
ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղը Յիշատակեց Խաչվերացի Տօնը Եւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի,16 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծաշուք տօնակատարութիւն նուիրուած՝ Խաչվերաց տօնին եւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակին։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՍՕԽ-ի Գամիշլիի երէց ընկերուհիներ, Հասիչէի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ հոծ բազմութիւն մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ խաչի զօրութեան ըսելով. «Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս երկնային Արքան իրեն հետեւող զինուորները կը զինէ, ո՛չ վահան կ՚ուտայ, ո՛չ սաղաւարտ, ո՛չ աղեղ, ո՛չ զրահազգեստ, կ՚ուտայ միայն խաչի ուժը»։ Այնուհետեւ շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի 115-ամեակը, շեշտելով անոր բարեսիրական վսեմ եւ նուիրեալ առաքելութիւնը, աւելցնելով որ միութիւնը այսօր 27 տարբեր երկիրներու մէջ գործող իր միաւորներով եւ հազարաւոր անդամներով կը շարունակէ երթը, միշտ պատրաստ օգնութեան հասնելու հոն, ուր կարիք ստեղծուած եւ պահանջք ներկայացուած է։

Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմականը, յիշելով որ սկզբնական շրջանին ան ճանչցուած էր որպէս Հայ Կարմիր Խաչ անունով, եւ խաչը քրիստոնէութեան համար խորհրդանիշ է փրկութեան, յոյսի եւ եկեղեցւոյ հիմքն է։
Ապա շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակը եւ մաղթեց նորանոր վերելքներու նուաճում։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի աշխատանքն ու գործունէութիւնը շրջանէն ներս, որպէս օրինակ նուիրուածութեան եւ անկոտրում կամքի, մաղթելով իրենց եւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին յաւելեալ բարգաւաճում, ապա շնորհաւորեց Խաչիկ, Խաչատուր եւ Նշան անունները կրող անձինք, որոնք յուշանուէրներ ստացան, նուիրուած՝ վաստակաշատ ընկերուհի Անի Սարգիսեանի կողմէ։
Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի «Վանայ» պարախումբը երկու ելոյթով ճոխացուց յայտագիրը եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Կարինէ Տօնապետեանի։ Որմէ ետք տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի կարկանդակի հատումը։
Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ պարանցիկ երեկոյթով DJ Keghart-ի խանդավառ երգերով։
Յատկանշական օր էր, ուր իւրաքանչիւր խաչուհի իր մասնակցութիւնը բերաւ կամաւորաբար։ Սրահի գեղեցիկ յարդարումը կատարած էր Թամար Շարոյեան- Սարգիսեան (Patil’s decoration), իսկ կարկանդակը պատրաստած էր Բեկի Պալեան-Մանուկեան (Pegy’s delights)։
«Գանձասար»