
Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 34-ամեակին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Հալէպի Մէջ
«Գանձասար»
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 34-ամեակին առիթով, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգ կատարեց եւ եռագոյն դրօշը օրհնեց, որմէ ետք հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց, մաղթելով, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը Ամենակալին պահպանութեամբ առաւել պայծառանայ եւ բարգաւաճի։