
Իրանի 56-րդ Համահայկական Խաղերը Մեկնարկեցին
Չորեքշաբթի՝ Սեպտեմբեր 10-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Իրանի 56-րդ Համահայկական խաղերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը։
Իրանի 56-րդ Համահայկական խաղերուն ջահակիրն էր Հ.Մ.Ա.Կ.-ի վեթերան պասքեթպոլիստ եւ Իրանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի նախկին անդամ Նորիկ Մկրտչեանը։
56-րդ մարզական խաղերուն կը մասնակցին 350 մարզիկ-մարզուհիներ, որոնք 8 օրերու ընթացքին պիտի մրցակցին 6 մարզաձեւերու մէջ:
Խաղերուն կը մասնակցին 6 քաղաքներ, ներառեալ Երեւանը ներկայացնող «Շէնգաւիթ» եւ «Միրակ» պասքեթպոլի խումբերը:
Թեհրանէն խաղերուն կը մասնակցին Հ. Մ. Մ. «Նայիրի», Հ. Մ. «Սարդարապատ», Հայկական Բարեգործական ընդհանուր, Հայ Համալսարանականներու ընդհանուր, Թեհրանի «Փերիոյ» կրթասիրաց միութիւննորը, «Րաֆֆի» մարզամշակութային համալիրը եւ Հ.Մ. «Արարատ» կազմակերպութիւնը: Իրանի միւս քաղաքներէն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են Նոր Ջուղան, Թաւրիզը, Ուրմիան, Շիրազը եւ Արաքը:
















350 մարզիկներ պիտի մրցակցին ֆութպոլ, (7 հոգանոց), պասքեթպոլ, թեթեւ աթլեթ, թենիս, սեղանի թենիս եւ ճատրակ մարզաձեւերու մէջ:
Խաղերը պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 18-ը։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մարզիկի երդման խօսքը ընթերցեց պասքեթպոլիստ Լէօ Տէր Մկրտչեանը:
Մրցավարի խօսքի ընթերցումը վստահուած էր ճատրակի մրցավար Արմիդա Գրիգորեանին:
Բացման արարողութեան մեկնարկը տրուեցաւ Տէրունական աղօթքով Արփի Սիմրոջեան-Նազարեանի ղեկավարութեամբ՝ «Արարատ» եւ «Տաւիղ» երգչախումբերու համատեղ կատարումով:
Ծրագիրի գեղարուեստական բաժինով երգային կատարումներով հանդէս եկան՝ Նոր Ջուղայէն Թեհրան ժամանած Թանիա Մինասեանը եւ Արթին Քէշիշեանը:
Ընթացքին պարային կատարումներով ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Արարատ» պարախումբը:
Պաշտօնական արարողութեան հրաւիրեալներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէին Իրանի տարբեր մարզաճիւղերու ֆետերասիոններու պատասխանատուներ:
Լուսանկարները՝ ՀԱՏԻՍի