Մալխաս Ամոյեան՝ Աշխարհի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան (77 քկ քաշային) Խորուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրեպի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչին 10։1 հաշուով վաղաժամ պարտութեան մատնեց ողիմպիական ախոյեան ճափոնացի Նաո Գուսագային եւ դարձաւ ոսկէ մետալակիր։

Եւրոպայի քառակի ախոյեան, աշխարհի արդէն կրկնակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Մալխաս Ամոյեան կիսաեզրափակիչ գօտեմարտին 5։1 հաշուով առաւելութեան հասած էր իրանցի Ալիռեզա Մորատ Ապտեուալիի նկատմամբ եւ հասած եզրափակիչ:

Այսպիսով Մալխաս Ամոյեան իր ասպարէզին մէջ երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան։ 2021 թուականին Օսլոյի մէջ եւս ոսկին մեր ըմբիշինն էր։

Նշենք, որ ազատ ոճի մէջ պրոնզէ մետալակիր դարձած է Արսէն Յարութիւնեան։