
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 86-ամեակի Հանդիսաւոր Տօնախմբութիւն
Մուսա լերան հերոսամարտի 110-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 86-ամեակին առիթով սեպտեմբերի կիսուն սկսած ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնականը` ժողովրդային տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան համալիրի կից գտնուող տարածք, ուր կայացաւ ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսութիւնը վարեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Մուսա լերան հերոսապատումը մեզի կը պատգամէ ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ դնելու, զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տալու, ինքնակազմակերպուելու եւ ժողովուրդը փրկելու հրամայականները:
Ան յայտնեց, որ Մուսա լերան հերոսամարտը կը նկատուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անմոռանալի դիւցազներգութիւն մը, որ կը վկայէ մեր հոգեւոր ու ազգային ոգիի անսասանութիւնը:
«Շրջափակման եւ մահուան սպառնալիքի տակ, մուսալեռցիներու փրկութիւնը եղաւ հրաշքի համազօր. ֆրանսական նաւերու յայտնութիւնը մեր նախնիներուն համար Աստուծոյ պարգեւ մըն էր: Անոնք իրենց արեան գնով մեզ կտակեցին յստակ պատգամ մը` պահելու մեր հայկականութիւնը, հաւատքը եւ յատկապէս լեզուն», նշեց ան:
Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան նկատել տուաւ, որ այդ պատգամը իրագործուեցաւ հոս` Այնճարի մէջ: Մուսալեռցիները օտար հողի վրայ կերտեցին նոր հայրենիք մը, որ դարձաւ ոչ միայն ապաստարան, այլ յարատեւութեան խորհրդանիշ:
Այնճարը կը մարմնաւորէ կորուսեալ բարձունքներուն կենդանի յիշողութիւնը եւ վերակենդանացած հայրենիքի գաղափարը: Այստեղ կարելի եղաւ պահպանել Մուսա լերան բարբառը, աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները:
Իր խօսքին մէջ տօնախմբութեան հանդիսավարը նաեւ ըսաւ. «Այսօր, երբ հայրենի բեմերէն եւ դժբախտաբար հայու բերնով կը լսուին մեր ականջներուն չափազանց խորթ շշուկներ, որոնք հայու ձեռքով իսկ կ՛ուզեն պոկել ու ոտնակոխ ընել մեր դարաւոր ազգային խորհրդանիշները եւ յատկապէս մեր սուրբ լեռը` Արարատը, զայն հեռացնելով սահմանանշանէն, մենք այդ շշուկներուն կը պատասխանենք ըսելով, որ ոչ ոք, նոյնիսկ մեր ոխերիմ թշնամիները չեն կրնար մեր հոգիներէն պոկել «ՄԵՐ ԼԵՌԸ, Մուսա լեռն ու մեր սրբազան «Արարատը եւ ոչ իսկ մեր Արցախը»:
«Ի վերջոյ կա՞յ մէկը, որ աւելի լաւ հասկնայ «լերան խորհուրդ»-ը, քան մուսալեռցիները», հարց տուաւ ան եւ ապա անդրադարձաւ թէ՛ մուսալեռցիներու եւ թէ՛ համայն հայութեան համար Մուսա լեռ-Այնճարի ներկայացուցած կարեւորութեան` շեշտելով, որ Այնճարը յատկապէս կը ներկայացնէ գոյատեւման խորհրդանիշ եւ ինքնութեան պահպանման վառ օրինակ:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Վիգէն Քէշիշեան, որ նախ եւ առաջ Մուսա լերան պատմութիւնը հետեւեալ քանի մը բառերով ամփոփեց. ներշնչումի եւ պայքարի լեռ, հերոսական եւ միասնական դիմադրութիւն, 18 նահատակներ եւ 4500 մուսալեռցիներու փրկութիւն:
Շարունակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, որ Մուսա լերան ինքնապաշտպանութիւնը մեզի կը փոխանցէ պատմական անժամանցելի դասեր. «Թշնամին չվստահիլ, այլ վստահիլ միայն սեփական ուժերուն, միշտ պատրաստ ըլլալ պայքարելու յանուն ազգի ազատութեան, ուժերը միացնել, համախմբել եւ միասնական ճակատ ստեղծել»:
Ան հաստատեց, որ հիմա` հերոսամարտէն 110 տարի եւ Այնճարի հիմնադրութենէն 86 տարի ետք կոմիտէին աշխատանքներն ու պատասխանատուութիւնը շատ մեծ են, սակայն աւելցուց ըսելով. «Մենք հզօր ենք իրարմով, մեր համերաշխութեամբ եւ մեր կազմակերպուածութեամբ: Ամէն մարդ պատասխանատու է այս հայկական գիւղը աչքի լոյսի պէս պահելու ու պաշտպանելու: Կոմիտէն միշտ ժողովուրդի կողքին եղած է Այնճարի հիմնադրութենէն ի վեր: Այսօր ալ ժողովուրդի կողքին ենք, եւ այդպէս պիտի շարունակուի նաեւ ապագային»:
Իր խօսքի աւարտին ան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով շնորհաւորեց աշխարհի մուսալեռցիները եւ հայ ժողովուրդը, որոնք այսօր ալ դէմ յանդիման կը գտնուին դժուարութիւններու, եւ մաղթեց, որ միասնաբար, քաջաբար եւ վճռական կերպով կանգնինք ազգի բոլոր թշնամիներուն դէմ:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի պարախումբը, որ գեղեցիկ կատարումով մը ներկայացուց ռազմական պար մը:
Ապա Արփա Սնապեան-Անտոնեան ընթերցեց մուսալեռցի բանաստեղծ եւ արձակագիր Եդուարդ Պոյաճեանի «Միտք պահէ» արձակը, որ պատգամ մըն է համայն տարագիր մուսալեռցիներուն միշտ յիշելու իրենց արմատները, վառ պահելով նախնիներու լոյսին ու ազատութեան հաւատամքը եւ Մուսա լերան 40 օրերու հերոսապատումի աւանդը:
Տօնախմբութեան հիւր երգիչն էր լիբանանահայ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան, որ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագին ընկերակցութեամբ ազգային եւ հայրենասիրական երգացանկով մը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:
Օրուան պատգամը ուղղեց Վարուժան արք. Հերկելեան, որ իր խօսքը սկսաւ ակնարկելով փոքր ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան սպառնացող համաշխարհայնացման վտանգներուն. «Այդ փոփոխութիւնները եթէ նպաստաւոր են մեծ եւ ապահով ազգերու պարագային, մեր ցրուած ազգին համար սակայն համակերպումը այդ շարժումին, աւեր կը գործէ մեր կեանքին մէջ: Իրարմէ հեռանալը, իրարմէ անջատուիլը, պատմութիւնը խեղաթիւրելը եւ դատը ուրանալը, որոնք այսօր յստակ կ՛երեւին հայրենի պետական այրերուն մօտ, ձուլման եւ կորստեան կը մատնեն մեզ մեծ ազգերուն մէջ …»:
Սրբազանը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ 110 տարիներ առաջ, ցեղասպանութեան օրերուն մահուան դէմ յանդիման գտնուեցանք, մեր հայրենիքը բռնագրաւումի ենթարկուեցաւ, մուսալեռցիները շնորհիւ իրենց արի կեցուածքին ու հաւատքին փրկուեցան. Մուսա լեռը միացուց զիրենք, եւ 18 նահատակները նուիրագործեցին այդ մէկը եղբայրացնելով եօթը գիւղերու ընտանիքները…
«Այսօր, երբ երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, կրնանք ըլլալ անոնց նման, երբ կը պահենք ժառանգ ստացած հայրենասիրութիւնը, արդարամտութիւնը, հիւրընկալութիւնը, բարեգործութիւնը, սրտակցութիւնը եւ հաւատարմութիւնը. հաւատարիմ իր Աստծոյն, եկեղեցիին, իր հայրենիքին, իր դպրոցին, նահատակներու կտակին, ցեղային արժանիքներուն, մայրենի լեզուին եւ հայրենի բարքերուն…»:
Սրբազան հայրը ակնարկելէ ետք երկար դարերու ընթացքին պետականազուրկ մեր ժողովուրդի գոյապայքարին ու ազգը ոտքի պահելու հաւաքական հզօր կամքին, ցաւ յայտնեց ի տես հայրենիքի ղեկավարներու անհեռատես քաղաքականութեան… ան նաեւ ցաւ յատնեց ի տես սփիւռքի քայքայումին…
Սրբազանը շեշտեց նաեւ խոհեմ ու հեռատես ղեկավարութեան բացակայութեան հանգամանքը, որ գոյութիւն ունի հայկական այսօրուան իրականութեան մէջ. սրբազան հայրը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Նոր չէ այս երեւոյթը… Աստուածաշունչը մեզի կը յուշէ …երանի քեզի երկիր, երբ թագաւորդ ազնուական է» (ժղ 10.17):
Հակառակը ասոր` վայ քեզ քաղաք, երբ թագաւորդ մանուկ է …» (ժղ 10.16):
Ապա ան բազմաթիւ օրինակներ բերելէ ետք Աւետարանէն շեշտեց, որ երկրի ղեկավարութենէն կախեալ է ազգի առողջ կամ հիւանդ ըլլալը եւ արդարամտութիւնը, պարկեշտութիւնն ու անկեղծութիւնը գլխաւոր նախապայմաններն են երկիրներու յառաջդիմութեան…
Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին կրկին անդրադարձաւ 110 տարիներ առաջ մուսալեռցիներու յաղթական հերոսամարտը կերտած ժողովուրդի խոր հաւատքին, միասնական կեցուածքին ու հաւաքական գործելաոճին եւ շեշտեց հայկական այսօրուան իրականութեան մէջ խոհեմ, անշահախնդիր, հայրենասէր ու հեռատես, բայց մանաւանդ հաւաքական ղեկավարութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի` անխափան երթը ապահովելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար…
Գեղարուեստական բաժինով «Ես քո Արցախն եմ» նիւթով պար – կենդանի պատկեր մը ներկայացուեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտութեան կատարումով:
Փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Այնճարի զաւակներուն ու Մուսա լերան զաւակներու շառաւիղներուն, որոնք աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալով հանդերձ, իրենց ուշադրութիւնը կը շարունակեն կեդրոնացնել այս աւանին վրայ համատեղ ճիգով` այստեղէն կարենալ շարունակելու համար այն կեանքը, որ 86 տարիներ առաջ իրենց պապերը հաստատեցին մեծ ճիգով, մեծ տագնապով եւ մեծ հաւատքով:
Ան մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ բոլորին կեանքն ու վաստակը որպէսզի Այնճար հայաւանին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի յիշատակը պահպանելու կողքին պահպանուի նաեւ կրթական, մշակութային եւ համայնական այն կեանքը, որ արդիւնքն է այստեղ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակներու համատեղ ճիգին ու հաւատքին:
Այս առիթով սրբազան հայրը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք մասնակից են օրուան տօնակատարութեան եւ նաեւ Այնճարի կողքին են, որպէսզի այստեղ մեր ժողովուրդի շունչը շարունակուի հարազատօրէն արտայայտելով իր պապերու ոգին:
Սրբազան հօր պահպանիչէն ետք ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Մուսա լերան տհոլ զուրնայի շուրջպարով:
«Ազդակ»