«Երուսաղէմի Մէջ Միջ-Քրիստոնէական Գործակցութիւնը Հարկ Է Որ Աւելի Ամրապնդուի»․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աշխարհ, Սփիւռք

Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանա մէջ հանդիպելով Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ Պատրիարք Թէոֆիլոս Գ.ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Այս ծիրէն ներս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն՝ յատկապէս «Կովերու Պարտէզ»ի տարածքին առնչուած: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ նման պարագաներու սպասելի է, որ եկեղեցիները իրարու օգնեն, ինչպէս Պօղոս առաքեալ իր թուղթերուն մէջ կը յիշեցնէ քրիստոնեաներուն:

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը ճանչնայ Թէոֆիլոս Պատրիարքը. երբ Վեհափառ Հայրապետը ատենապետն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեան, նոյն մարմինի անդամ էր Պատրիարքը որպէս եպիսկոպոս: Անոնք միաժամանակ սերտօրէն գործակցած են իբրեւ նախագահներ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին: Հետեւաբար, երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ ըլլալով, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցան ընդհանրապէս Երուսաղէմի կապուած հարցերու գծով։

Հանդիպման աւարտին, երկու հոգեւոր պետերը կարճ զրոյց ունեցան նաեւ Քաթարի միջ կրօնական երկխօսութեան նախագահ Իպրահիմ Պըն Սալէհ Ալ-Նուէյմիի հետ։

Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միւս հանդիպումներուն, նաեւ ներկայ հանդիպումին ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան: