Ի Խնդիր «Հայրենադարձութեան» Տեսլականի Ամրապնդման․ «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 34-րդ ­տա­րե­դար­ձի սե­մին, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը կը գտնո­ւի խոր ճգնա­ժա­մի մէջ, որ­մէ դուրս գա­լու ան­հե­տաձ­գե­լի պա­հան­ջը կա­րի­քը ու­նի ար­մա­տա­կան վե­րամ­տա­ծու­մի եւ միաս­նու­թեան նոր տես­լա­կա­նի մը։

­Վեր­ջին եօ­թը տա­րի­նե­րուն, իշ­խա­նա­ւոր վար­չա­խում­բի քա­ղա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րը ցոյց կու տան ազ­գա­յին եւ պե­տա­կան հիմ­նա­շէն­քի աս­տի­ճա­նա­կան փլուզ­ման պատ­կե­րը։ ­Հո­ղա­յին կո­րուստ­ներ, Ար­ցա­խի ող­բեր­գա­կան զի­ջում, ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րու գրա­ւում, պատ­մա­կան խորհր­դա­նի­շե­րու վե­րաց­ման ծրագ­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ան­կում՝ բո­լորն ալ կը կազ­մեն հա­մա­կար­գա­յին ճգնա­ժա­մի մը մռայլ նկա­րա­գի­րը, որ կը սպառ­նայ ազ­գա­յին գո­յու­թեան հի­մե­րուն։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին պատ­ճառ­նե­րը կը գտնո­ւին հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին թե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Իշ­խող խա­ւե­րը ցու­ցա­բե­րե­ցին ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րա­ւոր­ման ան­կա­րո­ղու­թիւն, մինչ ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը չկրցան մշա­կել հա­մո­զիչ այ­լընտ­րանք։

­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի ներ­կայ վի­ճա­կը բնու­թագ­րո­ւած է մտա­ծո­ղու­թեան կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ եւ ի­րե­րուն հա­կազ­դե­լու մօ­տե­ցու­մով։ Ա­ռա­ւել՝ մաս­նակ­ցա­յին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի կազ­մէին հայ քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի հիմ­քը, չկրցան ար­մա­տա­նալ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի բաղ­կա­ցու­ցիչ բո­լոր տար­րե­րուն մէջ՝ սկսե­լով մայր հայ­րե­նի­քէն մին­չեւ սփիւռ­քի ա­մե­նա­հե­ռա­ւոր ոս­տան­նե­րը, պա­հանջ կը դրսե­ւո­րո­ւի ազ­գա­յին ուղ­ղո­ւա­ծու­թեան մը ստեղծ­ման, որ հիմ­նո­ւած պի­տի ըլ­լայ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ի­րա­կան գա­ղա­փա­րին վրայ։

­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը գի­տակ­ցա­կան եւ խոր փո­խա­կեր­պում է, որ կ­՚անց­նի ֆի­զի­քա­կան սահ­ման­նե­րու հաս­կա­ցու­թե­նէն եւ կը պա­հան­ջէ հո­գե­ւոր ու մտա­յին կառ­չում ինք­նու­րոյն հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին։ Այս մօ­տե­ցու­մը նախ եւ ա­ռաջ պէտք է հա­կադ­րո­ւի «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նի» նեղ եւ սահ­մա­նա­փակ լո­զուն­գին, որ ինք­նին ա­պազ­գա­յին եւ օ­տա­րա­մուտ ըլ­լա­լով, ար­հես­տա­կա­նօ­րէն կը բաժ­նէ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րու հի­ման վրայ եւ խոր­քին մէջ կրկնու­թիւն մըն է խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գի գոր­ծի­քա­կազ­մե­րուն, երբ հա­յու­թիւ­նը բաժ­նո­ւե­ցաւ «հա­ւա­տար­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րող­նե­րու» եւ «հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու», իսկ սփիւռ­քը դի­տո­ւե­ցաւ կաս­կա­ծան­քով։ Այ­սօր եւս, «պե­տա­կա­նա­մէ­տու­թեան» կար­գա­խօ­սով, իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կը փոր­ձեն ջլա­տել հա­յու­թեան միաս­նա­կա­նու­թեան սե­ւե­ռում­նե­րը, մինչ քա­ղա­քա­կան միտ­քը կը թո­ւի ան­զօր ըլ­լալ, հա­կադ­րե­լու հա­մար իս­կա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան այ­լընտ­րանք մը, որ պի­տի դառ­նայ միա­ւո­րող ու­ժը հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մի­ջեւ։

­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան գա­ղա­փա­րը պէտք է վե­րա­փո­խո­ւի ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի եւ միաս­նու­թեան հիմ­նա­կան շար­ժիչ ու­ժի։ Բ­նա­կա­նա­բար, սփիւռ­քը կա­րե­լի չէ ֆի­զի­քա­պէս տե­ղա­փո­խել հայ­րե­նի­քի վրայ, սա­կայն սփիւռ­քը կա­րի­քը ու­նի հաս­տա­տե­լու իր ու­րոյն խօ­սոյ­թը, ո­րուն կի­զա­կէ­տը պի­տի դառ­նայ հայ­րե­նի աշ­խար­հին հետ ի­րա­պաշտ եւ վա­ւե­րա­կան տես­լա­կա­նի մը ստեղ­ծու­մը։

Այս գոր­ծըն­թա­ցը կը պա­հան­ջէ սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու՝ քա­ղա­քա­կան, հո­գե­ւոր, հա­սա­րա­կա­կան, մտա­ւո­րա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ տնտե­սա­կան միա­ւոր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ ­Նոր ազ­գա­յին տես­լա­կա­նի մը գո­յա­ցու­մը, ո­րուն մեկ­նա­կէ­տը պի­տի ըլ­լայ սփիւռ­քէն, պէտք է հիմ­նո­ւի բո­լոր ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան եր­կա­րա­տեւ մտա­ծո­ղու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ։ Ան պէտք է գե­րա­զան­ցէ ներ­կայ ժա­մա­նա­կի բե­ւե­ռում­նե­րուն եւ ստեղ­ծէ ընդգր­կուն քա­ղա­քա­կան մշա­կոյթ, ուր տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րը պի­տի հա­մալ­րեն ի­րար, քան թէ հա­կադրո­ւին ի­րա­րու։

­Միայն այս­պի­սի հա­մա­կար­գո­ւած մօ­տե­ցու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը կրնայ վե­րա­կանգ­նել իր ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը, թօ­թա­փել պատ­րանք­նե­րը եւ ար­հես­տա­կա­նօ­րէն պար­տադ­րո­ւած վա­խե­րը, մեր­ժել այ­սօ­րո­ւան նո­րե­լուկ ա­պազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը, պաշտ­պա­նել իր ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­պա­հո­վել հա­յու­թեան կա­յուն ա­պա­գայ՝ հայ­րե­նի­քի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին։

­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր միայն ֆի­զի­քա­կան վե­րա­դար­ձով։ Ան կը նշա­նա­կէ կառ­չիլ ան­կախ ու ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նին՝ մեր­ժե­լով «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նի» ար­հես­տա­ծին ու ան­վա­ւեր վար­կա­ծը, որ հա­յու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կէ կրճա­տո­ւած սահ­ման­նե­րու մէջ։ ­Հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ հա­մա­հայ­կա­կան յայ­տա­րար, ո՛չ թէ նո­ւա­զող քար­տէ­սի մը գե­րին։