
Հայ Դատի «Արդարութեան Ջատագով» Մրցանակը՝ «Շուարց Սէմէրճեան» Հաստատութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը պիտի շնորհէ «Շուարց Սէմէրճեան» իրաւաբանական հաստատութեան, որ յաջողութեամբ կրցած էր պաշտպանել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, 2024-ին անոր դէմ ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած դատական հետապնդումին ընթացքին, որուն նպատակը
Հայկական Հարցին եւ ամերիկահայութեան իրաւունքներու ջատագովումը կասեցնելն էր։
«Արդարութեան հանդէպ իրենց ունեցած զօրաւոր հաւատքին շնորհիւ, «Շուարց Սէմէրճեան» հաստատութիւնը կրցաւ յաջողութեամբ դէմ դնել քաղաքական նպատակներ հետապնդող դատական արշաւին, որուն համար մեր համայնքը երախտապարտ կը մնայ։ Ապահովուած յաղթանակը ոչ միայն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար էր, այլ իւրաքանչիւր հայու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին վերահաստատումն էր եւ դատապարտումը հայատեացութեան եւ սպառնալիքներու ոճին»,- ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Fairmont Century Plaza պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, CA)։ Անիկա առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ Ձեռնարկը ի մի կը բերէ հարիւրաւոր հայորդիներ՝ միասնաբար տօնելու համար կազմակերպութեան իրագործումները եւ քննարկելու Հայ Դատի ջատագովման ու արդարութեան հասնելու ապագայ քայլերը։
Տոմսեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ancawr.org/gala2025 կայքէջը։