
Պահանջուած Մէկ Քառորդը Եւ Համազգային «Ոչ»-ը․ «Ազդակ»
Խմբագրական
Իշխող կուսակցութեան համագումարի ընդունած հռչակագիրը կարելի է ընկալել իբրեւ Անկախութեան հռչակագիրի առաջադրուած այլընտրանք, իբրեւ «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան բանաձեւ, իբրեւ ենթադրեալ 4-րդ հանրապետութեան հանրահռչակում:
Առանցքային բաժինը, որ հիմնականօրէն անմիջական առաջադրանքն է, բանաձեւուած է «հռչակագիր»-ին առաջին կէտին մէջ.
«2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման իր լիազօրութիւններն ու կարգավիճակը եւս 5 տարիով երկարաձգելու առաջադրանքով, կը դիմէ ժողովուրդին ակնկալելով ձեւաւորել սահմանադրական մեծամասնութիւն»:
Մնացեալ 8 կէտերը պարզապէս այս առաջադրանքի իրականացման ձգտող բառակոյտեր են, տարբեր ըսելաձեւեր, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարէն մինչեւ մրցակցային տնտեսութիւն, կրթութեան արդիականացում ու ակադեմական քաղաքի կառուցում կամ իբրեւ թէ դատական անկախ համակարգի գոյառման, կաշառակերութեան վերացման կամ խաղաղութեան հաստատման հայեցակարգային կէտեր` պարզապէս երկրորդական նշանակութիւն ունին:
Այդ բոլորը ոչ թէ նպատակ են ըստ էութեան, այլ միջոց` առաջին կէտը ստանալու ժողովուրդէն: Նպատակը իշխանութեան վերարտադրումն է:
Այստեղ սակայն կայ յստակ համատեղում` իշխանութեան վերարտադրումին եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան: Մանտադի 5 տարիով երկարաձգում եւ սահմանադրական մեծամասնութիւն: Առաջին հայեացքով կարելի է ենթադրել, որ առաջադրուածը սահմանադրութեան ձեւակերպած կայուն մեծամասնութեան մասին է: Առանց պարտադիր համախոհական կառավարութեան կազմութեան միակուսակցական կառավարում: Աւելի քաղաքական խորացեալ ընթերցումը կը յուշէ սահմանադրութեան փոփոխութեան, աւելի ճիշդը նոր սահմանադրութեան որդեգրումի մասին:
Նոր սահմանադրութեան հանրաքուէի համար գործող սահմանադրութիւնը ունի յստակ պայման:
Յօդուած 207. «Հանրաքուէի դրուած աքթը կ՛ընդունուի, եթէ անոր կողմ քուէարկած է հանրաքուէի մասնակիցներուն կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդը»:
Ուրեմն, պահանջուածը այս թիւն է վերարտադրութենէն ետք նոր սահմանադրութիւն որդեգրել տալու:
Նոր սահմանադրութիւնը նախապայման է նաեւ Պաքուի կողմէ ամէն առիթի արծարծուող:
Ենթադրեալ 4-րդ հանրապետութիւնը ուրեմն, պիտի հիմնուի նոր սահմանադրութեան վրայ, նոր հռչակագիրով, ուր իբրեւ հիմնադրոյթ ձեւակերպուած պիտի ըլլան «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան առանցքները:
Այս բոլորի իրականացման կամ տապալման բանալին հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդի ապահովումն է: Եթէ չգոյացաւ այս մէկ քառորդը, ջուրը կ՛իյնան այս բոլոր իբրեւ թէ գաղափարախօսական կէտերը, խաղաղութեան կեղծ օրակարգը եւ նոյնիսկ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առաջ քշած նախապայմանները:
Հետեւաբար, «ոչ»-ի շարժումի յաջողութենէն կախեալ է այս ընթացքի կասեցումը: Այդ պարագային է միայն, որ վերարտադրումը անիմաստ կը դառնայ: «Ոչ»-ի յաջողութիւնը ըստ էութեան կը վերածուի ենթադրաբար վերընտրուած իշխանութիւններու անվստահութեան քուէի` առաջնորդելով նոր, ազգային ուժերէ բաղկացած կառավարութեան կազմութեան:
Այսպէս ինքնակոչուած 4-րդ հանրապետութիւնը կամ 8 օգոստոսի հիման վրայ խաղաղութիւն հաստատող հռչակագիրը կրնայ թուղթի վրայ մնալ, եթէ պահանջուած մէկ քառորդը չգոյանայ, հանրաքուէն տապալի եւ ամրագրուած մնայ Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն իրաւական կապը:
«Ոչ»-ը ուրեմն պէտք է վերածել համահայկական առաջադրանքի: Այս օրակարգը ինչպէս կարճաժամկէտ, այնպէս նաեւ երկարաժամկէտ ռազմավարական ուղեգիծեր կրնայ ներառել` ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակումէն մինչեւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման առաջադրանքներ:
Համահայկական օրակարգի կէտերը մշակել հայրենի թէ սփիւռքեան ուժերու համախմբումով: Մշակելի օրակարգի կէտերը կրնան հիմնադրոյթներ իբրեւ ձեւակերպուիլ 4-րդ հանրապետութեան մէջ, որ պիտի վերազգայնացնէ Անկախութեան հռչակագիրի բանաձեւած արժեհամակարգէն շա՜տ հեռացած իշխանութիւնները:
Այս բոլորին համար սակայն անհրաժեշտ է, որ կայանայ «ոչ»-ը եւ չգոյանայ պահանջուած մէկ քառորդը:
Դէպի պետութեան վերազգայնացման ամէնէն յստակ եւ ամէնէն անմիջական ճանապարհը: