Երբ Սեպտեմբերը Անկախութիւնը Տօնելու Ամիս Մըն Էր․ «Ասպարէզ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մինչեւ 2020 եւ Արցախի պատերազմին սկիզբը, հայութիւնը Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ուրախութեամբ կը տօնէր Արցախի եւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձները, որոնք դարձած էին համայն հայութեան հիմնական իրագործումները։

Սակայն, Սեպտեմբեր 2020ին, 44 օրերու ընթացքին, Թուրքիա-Ատրպէյճան լծակից զոյգը Արցախի դէմ լայնածաւալ պատերազմ մը շղթայազերծեց, մինչ Ռուսիա եւ Արեւմուտքը ձեռնածալ՝ հետեւեցան իրադարձութիւններուն։ Մնացեալը արդէն իսկ պատմութեան անցած է։

Իսկ 19 Սեպտեմբեր 2023ին, սկսաւ Արցախի բռնի հայաթափումը, էջ մը եւս աւելցնելով այդ ամսուան իրադարձութիւններուն վրայ։

Այժմ՝ 2025ին, Սեպտեմբերը տխուր ամիս մը դարձած է հայութեան համար։

Սակայն, եթէ հարցնելու ըլլանք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր կառավարութեան, անոնք պիտի պնդեմ, թէ տօնելու շարք մը պատճառներ ունին, որովհետեւ, ըստ իրենց, հայութիւնը կը գտնուի իրեն համար «ամէնէն ապահով» վիճակին մէջ եւ կրցած է միջազգային «օրինականութիւն» ապահովել։

Միայն այս շաբթուան ընթացքին, Փաշինեան յայտարարեց, թէ սահմանահատման կնիքէն պիտի վերցուի հայութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Արարատ լերան նկարը, որպէսզի չնեղացնէ Հայաստանի դրացիները, գլխաւորաբար՝ Թուրքիան։ Ան նաեւ պնդեց, թէ բանակը պէտք չէ երկրին պաշտպանութեան առաջին գիծը ըլլայ, այլ գրեթէ վերջինը։

Այս բոլորը մաս կը կազմեն «իրական Հայաստան» կերտելու Փաշինեանի ծրագիրին, որ նաեւ հարցականի տակ կը դնէ Հայեց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, վերջակէտ մըն է Արցախի հարցը հետապնդելու ջանքերուն վրայ եւ կառավարութիւնը հեռու կը պահէ հայութեան մարտահրաւէրներէն, ինչպէս նաեւ իրագործումներէն, ստեղծելով միայն երկրին սահմաններէն ներս ապրող բնակչութեան համար Հայաստան մը։ Հայաստան մը, որ ըստ իրեն, իր սահմաններէն ներս չունի Արցախը եւ պարպուած է իր հարուտ պատմութենէն, որ սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ հայութեան սերունդներուն համար կենսունակութեան աղբիւր էր։

Փաշինեան նաեւ կը պնդէ, թէ շարք մը երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը օգուտ չէ բերած Հայաստանին, կարծես թէ այդ նպատակով տարուած երկար տարիներու պայքարը շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու համար էր եւ ոչ թէ երաշխաւորելու համար, որ այդպիսի ոճիրներ չկրկնուին։

Նոյն տրամաբանութեամբ՝ ան կը պնդէ, թէ Հայաստանի անկախութեան հիմնասիւնը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրը իրարու չհամապատասխանող կէտեր կը պարունակէ եւ իր մէջ ունի ժամանակավրէպ համոզումներ, անոնց շարքին դասելով Արցախի շարժումը։

Ո՞վ Արարատ պէտք ունի, երբ Արագածը ունինք, կ՛ըսէ ան։ 

Պարզ խօսքով՝ հետապնդուածը պատմութեան մոռացումն է, անոր կեղծ վերամշակումը։

Այս բոլորը՝ զուգորդուած Եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսին վրայ յարձակումներուն եւ ընդդիմութեան դէմ հալածանքներուն, ծանր հարուած մը հասցուցած են այն Հայաստանին, որուն կ՛ուզենք հասնիլ։

Կայ նաեւ անցեալ ամիս Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ընթացքին նախաստորագրուեցաւ խաղաղութեան հասնելու համաձայնագիրը, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ։ Համաձայնութիւնը նաեւ ամերիկեան վերահսկողութեան տակ Սիւնիքէն անցնող ճամբու մը ծրագիրը կը մշակէ։

Պատմական որակուած հանդիպումը նաեւ ռւրիշին կամքին տեղի տալու վարպետ ներկայացում մըն էր, որ մեծ իրագործում մը հանդիսացաւ Ալիեւի համար, որմէ կրնան օգտուիլ նաեւ ամերիկեան ընկերութիւններ, ներառեալ՝ «ԷքսանՄոպիլ»ը։ Փաշինեան յաղթանակի դրօշակ ճոճելով՝ վերադարձաւ Երեւան, սակայն, իրականութեան մէջ, Հայաստանին բաժին ինկած է անորոշ համաձայնութիւն մը։

Արցախը արդէն իսկ ջնջուած է Հայաստանի կառավարութեան բառամթերքէն եւ քաղաքականութենէն եւ Երեւան Արցախի տեղահանուած հայերը սկսած է Հայաստանի վրայ բեռ մը համարել, ինչ որ ոտնակհարում մըն է «Թաւշեալ յեղափոխութեան» յառաջ մղած արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան սկզբունքներուն։

Սփիւռքը դրուած է լուսանցքին մէջ՝ «իրական Հայաստան»ը կերտելու մրցավազքին պատճառով եւ կարելի է ըսել, թէ այս մարզին մէջ Փաշինեան նախկին ղեկավարներէն աւելի մեծ «յաջողութիւն» ապահոված է։ Անոր կառավարութիւնը նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներ չի կազմակերպեր, գոնէ երեսանց գոհ պահելու համար Սփիւռքը։

Փաստօրէն, անցեալին Հայաստանի պետութիւնը ամրապնդելու նպատակով, յաճախ յառաջ մղուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը պատմութեան անցած է արդէն։ Իրականութիւն է, որ Հայաստանի բոլոր կառավարութիւններուն եւ յատկապէս ներկայ կառավարութեան կողմէ, եռամիասնութեան համար իսկական հիմքեր չեն կառուցուած։

Արցախեան շարժումին կողքին, 1991ի Հայաստանի անկախութիւնը ԱԶԳԱՅԻՆ իրադարձութիւն մըն էր, որ համայն հայութեան կողմէ ողջունուեցաւ եւ տօնուեցաւ։ Անիկա նախաքայլն էր ազատ եւ անկախ հայրենիք մը կերտելու հայութեան երկար տարիներու նպատակին, որ Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի տարածքին համայնքներ հաստատած հայութեան փարոսը եղած էր։ Անկախութիւնը հրաւէր մըն էր համայն հայութեան՝ միացեալ ջանքերով կերտելու ամուր պետութիւն մը։

Այո, իբրեւ ազգ՝ 2020ին ծանր պարտութիւն մը կրեցինք, սակայն արդէն հինգ տարիներէ ի վեր կը սգանք եւ կը ջանաքն հաշտուիլ այդ իրականութեան հետ։ Արդէն ժամանակը հասած է, որ իւրաքանչիւրս՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, հաստատօրէն ոտքի կանգնինք եւ յիշենք, թէ մենք ազգ մըն ենք, որ կը զօրանանք, երբ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուինք։ Մենք տակաւին կարելիութիւնը ունինք շատ մը ճակատումներ յաղթահարելու։                        

Ուրեմն, միասնաբար նետուինք ազգակերտումի պայքարին մէջ եւ վերջ տանք ներքին տարակարծութիւններուն, որոնք մասնատած են հայութիւնը։ Եթէ կրաւորական մնանք, մեր լռութիւնը եւ անգործութիւնը կրնան հաւանութեան նշաններ նկատուիլ մեր ազգը մաշեցնող քայլերուն։

Այսօր, երբ կը պատուենք եւ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք զոհուեցան անկախութեան ճամբուն վրայ՝ եկէք երաշխաւորենք, որ անոնց զոհողութիւնները ի զուր չէին։