«Վարանդա» Երգչախումբի Արեւներուն Անկոտրուն Կամքը․ Շաղիկ Կարօ Մանճիկեան

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

Օգոստոս 7 էր.. Հայրս ժամանած էր Երեւան, որպէսզի մասնակցի Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած` Քեսապի զաւակ, մտաւորական եւ դասախօս դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած մեծարման հանդիսութեան:

Նկատի ունենալով անոր ազատ ժամանակուան սահմանափակ ըլլալը, քոյրս, ես ու եղբայրս կազմած էինք ծրագիր, թէ մեզմէ ո՛վ եւ ե՛րբ անոր հետ ժամանակ պիտի անցընէր:

Թէեւ Սուրիոյ պատերազմի ճիրանները իրարմէ բաժնեցին մեզ, բայց եւ այնպէս, մեր հանդիպումները կը շարունակուին Հայաստանի մէջ:

Օգոստոս 7-ին ժամը 12:00-17:00-ին իմ հերթս էր, պայմանաւորուած էինք հանդիպելու երաժշտական խումբերու ղեկավար, Շուշիի վտարանդի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբի հիմնադիր մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին հետ նախատեսուած «կարճ» հանդիպումէ մը ետք:

Առաւօտուն ժամը 11:00-ին հօրմէս նամակ ստացայ, որ, ըստ պայմանաւորուածութեան, պիտի հանդիպինք ժամը 12:00-ին: Սակայն յստակ իրողութիւն է, որ երբ հայրս իր հարազատ ընկերներուն հետ հանդիպի, մեր պայմանաւորուածութիւնները յաճախ կը փոփոխուին, իսկ այս անգամ այդ հարազատը խմբավար Զաքար Քէշիշեանն էր, որ հօրս սրտին կրկնակի հարազատ էր, մանաւանդ որ ան մուսալերան բարբառով կը խօսէր, իսկ հայրս` Քեսապի, ինչ որ կը յուշէր, որ վստահաբար ան պիտի ուշանար: Ժամը 13:00 էր, եւ հօրմէս ձայն ծպտուն չկար: Կը մտածէի, որ երբ հանդիպինք, յարմար առիթ է փոքր վէճ մը սկսելու անոր ուշացումերուն մասին, բայց միւս կողմէ կը մտածէի, թէ ժամանակս «զիջելու» պատճառը` մայեսթրօ Զաքարին հետ հանդիպիլն էր, ուստի կարելի էր չվիճիլ, չէ՞ որ ան Շուշիի երգչախումբին ղեկավարն էր…

Վերջապէս հայրս հասաւ` լայն ժպիտ մը դէմքին. «Պիտի չհաւատաս, ո՛ւր էի, պիտի չհաւատաս` որո՛նք տեսայ: Այս ի՜նչ լաւ օր էր»: Փաստօրէն, մայեսթրօ Զաքարը հայրս հրաւիրած էր փորձերէն մէկուն «Վարանդա» երգչախումբին, որ Արցախի հայաթափումէն ետք իր երկրորդ ելոյթը պիտի ունենար Երեւանի մէջ:

Հայրս խանդավառութեամբ եւ լայն ժպիտով կիսեց այս հանդիպումէն ունեցած տպաւորութիւնները` պատմելով, թէ 65 մանուկներ` Արցախի տարբեր շրջաններէն, որոնք Արցախի հայաթափումէն ետք եկած էին Հայաստան, Երեւանի մէջ համախմբուած էին Զաքար Քէշիշեանին նախաձեռնութեամբ եւ ճիգերով: Անոնք մեծապէս տպաւորած էին հայրս, մասնաւորաբար անոնցմէ մէկը, որուն մասին պատմելով` հայրս քանի մը անգամ «փոթորիկ» բառը գործածեց. ըստ մեր տան մէջ շրջան ընող առասպելներուն, մեր տան անհանդարտն ու «փոթորիկը» ես էի, իսկ «Վարանդա» երգչախումբի «փոթորիկ» մասնակիցը հօրս յիշեցուցած էր իմ մանկութիւնս: Այդ պահուն ո՛չ ես, ո՛չ ալ հայրս գիտէինք, թէ անոր փորձին մասնակցիլը պիտի փոթորկէր հոգիս քանի մը շաբաթներ ետք: Հայրս յուզուած ձայնով նշեց` կամք կ՛ուզէ հաւաքել իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած 65 մանուկներ ու պատանիներ, յաղթահարել խոչընդոտները ու համերգի պատրաստուիլ կայծակնային արագութեամբ: Ես ալ, իմ հերթիս, հօրս պատմեցի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթացած ընկերուհիիս մասին, որ դժբախտ պատահարի մը պատճառով իր հայրը կորսնցնելէ ետք, Մինիսոթայի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ հիմնած էր երգչախումբ մը, ուր մարդիկ կը մէկտեղուէին իրենց ցաւերը երաժշտութեան միջոցով ամոքելու: Մեր հանդիպումը աւարտեցինք այն մտքով, որ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը երաժշտութեամբ կը սփոփէ Արցախի 65 մանուկներուն վշտալի սրտերն ու վիրաւոր հոգիները` զանոնք  լիցքաւորելով յոյսով ու կամքով: Այդ օր երբե՛ք չէի կարծեր, թէ անոնց պիտի միանամ նաեւ ես:

Վերջին յօդուածս գրած եմ, երբ վիրաւոր հայրենիքիս մէջ, Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, երկրի բարձրագոյն արժէքը` մարդը, թիրախաւորուած էր: Հայրս ուշադրութիւնս հրաւիրած էր, որ վերջին տարիներուն միայն տխուր ու պատերազմի առնչուող նիւթերու մասին կը գրեմ` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի, քառասունչորսօրեայ պատերազմի, Արցախի հայաթափումի մասին: Առօրեայ կեանքի ընթացքին տխրութիւնս պահելու արուեստին տիրապետած էի, սակայն երբ գրիչը ձեռքս կը վերցնէի, ակամայ կը նահանջէի անոր դիմաց: Որոշած էի այլեւս գրիչս չշարժել, սակայն «Վարանդա» երգչախումբի համերգէն ետք ալեկոծ հոգիս կը ստիպէր, որ արագ վերադառնամ տուն` միտքերս թուղթին յանձնելու:

Համերգը սեպտեմբեր 9-ին էր, անպայման կ՛ուզէի ներկայ գտնուիլ երկու պատճառներով. առաջինը` մասնակիցները Արցախի արեւներն էին, որոնց միջոցով Արցախը կը շարունակէ լուսաւորուիլ, ապրիլ ու երգել. երկրորդը` ինքզինքս կը տեսնէի անոնց աչքերուն մէջ, ի վերջոյ, ես ալ անոնց պէս տեղահանուած էի նախնիներուս բնօրրանէն: Բացի ատկէ` պէտք էր համերգին ներկայ գտնուելու հօրս փափաքը իրականացնէի ու ներկայանայի անոր փոխարէն: Ան հոգիով, սրտով ու անվերջ նամակներով ելոյթէն օրեր առաջ արդէն «կը գտնուէր» Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան դահլիճէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ համերգը:

Որոշած էի առանձինս երթալ, սակայն օր մը առաջ Հայաստան ժամանած դանիացի գործընկերուհիս փափաք յայտնեց ինծի միանալու: Կը մտածէի, թէ որքա՛ն կը սիրեմ գլխուս «փորձանք հաւաքել»: «Սառ ազգի» ներկայացուցիչ, ո՛չ հայերէն կը խօսի, ո՛չ ալ  հայերէն կը հասկնայ, պիտի ձանձրանայ, ու ես պիտի չկարենամ վայելել համերգը:

Ելոյթը սկսաւ, մայեսթրօ Զաքարի խօսքերուն տողատակերը կարդալով` յստակ էր, որ անոր սրտէն ու հոգիէն մաս մը մնացած էր Արցախ: «Վարանդա» երգչախումբի արեւները իրենց երգերով, կեանքի զանազան ապրումերու փունջ մը նուիրեցին մեզի, մերթ` խինդ ու ժպիտ, մերթ` ալեկոծ աչքեր, բայց հիմնական ու գերակշռող տրամադրութիւնը հրճուանքն էր, մինչեւ որ մայեսթրօ Զաքարը բեմ հրաւիրեց «Վարանդա»-ի նախկին սերունդներու մասնակիցները, նաեւ` այն սերունդին, որ բախտը ունեցած էր ականատես ըլլալու Շուշիի ազատագրումին:

Ինչպէս պատմեց Զաքար Քէշիշեանը, «Վարանդա»-ի սաները սովորութիւն դարձուցած էին համերգներու աւարտին իրենց սիրելի խմբավարին առաջնորդութեամբ ուղղուիլ Շուշի, եւ Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց պատկառելի եկեղեցւոյ մօտ երգել «Երազ իմ երկիր հայրենի»-ին: Երգ մը, որ «փոթորիկ» տիտղոսը կրած մանկութեանս օրերուն, Քեսապի «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբի շարքերուն մէջ ինծի սորվեցուցած էր Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանը: Մինչ դանիացի «հարկադրուած» գործընկերուհիիս կը թարգմանէի աւանդոյթի մասին, դահլիճի պատերը դղրդացին «Ազա՜տ ու անկախ Արցախ» բառերուն հնչիւնով: Սրահին մէջ Արցախի քայլերգը կը հնչէր «Վարանդա»-ի սաներուն շրթներէն, անոնց վճռական ձայնով:

Յուշերու շարան մը խեղդեց հոգիս: Յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս մօրս հետ այցելած էինք Արցախ: Հակառակ անոր որ պատերազմական երկրէ մը ժամանած էր Հայաստան, բայց եւ այնպէս, մայրս խնդրեց անպայման այցելել Արցախ: Քայլերգի աւարտին նոյնիսկ կողքս նստած դանիացի գործընկերոջս աչքերը թաց էին ու ալեկոծ, փաստօրէն կարելի է ուրիշին ցաւը զգալ, նոյնիսկ` առանց լեզուն հասկնալու. արդարեւ, տեսնելով բեմի վրայի մանուկները, «Վարանդա»-ի նախկին սերունդի մասնակիցները, ունկնդիրները թաց աչքերը, ան միացած էր մեզի:

Տուն վերադարձի ճամբուս վրայ մտքով հօրս հետ կը զրուցէի, խոստացած էի անոր, որ գրիչին հետ «խաղաղոութեան պայմանագիր» պիտի կնքեմ, խոստացած էի փորձել ուրախ իրադարձութիւններու վրայ կեդրոնանալ ու անոնց մասին գրել, խոստումս յարգած եմ, համերգի յոյսի փունջը կամքով եւ յոյսով լիցքաւորած էր զիս.. «Վարանդա» երգչախումբին մասնակիցներն ու մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը ապացոյց էին հայուն այն տեսակին, որուն կարելի չէր կոտրել… որուն կարօտն ու ծարաւը կը զգամ…