
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին (Պէյրութ),
կայացաւ Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը։
Վեհափառ Հայրապետը նախ զեկուցեց Ղազախիստան կատարած այցելութեան եւ այնտեղ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային գագաթաժողովին մասին։ Նիստերու մասնակցութեան առընթեր Հայրապետը առիթ ունեցած է տեսակցելու ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին, Երուսաղէմի յոյւնաց պատրիարքին եւ Պապի անձնական ներկայացուցիչին հետ։
Քիրիլ Պատրիարքին հետ Նորին Սրբութիւնը խօսած է ռազմագերիներու ազատ արձակման հրամայականին, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի ու ինքնորոշման իրաւունքներուն մասին։
Պապի ներկայացուցիչին հետ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացած է, որ Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութիւն փոխանցէ Վատիկան-Պաքու ստեղծուած կապերուն եւ մշակութային, կրօնական ու պատմական ոլորտներուն մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած նենգափոխման արշաւներուն մասին։
Երուսաղէմի յունաց պատրիարքին հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութիւնը արծարծած է Երուսաղէմի հայոց վանքապատկան կալուածներու ճակատագիրը եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներուն հայոց դարաւաոր իրաւունքներուն նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն կանխարգիլելը։
Հարթակի վերոյիշեալ առցանց նիստը նաեւ առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու Վեհափառ Հայրապետին շուտով տալիք այցլեութիւններուն մասին՝ Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Քննելով այնտեղ կայանալիք հաւանական հանդիպումները պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ ժողովականները առաջարկներ կատարեցին մեր այսօրուան խնդիրներուն բարձրացման վերաբերեալ։
Խոր մտահոգութիւն արձանագրուեցաւ ձերբակալուած սրբազան հայրերու դատավարութիւններուն ու դատավճիռներուն առումով՝ անընդունելի նկատելով արդարադատութեան մարմիններուն առած որոշումները այս առումներով։
Ժողովի ընացքին ընդգծուեցաւ, որ հայագիտութեան մարզին մէջ Ազգային Ակադեմիայի գործառոյթները կրճատելու որոշումները չեն նպատսեր պատմաքաղաքական իմաստով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հայագիտութիւնը զարգացնելու ընդհանուր առաջադրանքին. ընդհակառակը՝ լուրջ հարուած կը հասցնեն անոր։
Ժողովականները իրազեկ դարձան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական դասընթացքները բովանդակային վերանայումով կը վերածուին հայագիտական հիմնարկի՝ կրելով «Արամ Ա․ Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ» անունը։ Պիտի ծրագրուի դասընթացքներու կողքին Անթիլիասի մէջ կազմակերպել հայագիտութեան վերաբերող համահայկական ու միջազգային գիտաժողովներ՝ ստեղծելով նաեւ հնարաւորութիւնը հայագիտական բնոյթի գիտահետազօտական աշխատանքներու։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, կը նախատեսուի 2026-ի Յունուարին Անթիլիասի մէջ գումարել Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի նիստ, քննարկելու համար համահայկական-համասփիւռքեան նորագոյն խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։