ոլորտին մէջ փաստաթուղթը վերածելու բոլորովին ուրիշ բանի մը զայն հեռու տանելով իր սկզբնական դիտաւորութենէն։ Ալիեւեան ախորժակը յագուրդ չի ճանչնար։ Ան կը պահանջէ, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի ըստ իր կամեցողութեան եւ «Թրամփի Ճանապարհ» կոչուած նորոյթը ընդունի թուրքեւազրպէյփանական կարգավիճակ։ Հարց կը տրւի, թէ արդեօ՞ք Օգոստոսի 8-ի շռընդալից ակտը սկսած է տապալիլ… Այս հարցն է, որ կու տան Սպիտակ Տան մէջ։

Եւ այս իրականութիւնն է, որ կը մղէ այսօր ԱՄՆ-ը լուրջի առնելու ստեղծուող նոր փակուղին եւ ստիպելու, որ երկու ստորագիր կողմերը յստակութիւն բերեն կացութեան։

Եռուզեռը յանկարծ սաստկացած է քուլիսներու ետին։ Սպիտակ Տունը յստակօրէն հետամուտ է ամէն գնով իր առաւելութիւնը պահպանելու եւ Թրամփի Ճանապարհը շօշափելի իրականութեան վերածելու՝ անկա՛խ կողմերու հաշիւներէն։ «Գետնին տա՛կը՝ երկուքն ալ» (to hell with both…)։ Թող իրար ուտեն, բայց Թրամփի առաւելութիւնը պէտք է պահպանուի։ Այս է – կոպիտ ըսած – կացութեան տրամաբանութիւնը Սպիտակ Տան դիրքերէն դիտուած։

Իսկ ի՞նչ կ՝ըսեն կողմերը։

Դժուար է խօսիլ մանրամասնութիւններու մասին։ Խօսակցութիւնները տեղի կ՝ունենան բացարձակ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ։ Անշուշտ՝ որոշ սպրդասացութիւններով։

Յստակ է, որ ալիեւ (ներկայացնելով նաեւ թուրքիան) կը պահանջէ ամբողջական խզում ՀՀ իրաւասութիւններէն։ Ըստ իրեն, Թրամփի Ճանապարհը թրքական է եւ կրնայ ըլլալ միայն թրքական՝ ԱՄՆ-ի դեռեւս սահմանելի հովանաւորութեան շրջագծին մէջ։ Ըստ ալիեւի, Ճանապարհը կը պատկանի համաթրքական երթեւեկին եւ վե՛րջ։ Ի՞նչ կը պատահի ՀՀ հողային ամբողջականութեան, ոչ ոք գիտէ։ Ո՞վ է վերին տնօրէնը Ճանապարհի տարածքին, ոչ ոք կը խօսի այդ մասին։ Ըստ պաքուի, համաթրքական երթեւեկը պարզապէս պէտք չէ հանդիպի հայ անկախ պետականութեան վերահսկիչ ներկայութեան։ Այս բացարձակ խզումը ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն, ոչ ոք պատրաստ է Ուաշինկթընի մէջ պատասխան տալու այս հարցումին։ Աւելի  շուտ, Ուաշինկթըն կը ջանայ այս հարցը շրջանցող լուծումներ գտնել առանց բռնուելու թուրքեւազրպէյճանական ուռկանին մէջ։

Իսկ ի՞նչ դիրքերէ կը խօսի հայկական կողմը։

Ցարդ հայկական կողմի սկզբնակէտը եղած է Ճանապարհի կարգավիճակը ձեւաւորել որպէս հայկական երթուղի, որ բաց է թուրքեւադրբեջանական (հետեւաբար նաեւ միջազգային) երթեւեկին առջեւ, որ միաժամանակ կը վայելէ ԱՄՆ-ի երաշխաւորութիւնը։ Անշուշտ հարց է, թէ ի՞նչ յատուկ արտօնութիւններով պիտի գործէ թուրքեւադրբեջանական կողմը Ճանապարհի երկայնքին եւ թէ ի՞նչ զիջումներու կը պատրաստւի փաշինեան ՀՀ վեհապետական (sovereignty) իրաւունքներէն թէկուզ «հայկական» ֆորմիւլով։ Եւ հոս իսկ թաղւած է «շան գլուխը»։

Հարց պէտք է տալ, թէ թուրքեւադրբեջանական ճնշումը հակակշռելու ի՞նչ խաղաքարտեր ունի ներկայիս հայկական կողմը եռակողմանի այս խաղասեղանին վրայ։ Կամ առհասարակ խաղաքարտ ունի՞, թէ ոչ։ Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ներկայիս օրակարգը ադրբեջանական է. ո՛չ հայկական։ Ամենայն հաւանականութեամբ, ԱՄՆ-ի դիւանագէտներու մեկնակէտն է Հայաստանը համախոհութեան բերել թուրքեւադրբեջանական ֆորմիւլի մէկ տարբերակին վրայ եւ փակել բանակցութիւնը Հայաստանի հաշւոյն՝ Թրամփին ապահովելով իր յաջորդ յաղթանակը «խաղաղակերտման» ճակատին վրայ։

Այս մէկը կենթադրէ, որ ԱՄՆ, ինքն ըստ ընքեան, շահագրգռւած չէ Ճանապարհի կարգավիճակի էութեամբ։ Ան պարզապէս կուզէ «խաղաղակերտ»ի իր շագանակը փրկել շրջանի կրակներէն լքելով տարածաշրջանի գործընթացը իր բախտին։ Պէտք է անմիջապէս հարց տալ, թէ արդեօ՞ք ճիշտ է այս վարկածը։ Արդեօ՞ք ԱՄՆ պատրաստ է իր վերին երաշխաւորութեան տակ ստեղծելու էապէս թրքական գերիշխանութեան տակ գործող մէկ անցուղի…Անցուղի՛՝ որ կը գտնւի Իրանի անմիջական դրացնութեան մէջ եւ նուրբ թելերով կապւած է տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան էական գործօններուն։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփի Ճանապարհը սոսկական անցուղի մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Ան միջ-կայսերական առճակատւմներու գերըզգայուն ջղակենտրոն մըն է տարածաշրջանի ռազմաբեմին վրայ, որ այժմ — եւ վերջապէ՜ս — ինկած է ԱՄՆ-ի տնօրինման դաշտէն ներս եւ բոլորովին նոր ուժականութիւններով օժտած ամերիկեան (եւ Արեւմտեան) ռազմագիտական զինարանը։ Հետեւաբար իրերու տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ ԱՄՆ իր թաթը ամուր պահէ այս Ճանապարհին վրայ եւ Ճանապարհին տայ Իր իսկ գերագոյն շահերէն բխող կարգավիճակը։

Ճանապարհը իր վերահսկողութեան տակ առնելով եւ հոն ամրանալով, ԱՄՆ իր սանձերուն ենթարկած պիտի ըլլայ ոչ միայն թուրքեւադրբեջանական ուժը, այլեւ Իրանի, Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի յատուկ շահե՛րը կապւած՝ Հարաւային Կովկասի այս գերզգայուն գօտիին։  Ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի։ Բա՛ն մը՝ որ ուղիղ կը համեմատի ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային քաղաքականութեան ընդհանուր վարդապետութեան նորմերուն։ ԱՄՆ թամբած պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի կատաղի վագրը եւ զայն ենթարկած՝ իր քաղաքականութեան հրամայականներուն։

Անշուշտ մեծ հարցը կը մնայ այն, թէ ԱՄՆ ի՞նչ չափով ի վիճակի է այս բարդ առաքելութիւնը գլուխ հանելու։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ այսօր եւ ապագային։ Ասիկա մէկ այլ  թեմա է, զոր պէտք է մօտէն քննել կարենալ հասնելու համար գործընթացի արմատներուն։ Քննարկո՛ւմ՝ որ կը թւի մեծ այժմէականութիւն ունենալ այսօր ԱՄՆ-ի ներքին ոլորտի միջ-գերատեսչական վիճարկումներուն մէջ։

Հայկական շահերու տեսանկիւնէն՝ կարելի չէ չտեսնել պատեհութիւններու եւ ռիսքերու այն աղիւսակը, որ հայ անկախ պետականութեան գոյութենական խնդիրներու մարտահրաւէրն իսկ է այսօր։ Հայկական կողմը իրական առիթներ ունի իր ձեռքը զօրացնելու եւ իրական խաղաքարտերով գործելու տարածաշրջանի այսօրւան գործընթացներուն մէջ, եթէ իր կարելիութիւնները կազմակերպէ ըստ այսօրւան հրամայականներուն եւ դադրի իր ներքին ուժականութիւնները փոշիացնելէ։ Ողբերգութիւնը այն է, որ Փաշինեանական համակարգը իր մտայնութեամբ, իր քաղաքականութեամբ, մտածողներու եւ գործողներու ողորմելի իր կազմով եւ իր յանցագործ կենսագրութեամբ այն իսկ անատակ ռեժիմն է, որուն պէտք ունի թշնամին Հայաստանը տարածաշրջանի ներկայ գործընթացներէն չէզոքացնելու գործին համար։

Թշնամիի առաջադրութիւնները յստակ են եւ բացորոշ։ Հայաստանը եւ հայկական ինքնութիւնը պէտք է սրբւին տարածաշրջանէն եւ այդ գործին անհրաժեշտ մեքենան – թշնամիի գործօն ծրագրաւորւմով — Փաշինեանի վիշիական իշխանութիւնն իսկ է։ Հայաստանը պէտք չէ կարենայ խօսակից ըլլալ որեւէ իրական ուժի։ Պէտք չէ կարենայ ըլլալ պիտանի գործօն տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան որեւէ ֆորմիւլի մէջ։ Ան պիտի գործէ վասալական դիրքերէ թուրքեւադրբեջանական ուժի մականին տակ եւ դադրի իր ինքնիշխանութեան տէր կանգնելէ։ Այս է թշնամիին վճիռը։ Ասով կը բնորոշւինք մենք տարածաշրջանի բեմին վրայ։ Պատահական չէ, որ նոյնիսկ Ուաշինկթընի ցուցադրական հանդիպումէն ետք, նախագահ Թրամփ մեզ կը «շփոթէ» Ալպանիոյ եւ Քամպոտիոյ հետ… Եւ Շարմ-էլ-Շէյխի գագաթաժողովի ընթացքին ան հնարաւոր կը գտնէ Փաշինեանը կատակաբանութեան նիւթ դարձնել Ալիեւին հետ իր խօսակցութեան բովին մէջ։ Փաստը այն է, որ թշնամին յաջողած է մեզ դուրս քշել սակարկութիւններու իրական ասպարէզէն։ Եթէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի լուրջ խաղաքարտ պատճառը Փաշինեանական համակագով յատկանշւող ներկայ տխուր իրավիճակն է, որ ամէն օր աւելի մեծ ամօթով կը պարտադրւի Հայաստանին Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին կողմէ։  Ողբերգութի՛ւն մը՝ որուն համար շատ բարձր գին վճարած է եւ պիտի վճարէ մեր պետականութիւնը գրաւի տակ դնելով անհամար սերունդներու հայրենական ժառանգութիւնը։ Ողբերգութի՛ւն մը՝ որուն համար այս կէտին վրայ պատասխանատու է ազգը իր ամբողջութեանը մէջ։

Պիտի համոզւինք վերջապէս, որ պատմութիւնը պատրաստ է քալելու մեր վրայէն։ Ան անպայման պիտի քալէ մեր վրայէն, եթէ մենք չկարողանանք խիզախօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը եւ դուրս գալ ազատ աշխարհ։ Այստեղ է, որ պիտի գործէ մեր առաջին վճռական խաղաքարտը։ Այս խաղաքարտն է, որ կը պայմանաւորէ բոլոր յաջորդները։ Այս խաղաքարտը պիտի կեանքի կոչւի անյապաղ։ Գորդեան հանգոյցը անպայման պիտի կտրել։ Պիտի կտրել ԱՅՍՕՐ իսկ եւ երկիրը դուրս բերել այս ախտաւոր շրջանակէն։ Վաղը գոյութիւն չունի։ Վաղը կը պատկանի Նիկոլին։ Վաղը կը պատկանի թշնամիին։ Վաղը կը պատկանի վերջնական պարտութեան։ Այսքան պարզ։